Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան 9 Յուլիսին ընդունեց Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին:
Ըստ հայկական կողմին` անոնք քննարկեցին պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Իրան համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Իրան բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, որ կը յարգէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ դէմ է միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան:
«Այս սկզբունքային քաղաքականութիւնը երբեք չի փոխուիր, անկախ անկէ, թէ Իրան եւ Հայաստանի մէջ կառավարութիւնները կրնան փոխուիլ», վերահաստատեց Սոպհանի: