Քանի մը օրեր առաջ, Վատիկանի մէջ, Ֆրանսիս պապին հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսը նախ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց անցնող շրջանին Արցախի հարցին գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար՝ նոյն ատեն խնդրելով, որ նոյն զօրակցութիւնը շարունակուի Արցախի հայութեան միջազգային երաշխաւորութեամբ Արցախ վերադառնալու եւ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակման գծով:
Յայտնենք, որ մի քանի շաբաթներ առաջ ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ պատրիարքին ուղղած իր նամակին մէջ, կաթողիկոսը առաջարկած էր պատրիարքին, որուն հետ երկար տարիներու անձնական բարեկամական կապեր ունի, միջամտելու Ռուսիոյ նախագահին մօտ, իր կարգին աշխատանք տանելու Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ու մշակութային հարստութեան ու ժառանգութեան պահպանման համար: