
«Մարտունակ եւ ժամանակակից զինտեխնիկայով (ռազմական արհեստագիտութեամբ) սպառազինուած բանակ ունենալը ցանկացած երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է», 19 Յունիսին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` արձագանգելով սպառազինութեան Ֆրանսա-Հայաստան նոր գործարքին շուրջ Պաքուի քննադատութիւններուն:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան եւ Ֆրանսա 18 Յունիսին յայտարարեցին, որ «Սեզար» հրետանային համակարգեր ձեռք բերելու համաձայնագիր ստորագրեցին, իսկ Պաքու իսկոյն դատապարտեց այդ գործարքը՝ յայտարարելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ «պատերազմի նոր օճախ ստեղծելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ Մաքրոնի բռնապետութիւնը»:
Ընդգծելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ իր բոլոր դրացիներուն տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անխախտելիութիւնը, ինչպէս նաեւ յիշեցնելով, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան բարձրագոյն մակարդակի վրայ պայմանաւորուած են, որ կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը` 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ, Երեւան 19 Յունիսին շեշտեց, որ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է այս սկզբունքին եւ միջազգայնօրէն ճանաչուած իր 29 հազար 743 քառակուսի կիլոմետր տարածքից դուրս յաւակնութիւններ չունի»:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնն այս մօտեցումը գործնականում ապացուցել է Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան Ղազախի շրջանի չորս գիւղերի շրջանում սահմանազատում իրականացնելու նախաձեռնութեամբ: Ադրբեջանին կոչ ենք անում վերջ դնել ՀՀ աւելի քան 30 գիւղերի կենսական նշանակութեան տարածքների օկուպացիային (գրաւման)», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
Երեւան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ ամէն առիթի տարածաշրջանային սրացումներ կանխատեսելու՝ Ատրպէյճանի գործելակերպին շուրջ: «Այս գալիս է հիմնաւորելու մի շարք կենտրոնների կողմից արուող վերլուծութիւնները, թէ Ադրբեջանն ամէն ինչ անելու է վիժեցնելու Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու գործընթացը, 2024թ. Նոյեմբերին Բաքւում կայանալիք COP29 գագաթաժողովից յետոյ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ նոր ագրեսիա (յարձակում) ձեռնարկելու համար», յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն փաստին, որ մէկ ամսուան ընթացքին խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու պաշտօնական Երեւանի առաջարկը պաշտօնական Պաքուի կողմէ մնացած է անարձագանգ:
Արձագանգելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան՝ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Այխան Հաճիզատէ դիտել տուաւ, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ իրական ու յարատեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման գլխաւոր պայմանը Ատրպէյճանին ներկայացուող տարածքային պահանջներու դադարեցումն է։ Ան նշեց, որ այդ տարածքային պահանջները «ամրագրուած են Հայաստանի բազմաթիւ իրաւական եւ քաղաքական փաստաթուղթերու, առաջին հերթին Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ, որ բացայայտ յղում կը կատարէ «Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման կոչ ուղղող Անկախութեան հռչակագիրին»:
«Հայկական կողմի տրամաբանութիւնը, որ կը ձգտի անտեսել այս հարցը, կը վկայէ, որ այդ երկիրը յարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու փափաք չունի: Անիկա կը փորձէ այս տարբերակը իբրեւ պահեստային պահել, որպէսզի հետագային դարձեալ յարձակում կատարէ Ատրպէյճանի դէմ», նշեց Հաճիզատէ:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ սպառազինութեան գործարքին մասին խօսեցաւ նաեւ Մոսկուա՝ դիտել տալով, որ Փարիզ Հարաւային Կովկասի մէջ զինուած հակամարտութեան նոր փուլ մը կը հրահրէ։
«Ֆրանսայի ղեկավարութիւնը չ՛առաջնորդուիր Հայաստանի կամ որեւէ այլ ժողովուրդի շահերով: Փարիզ կը փորձէ օգտագործել պետութիւններու միջեւ եղած տարակարծութիւնները եւ հակասութիւնները բացառապէս սեփական այդ պահու շահերէն մեկնելով», շեշտեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա։