
Երեւանի 21րդ «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ, փառատօնին պատուաւոր հիւրերը, մասնակցողները եւ կազմակերպիչները հիւրընկալուեցան Արմաւիրի մարզի Առատաշէն համայնքին մէջ գտնուող «Aratashen winery» գինիի տան մէջ:
Օրը յատկանշական էր. նոյն վայրին մէջ, շարժապատկերի բնագաւառին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար «Վարպետ» մրցանակը յանձնուեցաւ Գրիգոր Պըլտեանին, որ առողջական հարցերու պատճառով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան։
Պըլտեան մեծապէս ճանչցուած է իբրեւ ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան կարեւոր գրական գործիչներէն եւ արեւմտահայերէնով գրող ամէնէն նորարար ստեղծագործողներէն մէկը: Բեղուն տաղանդ ունեցող վիպագիր, յօդուածագիր եւ գրաքննադատ Պըլտեան հեղինակ է առաւել քան 30 հատորներու, որոնք լոյս տեսած են Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան ծնած է Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, երկար տարիներ ապրած է Փարիզ եւ դասախօսութիւններ տուած է Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
«Այս տարածքն ամենագեղեցիկներից է, «Aratashen winery»ում աշխատում են մեր լաւագոյն ընկերները, եւ մենք այստեղ ամէն տարի յանձնում ենք մի մրցանակ: Մեր մրցանակակիրը առողջական պատճառներով չկարողացաւ ներկայ գտնուել արարողութեանը, չնայած, որ պլանաւորուած (ծրագրուած) էր հակառակը: «Վարպետ» մրցանակը յանձնում ենք մեր մեծ ժիւրիի (դատական կազմի) պատուաւոր անդամներից մէկին, ում մեծ ստեղծագործական ճանապարհով եւ ներկայութեամբ Ծիրանում շատ հպարտ ենք», նշեց «Ոսկէ Ծիրան»ի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Աւետիսեան:
Մրցանակը փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանին փոխանցեց Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան, որուն վստահուած էր այս աշխատանքը: «Շնորհաւորում եմ «Ոսկէ Ծիրան»ի ընթացքը եւ շնորհակալ եմ ինձ այս պատուին արժանացնելու համար: Դժուար է գտնել մի ոլորտ, որում ներդրում չունի Պըլտեանը: Վերջերս պարզեցինք, որ նա հետաքրքիր մօտեցումներ է ունեցել կինոյի եւ կինոգիտութեան նկատմամբ, որի շնորհիւ էլ յանձնւում է այս մրցանակը։
«Նա գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին այսօր նուիրել է իր ատենախօսութիւնը, ինչը շատ կարեւոր է, եւ ես մեծ յոյս ունեմ, որ իր հաւաքածուում գտնուող մի քանի ձեռագրեր կը հանգրուանեն Մատենադարանում», նշեց Խզմալեան՝ հաստատելով, որ մրցանակը անպայման պիտի փոխանցուի վարպետին:
Երեկոյին աւարտին, ըստ աւանդութեան, ելոյթ ունեցաւ «Կարին» ազգագրական համոյթը։ Երեկոյին ամէնէն յիշարժան պահերէն մէկը համոյթին հետ նաեւ հիւրերուն հայկական աւանդական «Քոչարի»ն պարելն էր: