
ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Վերջին իրադարձութիւնները մեզմէ շատերը անհանգստացուցած են Հայաստանի ապահովութեան, ինքնիշխանութեան, ժողովրդագրութեան, տնտեսութեան եւ կառավարման ապագայով։ Աշխարհէն մեկուսացած Հայաստան ամէն վայրկեան կը գտնուի սպառնալիքի տակ. Ներկայիս, շատերս արդէն կը գիտակցինք, որ կը գտնուինք հայոց պատմութեան վտանգաւոր խաչմերուկի մը վրայ:
Ձեւաւորուող փոքր ազգերը զարգացման եւ ազգային ապահովութեան համար ընդհանրապէս ռազմավարական որոշ ծրագրումի կարիքը ունին: Դժբախտաբար, Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը 1991էն ի վեր չունէր այդպիսի տեսլական, ինչ որ առաջնորդեց միայն հակազդեցիկ կառավարման (իր շուրջը կատարուող զարգացումներուն), որ չօգտագործեց մեր ժողովուրդի պատմական կարելիութիւնները եւ հնարքները, թէ՛ երկրին եւ թէ Սփիւռքի մէջ:
Ներկայիս (այս ընթացքով) Հայաստանի գոյութիւնը իբրեւ «հայութեան հայրենիք» լուրջ հարցականի տակ է:
Իսկ ազգին դիմագրաւած այս ճակատագրական կացութեան ընդառաջ հայ քաղաքական միտքը ընդհանրապէս անպատրաստ կը թուի ըլլալ, ազգը կը շարունակէ մնալ խոր թմբիրի մը մէջ, իսկ երկրին իշխանութիւնները՝ արկածախնդրութեան սեմին:
Մեր շուրջը ամէն ինչ փոխուած է:
Համաշխարհային քաղաքական դաշտին մէջ, ինչպէս նաեւ շրջանային մակարդակով, երկար տարիներէ ի վեր, արդէն ամէն ինչ փոխուած է: Մեր հին աշխարհաքաղաքական «ուղղահայեաց բեւեռի» (Ռուսիա եւ Իրան) պարզամիտ ենթադրութիւնը այլեւս հիմք չունի: «Դէպի Արեւմուտք» առանձնական առանցքի փորձերը եւ ցանկութիւնները նոյնպէս անհիմն են:
Ռուսիա այսօր մեր «ռազմավարական դաշնակիցը» չէ: Մենք այլեւս չենք կրնար պարզամտութեամբ ենթադրել Կովկասի մէջ Ռուսիոյ կողմէ հայկական պետական շահի անվերապահ պաշտպանութիւն: Ինչպէս Արեւմուտքը, նոյնպէս Ռուսիա ո՛չ Հայաստանի բարեկամն է, ոչ ալ թշնամին: Անիկա ունի իր պետական շահերը եւ նախընտրութիւնները:
Միւս կողմէ, Թուրքիա-Ատրպէյճան աճող զինակցութիւնը դուրս կու գայ իբրեւ շրջանային տէրութիւն՝ ունենալով լծակներ թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ Արեւմուտքի վրայ: Աւելի՛ն, թուրանական զարգացող ազգայնականութիւնը «Միջին միջանցքի» միջոցով կրնայ թէականօրէն ամրապնդել թուրանական ազգերուն միջեւ կապերը եւ ուժեղացնել Թուրքիոյ շրջանային ազդեցութիւնը, Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Կովկաս եւ Միջերկրական, թէ՛ Կովկասի եւ թէ Իրաքի ճամբով: Վկա՛յ Թուրքիոյ կողմէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան վրայ կատարուած վերջին յարձակումները:
Մինչ այդ, Իրան իր կարգին հանդէս կու գայ իբրեւ Կովկասի աշխարհաքաղաքական սահմաններուն եւ Հայաստանի հարաւային սահմանին երաշխաւորը, երբեմն նոյնիսկ սահմանային լուրջ ռազմափորձեր կատարելով:
Սակայն, թէ՛ Ուքրանիոյ եւ թէ Կազայի պատերազմները, ինչպէս նաեւ Իրանի ներքին մարտահրաւէրները այսօր զինք կը կաշկանդեն Կովկասի մէջ թուրանական շրջանային գերիշխանութեան նկատմամբ առարկութիւններ ունենալու գծով:
Դրացի Վրաստան, կարծես իր եւրոպական երազին մէջ կորսուած՝ օր մը Արեւմուտքի, օր մըն ալ Ռուսիոյ առանցքներուն միջեւ, կը տառապի կայսերական տէրութեան մը մերձաւոր արտասահմանը փոքր ազգի մը բնական ինքնիշխանութեան դժուարութիւններէն, մինչդեռ անոր նաւահանգիստները կը շարունակեն կենսական դեր ունենալ՝ իբրեւ Հայաստանի ծովային առեւտուրի միակ ուղիները:
Փետրուար 2022ին՝ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ ռազմական գործողութեան սկիզբէն ետք, Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը (եւ մասնաւորապէս Ֆրանսա) ՆԱԹՕի հետ Կովկասի մէջ Մոսկուայի հետ «մրցակցային համագործակցութենէն» անցան վերջինիս նկատմամբ «զսպման» քաղաքականութեան մը։ Այս քաղաքականութեան բերումով, հաւաքական Արեւմուտքը Կովկասի մէջ աշխուժացած է։ Բայց կարծես Արեւմուտքը աւելի շատ շահագրգռուած է շրջանին մէջ Ռուսիոյ ռազմական եւ քաղաքական ազդեցութեան նուազեցումով, քան Հայաստանի ազգային ապահովութեան յուսալի երաշխիքներ տրամադրելով կամ Ատրպէյճանի առաւելապաշտական փառամոլութիւնները արգելակելով: Արեւմուտքը կը փորձէ (2018ին ժողովուրդին զայրոյթը շահագործած) ձախողած իշխանութեան մը միջոցով զարգացնել այն միտքը, որ այժմ հասած է շրջանի աշխարհաքաղաքական համածինութեան եւ ազատական խաղաղութեան ժամանակը: Սակայն, Կովկասի խճանկարը բազմերանգ է՝ Իրաքի, Սուրիոյ, Լիպիոյ, Աֆղանիստանի (եւ մինչեւ օրս Ուքրանիոյ) մէջ ձախողած Արեւմուտքին համար:
Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիա, Ռուսիա, Ատրպէյճան եւ Իրան՝ բոլորն ալ համամիտ են, որ Արեւմուտքը քիչ ազդեցութիւն ունենայ կովկասեան շրջանին մէջ (իւրաքանչիւրը իր պատճառները ունենալով):
Անդրկովկասի մէջ տեղի կ՛ունենայ շրջանային ապահովութեան վերականգնում: Յարաբերութիւններու այն ձեւաչափերը եւ ձեւերը, որոնք երէկ անփոփոխ կը թուէին ըլլալ հայ քաղաքական միտքին համար, այժմ կը փոխակերպուին եւ կը վերագնահատուին: Շրջանին մէջ, աւանդաբար գործուն դերակատարներու կողքին կը յայտնուին նաեւ նոր դերակատարներ՝ իրենց տենչերով եւ ապագայ կովկասեան գաղափարներով (ուժանիւթի նոր խողովակաշարեր եւ առեւտրական ուղիներ), որոնք կու գան (զիջող կամ բաղձալի) անկարող հայ քաղաքական միտքը ցնցելու:
ԽՆԴՐԱԿԱՆ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐՆԱԽԱՒԸ
Ազգ-պետութիւններու քաղաքական վերնախաւերը ընդհանրապէս զգալի ազդեցութիւն ունին ազգի մը քաղաքական ընթացքին վրայ՝ քաղաքականութեան ձեւաւորումով, միջոցներու վերահսկումով եւ հիմնական հասարակական շահեր ներկայացնելով:
Տարիներով, Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը իր ազգային քաղաքականութիւնը փորձեց ապահովել էականօրէն գերուժ պետութենէ մը կախեալութեան եւ անոր խնամակալութեան միջոցով՝ երկիրը անխուսափելի խոցելիութեան հասցնելով։ Իսկ 2018էն ետք, «յեղափոխութեան պատրուակով» յայտնուած նոր վերնախաւը իր անփութութեամբ եւ անհիմն նոր-ազատականութեան հեքիաթներով երկիրը իր կարգին մտցուց առաւել վտանգաւոր ճգնաժամի մը մէջ: Աւելի՛ն՝ վերջին տարիները ցոյց տուին, թէ նոր վերնախաւը ամբոխահաճութեան (փոփիւլիզմի) ճարպիկ գործածութեամբ, երկրին այսօրուան բարդ վիճակին մէջ փորձեց շարժիլ քաոսային եւ անկայուն քաղաքականութեամբ:
Իսկ այսօր, իր քաղաքական ձախողութենէն եւ արցախահայութեան բռնագաղթէն ետք, ամէն գինով խաղաղութեան քայքայիչ կեղծ ուսմունքի խօսոյթն է, որ կը փորձէ տարածել: Այն «առասպելաբանական արժեհամակարգը, որ գերիշխանութիւնը եւ խաղաղութիւնը կը տեսնէ առանց ազգային ինքնութեան, դիմադրութեան եւ պայքարի» (Կ. Փաշոյեան)։ Ներքաղաքական բեմին վրայ, ժամանակակից Հայաստանի քաղաքական վերնախաւի խօսոյթը այսօր կը բնութագրուի պարզունակ «արեւմտամէտ եւ ռուսամէտ» կամ «նախկիններ եւ նորեր» տեսակէտներուն միջեւ խիստ տարանջատումով, ուր շեշտը կը դրուի կեղծ օրակարգերու վրայ (օրինակ՝ ազգային անվտանգութիւն եւ-կամ ինքնիշխանութիւն, ազգային եւ ապազգային գաղափարախօսութիւններ եւ այլն ): Այս միջավայրին մէջ, հասարակական կարծիքը կարծես կը ձեւաւորուի միջոցովը մրցակցող խօսոյթներու, որոնք յաճախ կ՝ուժեղանան «տարբեր արտաքին հզօր դերակատարներու» կողմէ: Բազմաթիւ «չղեկավարներ» մեր հարցերուն լուրջ հասցէատէրը ընդհանրապէս «ժեխ հասարակութեան» մօտ կը փնտռեն: Շան գլուխը սակայն հոն չէ թաղուած, այլ անիկա Գ. հանրապետութեան երկարաշունչ հիմնական շահերուն հետ առնչութիւն չունեցող խնդրական հայ քաղաքական վերնախաւին մօտ պէտք է փնտռել. այն խնդրական վերնախաւը, որ մինչեւ մեր այսօրուան ճգնաժամային օրերը կը շարունակէ անձնական եւ հաւաքական պետական շահերը իրարու հետ շփոթել:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԳՆԱԺԱՄԸ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ
Հայաստան կանգնած է ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու առջեւ: Ներքին առումով մտահոգիչ են անմիաբանութեան, առաջնորդութեան բացակայութեան, ազդու դիւանագիտութեան, ռազմական ռազմավարութեան եւ ընդհանրապէս քաղաքական իրապաշտ վճռականութեան վերաբերեալ բացթողումները:
Արտաքին, շրջանային աշխարհաքաղաքականութեան սպառնալիքները (ինչպէս վերը յիշեցի) լրացուցիչ դժուարութիւններ կը ստեղծեն: Արտաքին այս մարտահրաւէրներուն այսօր կ՛աւելնան ներքին մարտահրաւէրները՝ առաւել եւս դժուարացնելով անոնց յաղթահարումը։
Այսօրուան հայկական ճգնաժամը խորքային է։ Անոր արմատները կը գտնուին ոչ միայն իրերայաջորդ 4 իշխանութիւններուն նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի հիասթափութեան մէջ, այլ նաեւ ընդհանրապէս հայ քաղաքական միտքի (եւ վերնախաւի) պարզամիտ ենթադրութիւններուն եւ անոնցմէ բխած խախուտ հիմքերուն վրայ Գ. հանրապետութեան իրենց ինքնամփոփ մօտեցման մէջ։ Միայն 44օրեայ պատերազմին պարտութեան եւ ներկայ իշխանութիւններու կործանիչ քաղաքականութեան պատճառով չէ, որ ազգը եւ երկիրը հոս հասան։ Այդ պարտութիւնը ցոյց տուաւ, թէ որքա՛ն անատակ էին մեր պետութեան հաստատութիւնները եւ ընդհանրապէս մեր ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Այսինքն՝ որքա՛ն թերի էին յաջորդական կառավարութիւններուն աշխատանքը եւ մեր պետական մտածելակերպը: Որքա՛ն թերի էր նաեւ ընդհանրապէս «հաշտարար» հայ քաղաքական միտքը, որ քաջ գիտնալով մեր կարողականութեան ինչ ըլլալը՝ տարինե՛ր գինով մնաց եւ թերագնահատեց «երկգլխանի թուրանական վիշապը»: Աւելի՛ն, հայ պետական միտքի անպատասխանատուութեան նշոյլները ոչ թէ 44օրեայ պատերազմէն ետք «յետ-պատերազմեան հետաքննող յանձնախումբի մը մէջ չտեսանք», այլ՝ կարծես Կարսի մեր յայտնի պարտութեան պէս, ազգային յարմար ուրացման արժանացան: Ինչպէս անցեալին Կարսի պարտութիւնը ունեցաւ իր խոր հետեւանքները, այսօր ալ Արցախի ճակատին պարտութիւնը պիտի ունենայ իր երկարատեւ հետեւանքները:
Հայաստանի մարտահրաւէրը երկրին սպառնացող արտաքին վտանգին կացութիւնը յաղթահարելն է, ո՛չ պատերազմ եւ ոչ խաղաղութիւն միջավայրին մէջ շարունակել զարգանալն է եւ գերպետութիւններու միջեւ տագնապներու ծիրին մէջ խոհեմօրէն ու անտեղիտալիօրէն «հայկական պետական շահը» փնտռելն է:
Բայց ինչպէ՞ս պայքարիլ եւ գոյացական մարտահրաւէրը դիմագրաւել, երբ ժողովուրդը հիասթափած է այսօրուան նեխած քաղաքական մշակոյթէն: Զինք շարունակաբար խաբած հայ «աւագանի»էն: Եթէ ժողովուրդը չտեսնէ փայլուն, իրապաշտ եւ վստահելի այլընտրանք մը, յետ-պատերազմեան ճգնաժամը շատ հաւանաբար շարունակուի: Եւ այս իշխանութիւնը (եւ իր ընդդիմութիւնը) քաղաքական դաշտը գրաւելով՝ կ՛երկարէ հայութեան յետ-պատերազմեան ճգնաժամը:
Իսկ քաղաքական այլընտրանքը «Մաշտոցի երազ»ին պէս չի յայտնուիր, այլ պէտք է համակարգուի լուրջ եւ լայն քաղաքական միաւորի մը միջոցով: Անիկա պէտք է լրջօրէն պատրաստուի յաջորդ ընտրութիւններէն առաջ։ Եւ այս մե՛ծ աշխատանքի կը կարօտի։ Հիմնական աշխատանքը «չղեկավարներու միջեւ քոալիսիոն (առժամեայ միութեան) պաշտօններ բաշխելը» չէ, այլ ամբոխահաճութենէն եւ խնամակալութենէն անդին, Հայաստանի ազգային իրապաշտ այլընտրանքային քաղաքականութեան մշակումը եւ զայն իրակացնելու ատակ խումբը մէջտեղ բերելն է:
Միայն զիջողական եւ համակերպող քաղաքական ընթացքը այպանելը բաւարար չէ՝ անօթի ստամոքսով աղքատ քաղաքացիին դիմաց: Այս միջավայրին մէջ է, որ կեղծ պատմութիւններ (narrative-ներ) կը ստեղծուին (հայ քաղաքացին ընդդէմ ազգային ապահովութեան շահ, կամ «հայրենիքի-ազգայինի» միտքը «պետութեան» դէմ):
Այս «հակադրութիւնը նիկոլականութիւնը յաջողեցաւ ստեղծել, որովհետեւ նախկին իշխանութիւնները հասարակութեան ընկերայաին-տնտեսական հարցերուն կարեւորութիւն չտուին» (Հ. Չոպայեան): Ճգնաժամը միայն արտաքին քաղաքականութեան ուղղուածութենէն չի գար: Մարտահրաւէրը շատ շուտ համապարփակ ազգային զարգացման եւ ապահովութեան ուղի մշակելն է՝ հայկական արեւելումով օժտուած հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան մը հետ համահունչ. այն,ինչը կարելի է:
Հայաստանի քաղաքական այլընտրանքը լայն քաղաքական միաւորի մը միջոցով համադրելու համար, հայ քաղաքական միտքը պէտք ունի հիմնական ազգային համաձայնութեան (consensus) մը լայն քաղաքական ուրուանկարի (spectrum) մը մէջ, ինչ որ հմտութեան եւ ժամանակի կը կարօտի, ինչպէս նաեւ առողջ եւ իրատես ազգային տեսլականի:
Այլընտրանքային այս օրակարգը այսօր պէտք է պատասխաններ տայ ընդհանրապէս մեր շարունակ անտեսուած գոյութենական հիմնահարցերուն (տես՝ Հրայր Պալեանի միտքերը հոս): Սակայն, իրականութեան մէջ, կարելի է կեդրոնանալ հետեւեալին վրայ. ինչպէ՞ս արագօրէն մշակել-իրագործել Հայաստանին յատուկ «ոզնիական պաշտպանութեան վարդապետութիւն մը (doctrine) արտաքին գրոհին դէմ ձեւով մը զսպում իրականացնելու համար: Ինչպէ՞ս մշակել-իրագործել համապարփակ ազգային զարգացման ծրագիր մը «ոչ պատերազմ եւ ոչ խաղաղութեան» միջավայրին մէջ՝ կանխելով արտագաղթը, իրապաշտօրէն զարկ տալով հայրենադարձութեան եւ ճշդելով Հայաստանի տեղը շրջանին եւ աշխարհին մէջ: Ինչպէս մշակել-իրագործել հայկական արեւելումով օժտուած հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն մը մեզ շրջապատող աշխարհաքաղաքական տուայտանքին մէջ: Եւ վերջապէս, ինչպէ՞ս մեզի հակադրուող (բայց մշտապէս դրացի) թուրանական երկիրներուն հետ փորձել հետապնդել փոխադարձ իրապաշտ եւ խաղաղութեան օրակարգ մը:
Առանցքային այս հարցումներուն պատասխանները չունիմ, բայց վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդը պատասխաններ գտնելու միջոցները ունի: Այսօր հայ քաղաքական միտքը նոր «միտքի դպրոց»ի մը կարիքը ունի: Ազգային տարբեր հիմնաւորումներու եւ հայեացքներու միջեւ բանավէճերու, որոնք կրնան իրար լրացնել եւ վերջաւորութեան ազգային համաձայնութեան մը (national consensus) հասնիլ այս բարդ հարցերուն պատասխաններ տալու համար:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Եզրափակելով կ՛ուզեմ շեշտել, որ ո՛չ «դըմպ դըմպ հու»ով եւ ո՛չ ալ «հուռա ազգայնականութեամբ» կարելի է մեր պետութեան առջեւ կուտակուած մարտահրաւէրները դիմագրաւել: Ո՛չ ալ նաեւ՝ Հայաստանը «վիլայէթ»ի կամ «կուպերնիա»ի մը վերածելու վասալամիտ միտքերը հետապնդելով: Հայաստանի վիճակը, անկասկած, մարտահրաւէրներով լեցուն է, բայց անիկա առանց տարբերակներու չէ։
Արդի հայ քաղաքական միտքի երկու հիմնական նպատակները պէտք է ըլլան հայկական պետութեան գոյութիւնը եւ հայութեան «ազգակերտումի» (nation building) երկարաշունչ շարունակական գործը թէ՛ պետութեան եւ թէ հայկական անդրազգին մէջ: Այս երկու նպատակները համահայկական եւ իրար լրացուցիչ ակնոցով պէտք է դիտուին։ Այսօր հայկական ազգ-պետութեան պահպանումը եւ գոյութիւնը վերկուսակցական հարց է: Անիկա կը պահանջէ վերանալ ամէնօրեայ քաղաքական աղմուկէն եւ անդրադառնալ խորքային հարցերու:
Այժմէական բեւեռացուած հայաստանեան քաղաքականութեան ներկայ խճանկարին կարեւոր տարրերը, որ կարծես կը պակսին, արդի իրապաշտ ազգայնականութեան գործնական ձեւը եւ հարթակն են: Համակարգուած լայն քաղաքական իրապաշտ միաւորի մը հարթակը, որ իր շուրջ կը համախմբէ ազգային համաձայնութեան օրակարգին հաւատացող ուժերը եւ լրջօրէն կը պատրաստուի յաջորդ հերթական ընտրութիւններուն:
Հայաստանի հրատապ իրադարձութիւնները այսօր շատերը կը մղեն «ժամանակ չունինք»ի խուճապին: Այն խուճապը, որ Նոյեմբեր 2020էն ետք մեզի ոչինչ տուաւ: Ուրիշներ ազգային իմաստաւորման որեւէ փորձ կը նսեմացնեն «հիմա տեսաբանական հարցեր լուծելու պահը չէ» հերքող յայտարարութիւններով: Բայց ինչպէ՞ս պիտի իմաստաւորուի «ազգայինը» եւ ո՞վ պիտի կատարէ այդ աշխատանքը: Ազգայինը Նժդեհներու եւ Արամներու «անճաշակ արձանները կերտելը» չէ, այլ անոնց արդի եւ արժանի ժառանգորդը ըլլալն է այսօրուան ճգնաժամին մէջ: Հոս կախարդական փայտիկներ չկան: Համոզիչ «քաղաքական այլընտրանքներ» պէտք է զարգացնել եւ Հայաստանի գալիք ճարտարապետութեան ռազմավարական ուղղութիւնը ճշդել: Եթէ պէտք է, նոյնիսկ քանդելով վերջին տասնամեակներու կեղծ ազգ-պետութեան խօսոյթը եւ յետոյ վերաիմաստաւորուելով հայկական առողջ ազգային ուժերու քաղաքական միտքի դաշնակցութեան նոր մտածումներով:
Ամբոխահաճութենէն եւ խնամակալութենէն անդին, Հայաստանի ազգային իրապաշտ այլընտրանք կայ: Անիկա պէտք է համակարգուի լուրջ եւ լայն նոր քաղաքական միաւորի մը միջոցով: Ժամանակն է վերակառուցելու ներազգային խօսոյթը: