Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուին Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան հետ զննեց Ատրպէյճանին հետ սահմանին իրավիճակը:
Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցով յայտնեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը: «Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունէ տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արձանագրած յառաջընթացը», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Դեսպանատունը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ Սիւնիքի մարզը տուած այցելութեան ընթացքին, Քուին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանի եւ Պարեկային ծառայութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Պարեկային ծառայութեան առաջին օգնութեան պայուսակներ յանձնուեցան:
«Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աշխատելու Հայաստանի հետ՝ իրաւապահ կառոյցներու բարեփոխումներու շուրջ», կ՛ըսուի նոյն հաղորդագրութեան մէջ: