
ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով, 25էն 28 Մայիսին, Հայաստանի մէջ գումարուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովը՝ շուրջ քսան երկիրներէ ժամանած Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ։
Խորհրդաժողովը լսեց Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի աշխատանքներու ամփոփումները նախորդ՝ Դեկտեմբեր 2021ին խորհրդաժողովէն մինչեւ այսօր, քննարկեց Արցախի հայաթափման եւ անորմով պայմանաւորուած զարգացումներուն մասին զանազան զեկոյցներ, կատարեց գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններու եւ քաղաքական առաջնահերթութիւններու մարտավարական բնոյթի փոփոխութիւններ՝ յառաջիկայ աշխատանքային ուղղութեան վերաբերող։
Խորհրդաժողովը արժեւորեց պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու համար շարք մը երկիրներու մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերուն կողմէն սկսած՝ պատժամիջոցներու կիրարկման գծով աշխատանքները եւ ընդունեց որոշումը՝ զանոնք շարունակելու նոր թափով ու աշխարհագրական աւելի լայն ընդգրկումով։
Խորհրդաժողովը քննարկեց այն հիմնական ուղղութիւնները եւ կարելի քայլերը, որոնց հաւանաբար պիտի դիմէ Ատրպէյճան՝ իր միջազգային հեղինակութիւնը բարձրացնելու եւ պատերազմական յանցագործի պիտակէն խուսափելու համար։ Անդրադառնալով այս հարցին՝ խորհրդաժողովը տուաւ համապատասխան որոշումներ։ Ընդհանրապէս պիտի շարունակուին Ատրպէյճանի յանցագործութիւններու միջազգային հանրահռչակումը եւ անոնց մասին քաղաքական, հասարակական եւ իրաւապաշտպան շրջանակներու իրազեկուածութեան բարձրացման աշխատանքները։
Հայ Դատի յանձնախումբերը ամէնօրեայ դրութեամբ պիտի հետապնդեն Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն՝ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան տունդարձի հարցը։
Խորհրդաժողովին մասնակցողները, նկատի ունենալով նաեւ իրենց աշխատանքին իբրեւ արդիւնք ստացած տեղեկութիւնները, անգամ մը եւս արձանագրեցին, որ լուծուած չէ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը։ Առ այդ, Հայ Դատի ցանցը պիտի շարունակէ հակամարտութեան եւ անոր աւելի ծանրացած ու խորացած հանգամանքներու միջազգային հանրահռչակումը՝ առաջնահերթութիւն համարելով Արցախի ժողովուրդի հաւաքական ու միջազգային ամբողջական երաշխաւորութեամբ վերադարձի իրաւունքի իւրացումը։
Խորհրդաժողովին քննարկուեցան նաեւ Արցախի հոգեւոր եւ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերը։ Այս գծով գործողութիւններուն մասին տրուեցան որոշումներ, որոնք կ՛ենթադրեն համագործակցութիւն հայկական, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ առանձին պետութիւններու հետ։
ատուկ քննարկումի արժանացան Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններուն վարած արտաքին քաղքականութիւնը եւ այդ քաղաքականութեան բացասական հետեւանքներուն դիմագրաւելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին մասին արտաքին ճակատը լուսաբանելու քայլերը։
Խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ գաղութներուն մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու կարողականութիւններու զարգացման, համայնքային կապերու ամրապնդման եւ երիտասարդութեան ներգրաւման վերաբերող հարցեր։
Խորհրդաժողովը 28 Մայիսի ուշ երեկոյեան իր աշխատանքները աւարտեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ հանդիպումով եւ վեհափառին օրհնութեամբ։
29 Մայիսին գումարուեցաւ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նիստը, որ ճշդեց խորհրդաժողովի որոշումներու իրագործման ուղղութեամբ աշխատանքային ծրագիրը։