

Երեքշաբթի, 4 Յունիսի կէսօրին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Միշըն Հիլզի տարեցներու «Արարատ տան» «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթին, որուն ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, «Արարատ Տան» Խնամակալ մարմինի առաջին փոխատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան եւ անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր: Գեղամ սրբազանը աղօթական օրհնութիւններ բաշխեց կազմակերպիչ մարմինին եւ կառոյցի պատասխանատուներուն, ապա գնահատեց բոլորին աշխատանքը եւ հայ տարեց ծնողներու նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը եւ արտասանեց իր սրտի խօսքը:
Սրբազանը առաջին հերթին դրուատեց ՀՕՄի հոգատար եւ բարեգործական առաքելութիւնը ոչ միայն Ամերիկայի այս ափին, այլեւ աշխարհի տարածքին եւ կնոջական պատկառելի այս միութեան բազմամակարդակ առաքելութիւնը նկատեց հայ կիներու դերակատարութիւնը եւ արժանիքները աւելի եւս զարգացնող ողջունելի ծառայութիւն մը, որ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր խաւերուն համար օրհնեալ ձեռք է, փոքրերուն եւ տարեցներուն համար՝ հոգածու խնամատար, ազգի բոլոր զաւակներուն համար՝ ազնիւ քոյր ու մայր:
Այնուհետեւ առաջնորդը վեր առաւ «Արարատ տան» ներկայութիւնը համայնքի կեանքին մէջ եւ զայն նկատեց օրհնութիւն՝ յառաջացած տարիքի հայ մամիկ-պապիկներու ապահով միջավայր եւ բծախնդիր հոգածութիւն մատակարարելու առումով, ապա կատարեց աղօթք եւ առողջութեան ու երկարակեցութեան մաղթանքներ բաշխեց բոլորին:
