Սպիտակ տան ազգային ապահովութեան հարցերու գծով խորհրդական Ճէյք Սալըվըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու խորհրդական, դեսպան Աքիֆ Չակաթայ Քըլըչի հետ:
Ըստ Սպիտակ տան՝ կողմերը ընդգծեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով Պաքուի մէջ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք «ՔՈՓ29»ի խորհրդաժողովը լաւ կարելիութիւն նկատեց խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու համար: