
Ընդառաջելով Ամերիկայի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսի հրաւէրին, Երեքշաբթի, 2 եւ Չորեքշաբթի, 3 Յուլիսին, Արեւմտեան Ամերկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի՝ ներկայ եղաւ Ամերիկայի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ անոր հովանիին տակ գործող եկեղեցիներու կղերական դասուն ու աշխարհիկ անձնաւորութիւններու համաժողովին (The 47th Biennial Clergy-Laity Congress of the Greek Orthodox Archdiocese of America ), որ տեղի ունեցաւ Սան Տիէկոյի «Շերըթըն» պանդոկին մէջ:
Սոյն համաժողովը բարեպատեհ առիթ հանդիսացաւ առաջնորդ սրբազան հօր՝ հանդիպելու իր վաղեմի բարեկամ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսին, որ առաջին հերթին շնորհաւորեց Գեղամ արքեպիսկոպոսին՝ առաջնորդ ընտրութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ծաւալելու միջեկեղեցական արդիւնաւէտ գործունէութիւն:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազան հայրը նաեւ մասնակցութիւն բերաւ երկօրեայ համաժողովին ընթացքին տեղի ունեցած Ս. պատարագին եւ մօտէն շփուեցաւ հոգեւոր պետերու հետ, որոնց հետ նաեւ սերտ գործակցութեան հնարաւորութիւններու մասին խորհրդածութիւններ ունեցաւ:
Գեղամ արքեպիսկոպոսը նաեւ ներկայ եղաւ ընդհանրապէս Քրիստոնեայ եւ յատկապէս Ուղղափառ եկեղեցին շահագրգռող քննարկման նիստի մը, ինչպէս նաեւ՝ շրջանին մէջ կազմակերպուած յունական ազգային եւ յեղափոխական համերգի մը, որուն միջոցաւ նշուեցաւ թրքական ուժերուն Կիպրոս ներխուժման 50ամեակը: Համերգէն ետք, առաջնորդը տեսակցեցաւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Արեւմտեան ափի եպիսկոպոս Երասիմոսի հետ, որուն հետ զրուցելու պահուն Գեղամ արքեպիսկոպոսը փափաք յայտնեց Սան Ֆրանսիսքօ իր այցելութեան ընթացքին այցելել ուղղափառ առաջնորդին:
Սրբազանը նաեւ տեսակցեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Կիպրոսի եւ Յունաստանի ընդհանուր հիւպատոսներուն հետ, որոնք դրուատանքով արտայայտուեցան հայ ժողովուրդին մասին եւ փափաք յայտնեցին այցելել Ազգային առաջնորդարան: