Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեան Հոլանտայի մէջ (Լա Հէյ) հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային քրէական դատարանի նախագահ Թոմոքօ Աքանէի հետ: Ան յիշեցուց, որ 3 Հոկտեմբեր 2023ին, Հայաստան վաւերացուց Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը, որ ուժի մէջ մտաւ 1 Փետրուար 2024ին:
Մինասեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ ապահովելու Հռոմի կանոնադրութեան իրականացման համար ազգային իրաւական դաշտի մերձեցման շարունակականութիւնը, նոյն ատեն ան պատրաստակամութիւն յայտնեց զարգացնելու համապատասխան իրաւապահ մարմիններու կարողութիւնները Հռոմի կանոնադրութեան յետ-վաւերացման գործընթացի արդիւնաւէտ իրականացման պարունակին մէջ:
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Մինասեան երախտագիտութիւն յայտնեց Միջազգային քրէական դատարանին՝ համագործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութեան համար:
Աքանէ շնորհաւորեց Հայաստանը՝ Միջազգային քրէական դատարանին անդամ դառնալուն առիթով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Հռոմի կանոնադրութեան յետ-վաւերացման գործընթացին մէջ եւ համագործակցութեան այլ ուղղութիւններով աջակցելու Հայաստանին: