ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բռնցքամարտիկ Յովհաննէս Դանիէլեան (48 քիլօ) 1/8 աւարտականի մենամարտին «նաքաութի» ենթարկելով վրացի Զվիատ Խատուրին, անցաւ Շիքակոյի մէջ շարունակուող բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մէկ քառորդ աւարտականին՝ միաժամանակ նուաճելով 2008ի Պէյժինկի ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իրաւունք:
Հայաստանի մէկ այլ բռնցքամարտիկ եւս, Հրաչեայ Չաւախեան (60 քիլօ), նոյնպէս մէկ ութերորդ աւարտականին յաղթելով իրլանտացի Էրիք Տոնովանին 17-6 արդիւնքով, հասաւ քառորդ աւարտական եւ նոյնպէս նուաճեց ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իրաւունք:
Նշենք, որ մինչ այդ նոյն փուլ հասած էր նաեւ Էտուարտ Համբարձումեան (64 քիլօ):