
ԿԱՐՄԻՐԸ՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐԷՆ

Հինէն ի վեր, հայ ժողովուրդը կարմիր գոյնին հանդէպ ցուցաբերած է բուռն հակում:
Կարմիրը կը խորհրդանշէ մեր առասպելական ոգին։
Նուռը, որ մեր խորհրդանիշներէն մէկն է, կարմրագոյն է։ Կարմիր կակաչը նաեւ մեր խորհրդանիշներէն մէկն է։ Լատիներէնով՝ Papaver armeniacum-ը կը ծաղկի Հայաստանի բարձրադիր գօտիներուն վրայ։
Կարմիրը՝ հայոց համար միասնութեան խորհուրդն է։ Մեր դրօշակները դարերու ընթացքին ընդգրկած են կարմիր գոյնը եւ այսօրուան մեր դրօշի առաջին գոյնը կարմիրն է։

ԵՐԵԲՈՒՆԻ ԱՄՐՈՑԸ
Մեր հայրենի աշխարհին մէջ շատ մը տեղանուններ կը կրեն կարմիր անունը։ Կարմիր են շարք մը բլուրներ, ինչպէս՝ Կարմիր բլուրը։
Երեբունի ամրոցը կառուցուած է կարմրագոյն աղիւսով եւ տուֆով։
Որոշ գիտնականներու համաձայն երեբ բառը կը նշանակէ կարմիր եւ հաւանական է որ այս պատճառով ամրոցը կոչուած է Երեբունի ամրոց։
ՈՐԴԱՆ ԿԱՐՄԻՐԸ

Հին ժամանակ Արարատեան դաշտին մէջ կ՛աճէին այնպիսի խոտեր, որոնք ծնունդ կու տային տեսակ մը միջատներու կամ աւելի ճիշդ՝ որդերու։ Հայերը կը հաւաքէին այդ որդերը, կ՛եփէին եւ կը ստանային կարմիր, վառ գոյնի ներկ մը, որ կը կոչուէր Որդան կարմիր կամ Հայկական ներկ։
Այսպէս, Որդան կարմիրը կը համարուէր Արեւելքի հրաշքը։
Կարմ հնդեւրոպական լեզուներու մէջ կը նշանակէ որդ։ Կարմիր եւ որդան հոմանիշներ են։
ԿԱՐՄԻՐԸ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ
Գրիգոր Նարեկացին կարմիրով արտայայտած է իր վառ երեւակայական պատկերները։
Մեր եկեղեցիին մէջ կարմիրը իշխող գոյն մըն է, որովհետեւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը․ այս պատճառով ալ, Զատկուան հաւկիթները կարմիրով կը ներկուին։
Մեր եկեղեցիի վարագոյրները կարմիր են եւ կարմիր թաւիշով պատուած են աւետարանները, իսկ շարականներու մէջ ալ կը լսենք Կարմիր Վարդանի երգը։


ԿԱՐՄԻՐԸ ՄԵՐ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՄԷՋ
Կարմիրը նաեւ փնտռուած երանգ մըն է հայ գեղանկարիչներու մօտ։ Օրինակ՝ Մինաս Աւետիսեանի գործերու մէջ, կամ Սերգէյ Փարաճանովի նշանաւոր շարժանկարը՝ «Նռան Գոյնը»։
Ձեռագիր մատեանները կը զարդարուէին կարմիրով։
Կարմիրը հայկական մանրանկարչութեան մէջ գերակշռած է, մանաւանդ գլխագիրներու պարագային։
Կարմիրը հայկական գորգարուեստի մէջ ամէնէն շատ գործածուածն էր։ Կարմիր գորգի թելերը Որդան կարմիրով ներկուած են։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶԸ
Ազգային տարազի ամէնէն տարածուած գոյնը եւս կարմիրն էր։ Յատկապէս Սիւնիքի եւ Արցախի տարազները կանաչ գոյնին հետ կը կրէին կարմիր գոյնը։
Կարմիր գոգնոցը ամուսնացած կարգավիճակի խորհրդանիշն էր։
ԿԱՐՄԻՐԸ՝ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԵՒ ՊԱԼԱՏԱԿԱՆ ԵՐԱՆԳ
Կարմիրը պատերազմի աստուածներու գոյնն էր։
Վահագնի ծնունդը կարմիր բոցերու մէջէն եկած է։
Մեր արքաները կը սիրէին Որդան կարմիրով խմիչքներ, իսկ մեծարման արարողութիւններու ժամանակ, իշխաններուն կարմիր կօշիկ հագուելու իրաւունք կը տրուէր եւ այդ մէկը մեծ պատիւ էր։
Կարմիրը սահմանին թափուած արիւնն է, որմով գոյատեւած եւ անկախութիւն ձեռք բերած ենք։
Վարդան Մամիկոնեանին կոչած ենք Կարմիր Վարդան։
Կարմիրը Վանի թագաւորութեան որմնանկարներու վրայ եւ խեցեղէնի վրայ տարածուած երեւոյթ մըն էր։
ԿԱՐՄԻՐԸ ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԾԷՍԻՆ ՄԷՋ
Կարմիրը կը տեսնենք նաեւ հարսանեկան ծէսին մէջ։ Կարմիրը կանաչ գոյնի հետ զուգորդուած է։ Կանաչը բնութիւնը կը խորհրդանշէ, իսկ կարմիրը՝ բնութեան ծաղկումը։
Կանաչը կը խորհրդանշէ փեսան, կարմիրը հարսը, որ փեսային պէտք է ծաղկեցնէ եւ հարսն ու փեսան միաւորուելով պէտք է ծնունդ տան։
Ժողովրդական խօսքով, «կարմիր կապել» կը նշանակէր տղան ամուսնացնել։
Կարմիրը վառ գոյն է, կը խորհրդանշէ կեանք ու կրակ։Կարմիր վարդ նուիրելը սիրոյ խոստովանութիւն է։
Կարմիրը՝ գեղեցիկի հոմանիշն է։
Կարմիրը՝ մեր մշակոյթի անբաժան երանգն է…..
ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ ՇԻՐԱՃԵԱՆ