
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Եւրոպական խորհրդարանի կարգ մը երեսփոխաններ կոչ ըրին Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ զերծ մնալու ապօրինի գործողութիւններէ:
«Մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք Տաւուշի մարզին մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթի միջոցներուն եւ շտապողականութեան վերաբերեալ։ Դժբախտաբար, ակնյայտ է, որ սահմանի ազատումը կ՛իրականացուի Հայաստանի վրայ յարձակումի սպառնալիքին տակ, ինչ որ կը վտանգէ գործընթացին օրինականութիւնը։ Կայուն եւ մնայուն խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն ուժի եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ։ Մենք տեղեակ ենք, որ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի գլխաւորած բողոքի շարժումը կ՛արտացոլէ հայ հասարակութեան զանազան խաւերու մտահոգութիւնները՝ գոյաբանական հարցերու շուրջ։ Այսպէսով, մենք կոչ կը յղենք Հայաստանի կառավարութեան՝ զերծ մնալու անհամաչափ ուժի կիրարկումէն, ինչպէս նաեւ որեւէ այլ քայլերէ, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ օգտուելու իրենց սահմանադրական իրաւունքներէն», կը նշեն հետեւեալ երեսփոխանները.
– Էմանուիլ Ֆրակգոս, Եւրոպական պահպանողականներու եւ բարեկարգողներու խումբ, Յունաստան
– Իլան տէ Պասօ, Ընկերվարականներ եւ դեմոկրատներ, Շուէտ
– Չարլի Վայմերս. Եւրոպական պահպանողականներու եւ բարեկարգողներու խումբ, Շուէտ
– Լարս Փաթրիք Պերկ, Եւրոպական պահպանողականներու եւ բարեկարգողներու խումբ, Գերմանիա
– Սթելիոս Գիմփուրոփուլոս, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւն, Յունաստան
– Մարիա Սփիրաքի, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւն, Յունաստան
– Լուքաս Ֆուրլաս, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւն, Կիպրոս
– Քոսթաս Մավրիտիս, Ընկերվարական կուսակցութիւն, Կիպրոս։