
«Ճերուզալեմ Փոսթ»ը կը հաղորդէ, թէ Երուսաղէմի հայկական եւ այլ եկեղեցիներու ղեկավարները միացած են՝ ընդդիմանալու համար Երուսաղէմի քաղաքապետարանին՝ եկեղեցական գոյքի վրայ համայնքային տուրքեր սահմանելու որոշումին:
Պատրիարքներու եւ եկեղեցիներու ղեկավարներու անունով հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ, առաջնորդները խոր մտահոգութիւն կը յայտնեն քաղաքապետարանի վերոնշեալ քայլին առնչութեամբ, որ կը հակասէ եկեղեցիներու եւ քաղաքային իշխանութիւններու միջեւ դարաւոր եւ պատմական համաձայնութիւններուն:
«Մենք կը յայտարարենք, որ այդ քայլը կը խարխլէ թէ՛ Երուսաղէմի՝ սուրբ քաղաքին բնոյթը եւ թէ վտանգի կ՛ենթարկէ այս երկրին մէջ իրենց համայնքներուն ծառայութիւն մատուցելու եկեղեցիներու կարելիութիւնը», կը յայտարարեն եկեղեցիներու ղեկավարները։
Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է քրիստոնեայ եկեղեցիներու զգալի ներդրումը՝ Երուսաղէմի դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն, ծերանոցներուն եւ անապահով խաւերու համար նախատեսուած հաստատութիւններուն:
Եկեղեցիներու առաջնորդները կոչ կ՛ընեն Երուսաղէմի քաղաքապետարանին՝ յետս կոչելու որոշումը եւ պահպանելու պատմականօրէն հաստատուած իրավիճակը։
Նշենք, թէ յայտարարութիւնը, ի շարս այլոց, ստորագրած է նաեւ Երուսաղէմի Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան հայոց պատրիարքը։