ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ հակահետախուզական գաղտնի սպասարկութեան՝ «Էմ.Այ.5»ի ղեկավարը յայտնեց, որ Բրիտանիոյ մէջ կան երկու հազար հոգի, որոնք ահաբեկչութեան իրենց զօրակցութեան պատճառով ահաբեկչական սպառնալիք կը ներկայացնեն։ Ճոնսըն Էվընզ ըսաւ, թէ Նոյեմբեր 2006էն ի վեր անոնց թիւը չորս հարիւրով աւելցած է։ Ան յայտնեց, որ մինչեւ 15 տարեկան պատանիներ «Քայիտա»ի կողմէ ահաբեկչական գործունէութեանց մասնակցելու համար կը զինուորագրուին։
Մանչեսթըրի մէջ արտասանած իր ճառին ընթացքին Էվընզ յայտնեց, որ Պաղ պատերազմի աւարտէն ի վեր ռուսական գաղտնի գործակալներու գործունէութեան մէջ նահանջ չէ արձանագրուած։ «Շարք մը երկիրներ կը շարունակեն նկատառելի ժամանակ եւ ջանք տրամադրել՝ փորձելով քաղաքացիական եւ ռազմական մեր նուրբ արհեստագիտութիւնը գողնալ, եւ ի վնաս մեզի քաղաքական եւ տնտեսական գաղտնի տեղեկութիւններ ձեռք ձգել», ընդգծեց Էվընզ։
Էվընզ Ապրիլին ստանձնեց «Էմ.Այ.5»ի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը՝ փոխարինելով Էլիզա Մաննինկհամ-Պուլըրը։ Խմբագիրներու ընկերութեան տարեկան խորհրդաժողովին ընթացքին ան յայտնեց, որ Բրիտանիոյ մէջ շարք մը անհատներու վերաբերող մտահոգութեան աճը հետեւանք է «ծայրայեղական խմբակցութեանց» գծով տեղեկահաւաքի բարելաւման։ «Սակայն անիկա նաեւ հետեւանք է ծայրայեղական դատին օգտին նոր զինուորագրեալներու շարունակական հոսքին», աւելցուց ան։
Ան ըսաւ, թէ վերջին 12 ամիսներուն ընթացքին «Էմ.Այ.5»ը բազմաթիւ երկիրներու եւ Բրիտանիոյ մէջ ահաբեկչական ծրագիրներու միջեւ կապեր գտած է։ Էվընզ յայտնեց, որ «Քայիտա»ի գործունէութիւնը Իրաքի, Ալճերիոյ եւ արեւելեան Ափրիկէի կարգ մը շրջաններուն մէջ, մանաւանդ Սոմալիի մէջ ընդարձակուած է եւ ներկայիս Բրիտանիոյ սպառնալիք մը կը ներկայացնէ։
Ան նաեւ յայտարարեց, որ «Էմ.Այ.5»ի նոր՝ Հիւսիսային Իրլանտայի կեդրոնատեղին մօտ օրէն պաշտօնապէս պիտի բացուի, ինչպէս նաեւ մինչեւ 2011 թուական գաղտնի սպասարկութեանց անձնակազմին 25 առ հարիւրը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Լոնտոնէն դուրս։