Կիրակի, 2 Յունիսին, հայ եկեղեցին նշեց Կաթուղիկէ Ս. Էջմիածնի տօնը։ Արդարեւ, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին, ձեռամբ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի տեսչական կազմէն Ազատ աբղ. Ֆիլիքեանի, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն։
Յընթացս Ս. պատարագին, Հայ եկեղեցւոյ «Այսօր Ուրախացեալ Ցնծան» շարականին երգեցողութեամբ, ձեռնադրիչ Շահան արքեպիսկոպոսը խնկարկութեամբ մուտք գործեց եկեղեցւոյ դասը եւ ձեռնադրութեան յատուկ արարողակարգով դպիր ձեռնադրեց դպրեվանեցի վեց սաներ՝ Անթոնի Թումայեան, Յովսէփ Մովսէսեան, Սարգիս Պալապանեան, Յակոբ Սիսեան, Սերժիօ Թումայեան եւ Զոհրապ Ճուռեան. իսկ կիսասարկաւագ ձեռնադրեց երեք սաներ՝ Յովսէփ Գալըպճեան, Գաբրիէլ Թահանեան եւ Ներսիկ Պարսումեան։
Հուսկ, սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ մեկնելով Ղուկասու աւետարանի 16րդ գլուխէն. «Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ փոքր ծառայութեան մէջ անհաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է» (Ղկ 16.10)։ Ան, առաջին հերթին, անդրադարձ կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին ելն ի Վիրապի եւ Կաթուղիկէ Ս. Էջմիածնի տօներուն ու այսպիսով Հայաստան աշխարհ Քրիստոսի լոյսը տարածուելուն։
Շահան սրբազանը յորդորեց նորոգ ձեռնադրեալները իրենց հաւատարմութիւնը ծառայեցնելու Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ՝ դիտել տալով, որ իրենց ստացած եկեղեցական կարգերը լոկ արտաքին նշաններ չեն։
Քարոզի աւարտին, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալ Դպրեվանքի սաները, անոնց հարազատները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն՝ Դպրեվանքի տեսչութեան, կազմին եւ Դպրեվանքի բարերարներուն ու բարեկամներուն։
Ապա, Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը կատարեցին նորընծայ դպիրները եւ կիսասարկաւագները։