Իրաքի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարին բանբերը՝ հազարապետ-զօրավար Եահիա Ռասուլ, յայտնեց, որ Իրաքի վարչապետ Մուհամմատ Շիահ Սուտանի նախագահեց Իրաքի Ազգային ապահովութեան նախարարական խորհուրդի ժողովի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ապահովական կարեւոր հարցերը եւ զարգացումները:
Խորհուրդը քննարկեց թրքական ուժերուն սահմանային շրջանին մէջ միջամտութիւնները եւ ոտնձգութիւնները ու մերժեց թրքական զինուորական ներխուժումը եւ իրաքեան հողերուն նկատմամբ ոտնձգութիւնը` յայտնելով. «Թուրքիա պէտք է յարգէ բարի դրացիութեան սկզբունքը եւ Իրաքի կառավարութեան հետ դիւանագիտութեան ճամբով հաղորդակցի եւ ապահովական ոլորտին վերաբերեալ որեւէ հարցի շուրջ անոր հետ համակարգում կատարէ»:
Ռասուլ յայտնեց, որ Իրաքի վարչապետը տուած է ցուցմունք՝ պատուիրակութիւն մը ուղարկելու Իրաքի Քիւրտիստանի շրջանը՝ ընդհանուր կացութեան ծանօթանալու եւ «Իրաքի գերիշխանութիւնը ոտնահարող այս հարցին շուրջ միացեալ կեցուածք որդեգրելու»:
«Խորհուրդը ազգային բոլոր կողմերուն եւ ուժերուն կոչ ուղղեց այս հարցին մէջ կառավարութեան դիրքորոշումին զօրակցելու` վերահաստատելով, որ Իրաքի դիրքորոշումը հիմնուած է սահմանադրութեան եւ օրէնքի վրայ, որ կ՛արգիլէ իր հողերուն վրայ յարձակումը կամ Իրաքի հողերը դրացի երկիրներուն վրայ յարձակում գործելու համար իբրեւ հարթակ օգտագործումը», իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց Ռասուլ: