Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախկին նախարար Պերնար Քուշներ «Լը Մոնտ»ի (Le Monde) սիւնակներուն մէջ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ բնապահպանական COP29 միջազգային համագումարին կազմակերպումը Ատրպէյճանին վստահելու ընտրութեան վերաբերեալ։
«Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 հայերու ցեղային զտումէն տակաւին մէկ տարի չէ անցած եւ Ատրպէյճան արդէն արժանացաւ COP29-ի նման հեղինակաւոր միջոցառումի մը կազմակերպման առիթին: Այս ընտրութիւնը հարցեր կը յառաջացնէ թէ՛ մարդասիրական եւ թէ բնապահպանական մակարդակով», կը գրէ Քուշներ։
Ան կը հաստատէ, որ COP29-ին՝ Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպումը «կոպիտ յարձակում է արդարութեան եւ խաղաղութեան հիմնական արժէքներուն վրայ ու անընդունելի հետընթաց՝ կլիմայի հարցերուն մէջ»։