Թրքական «Այտընլըք» օրաթերթը հաղորդեց, որ վերսկսած են Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւնները, որոնք անցեալ տարի տապալած էին:
Թրքական եւ սուրիական պատուիրակութիւնները անցեալ շաբաթ հանդիպում մը ունեցան սուրիական ծովեզերքին վրայ, ռուսական «Հմէյմիմ» օդուժի ռազմակայանին մէջ, եւ կը նախատեսուի, որ երկրորդ հանդիպումը տեղի ունենայ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ:
Թրքական եւ սուրիական զինեալ ուժերէն պաշտօնատարներ ռուսական հովանաւորութեամբ սուրիական հողերուն վրայ առաջին անգամ ըլլալով գումարեցին ապահովական ժողով մը եւ քննարկեցին Իտլիպի եւ անոր մերձակայքին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները: Ըստ «Այտընլըք»ի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ նշեալ հանդիպումը գումարուեցաւ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի միջեւ հանդիպումին իբրեւ արդիւնք:
«Կը փորձենք Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան եւ երկխօսութեան հիմք ստեղծել: Այդ առնչութեամբ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ կը յուսանք մօտ օրէն այդ գծով կարգ մը քայլեր առնուին», նախապէս յայտարարած էր Իրաքի վարչապետ Մուհամմատ Շիահ Սուտան:
Աւելի ուշ, իրաքցի պաշտօնատար մը իրաքեան լրատուամիջոցներու յայտնեց, որ Թուրքիայէն եւ Սուրիայէն պաշտօնատարներ Պաղտատի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն` նշելով. «Թէ՛ Դամասկոս, թէ՛ Անգարա մեծ մասամբ ընդունեցին Պաղտատի միջնորդութիւնը»: