Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու (17 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան վերջին օրուան մրցումներուն ընթացքին, Հայաստանի հաւաքականը ձեռք ձգեց 132 կէտեր եւ գրաւեց խմբային ախոյեանութեան 2րդ դիրքը:
Մարատ Աճէմեան 45 քլկ. կշիռքի մրցումներուն դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան` աւարտականին 10-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր ռուս մրցակիցին:
Նշենք, որ Աճէմեան կիսաւարտականին մրցեցաւ ատրպէյճանցի մրցակից Նիժատ Իսղանտարլիի դէմ եւ 8-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց։
Եւրոպայի փոխախոյեան դարձան Եուրի Մխիթարեան (51 քլկ.), Ալեքս Մարգարեան (60 քլկ.) եւ Սէյրան Կիրակոսեան (110 քլկ.), իսկ պրոնզ մետալ շահեցաւ Նարեկ Գրիգորեան (65 քլկ.):
48 քլկ. կշիռքի մրցումներուն, 5րդ դիրքը գրաւեց Անդրանիկ Խաչատրեան, մինչ Արթուր Ամոյեան 71 քլկ. կշիռքի մրցումներուն գրաւեց 5րդ դիրքը: 80 քլկ. կշիռքի մրցումներուն 7րդ դիրքը գրաւեց Արամէ Առաքելեան: 9րդ եւ 11րդ դիրքերը գրաւեցին յաջորդաբար՝ Ալեքսանտր Այդոյեւ (55 քլկ.) եւ Լեւա Շուխեան (92 քլկ.):