Իրանի նախագահ ընտրուած Մասուտ Փեզեշքեանի երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոսի սկիզբը: Այս մասին երկրի պետական լրատուամիջոցներուն յայտնեց Իրանի խորհրդարանի դիւանի անդամ Մոժթապա Եոսեֆի:
Ան ըսաւ, որ նախքան այդ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի պէտք է «Թանզիֆ» կոչուող արարողութեան ընթացքին հաւանութիւն տայ Փեզեշքեանի յաղթանակին:
Ըստ նոյն աղբիւրին, Փեզեշքեան պիտի ունենայ 15 օրեր՝ խորհրդարանին ներկայացնելու իր կառավարութեան կազմը` վստահութեան քուէ ստանալու համար:
Նշենք, որ Խամենէի ընտրութեան աւարտէն ետք Փեզեշքեանին խորհուրդ տուաւ «շարունակելով երջանկայիշատակ նախագահ Ռայիսիի ուղին՝ առաւելագոյն ջանքեր ներդրել` երկրի հսկայական ներուժը բացայայտելու համար»:
Խամենէի իր ուղերձին մէջ ընդգծեց, որ նորընտիր նախագահը պէտք է օգտագործէ երկրին կարելիութիւնները ժողովուրդի բարեկեցութեան եւ երկրի յառաջընթացին համար: