ՀԱՊԿէն Հայաստանի հաւանական դուրս գալուն մասին Միացեալ Նահանգներու կարծիքին վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիտել տուաւ, թէ այդպիսի որոշում մը տալը պաշտօնական Երեւանի իրաւասութեան դաշտին մէջ է:
«Ասիկա Հայաստանի կառավարութեան որոշելիքն է, եւ մենք կը յարգենք այդ մէկը», նշեցին նախարարութենէն՝ շարունակելով. «Մենք չենք տեսած որեւէ բան, որ կը վկայէր, թէ Ռուսիոյ ռազմական ներկայութիւնը կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի` առաւել խաղաղ եւ կայուն տարածաշրջան ըլլալուն», «Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական ծառայութեան հարցումին իբրեւ պատասխան արձագանգեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: