ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Հազարաւոր փաստաբաններ եւ մարդկային իրաւանց գործիչներ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 5ին շարունակեցին իշխանութեանց դէմ ցոյցերը, հակառակ այն իրողութեան, որ վերջին քանի մը օրերուն աւելի քան երկու հազար հոգի ձերբակալուած են ապահովական ուժերուն կողմէ, իսկ ուրիշներ տնային կալանքի տակ կը պահուին:
Արդարեւ, Փաքիստանի նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆի կողմէ երկրին տարածքին արտակարգ դրութեան հաստատուած է անցնող շաբաթավերջին, որու հետեւանքով Փաքիստանի մէջ Յունուարին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները կրնան մէկ տարիով յետաձգուիլ։
Կառավարական բանբեր մը յայտնեց, որ Շաբաթ օր նախագահ Մուշարրաֆի կողմէ հաստատուած արտակարգ դրութիւնը պիտի տեւէ «այնքան ատեն, որ պէտք է»։
Արտակարգ դրութեան հրամանագրին հիմամբ, երկրին մէջ ամէն տեսակի իրաւունքները առկախուած են, լրատուական միջոցները սահմանափակումներու ենթարկուած են: Արտակարգ դրութեան հաստատումէն ետք երկրին Գերագոյն ատեանի գլխաւոր դատաւորը եւս փոխարինուեցաւ եւ Մուշշարաֆի համախոհ մը նշանակուեցաւ անոր փոխարէն, մինչ Գերագոյն ատեանի շէնքը բանակին կողմէ պաշարուեցաւ։ Պաշտօնազրկուած դատաւոր Իֆթիխար Չաուտրի եւ ութ այլ դատաւորներ մերժեցին զօրակցիլ արտակարգ դրութեան հաստատման՝ յայտարարելով, որ այդ քայլը հակասահմանադրական է։ Ատեանը կը քննէր նաեւ Մուշշարաֆին նախագահ ընտրուելու օրինականութիւնը:
Փաքիստանի մէջ գործող լրատուամիջոցներուն դէմ խիստ սահմանափակումներ հաստատուած են։ Բոլոր ոչ պետական պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու սփռումը կասեցուած է։ Անկախ օրաթերթերը կը շարունակեն հրապարակուիլ, հակառակ անոր, որ զօր. Մուշարրաֆի կողմէ հաստատուած արտակարգ դրութեան հիմամբ անոնց փոխանցած լրատուութիւնը խիստ սահմանափակումներու ենթարկուած է։
Տեղական օրաթերթեր եւ ընդդիմադիր ղեկավար Պենազիր Պութօ զօր. Մուշարրաֆը ամբաստանեցին անուղղակի ձեւերով զինուորական կառավարութիւն հաստատելու յանցանքով: Սակայն Փաքիստանի ընդհանուր դատախազը յայտնեց, որ վարչապետը եւ խորհրդարանը կը մնան իրենց պաշտօնին վրայ եւ քաղաքային իշխանութիւնը կը շարունակէ գործել։
Ձերբակալեալներու շարքին են նախկին վարչապետ Նաուազ Շերիֆի ղեկավարած Փաքիստանի Իսլամական լիկայի գործադիր ղեկավար Ճաուատ Հաշիմի։ Ան ոստիկանութեան կողմէ առաջնորդուած ատեն յայտնեց, որ զօր. Մուշարրաֆ ազատութիւնները կաշկանդելու իր որոշումին համար սուղ գին պիտի վճարէ։ «Մուշարրաֆի օրերը հաշուուած են։ Բանակի քաղաքական դերակատարութեան ժամանակը իր աւարտին հասած է», ըսաւ ան։
1999ին պետական հարուածով մը իշխանութեանց գլուխ անցած Մուշարրաֆ Շաբաթ օր իր պատկերասփռուած ճառին մէջ յայտնեց, որ արտակարգ դրութիւն հաստատած է՝ արգելք հանդիսանալու համար, որ Փաքիստան «անձնասպանութիւն գործէ», որովհետեւ երկիրը զինեալներու կողմէ գործուած բռնարարքներու եւ անիշխանական արդարադատութեան մը պատճառով տագնապի մատնուած է։ Ան յայտնեց, որ ներկայ կացութիւնը զինք ստիպած է «կարգ մը ցաւալի որոշումներ տալու»։
Մուշշարաֆի քայլերը քննադատելու կողքին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը վստահեցուց Մուշշարաֆին, թէ պիտի շարունակէ զինուորական օժանդակութիւններ տրամադրել, «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ին շարունակութիւնը ապահովելու համար:
Նկարին մէջ, ոստիկաններ փաստաբան մը կը ձերբակալեն Երկուշաբթի օրուան ցոյցերուն ընթացքին: