ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
10 Մայիսը Զահրատի ծննդեան օրն է, որ յիշատակուեցաւ Էսայեան Սանոց միութեան մէջ կազմակերպուած միջոցառումով։ Հոծ բազմութիւն մը փութացած էր այս յատուկ ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար։
Ներկայ էր Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ.ը, Արամ արք. Աթէշեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Լեւոն արք. Զէքիեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան եւ խորհրդական Անահիտ Չալըքեան։
Միութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամերեան նախ ողջունեց բոլոր ներկաները ու ապա բեմ հրաւիրեց պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեանը, որ դաշնամուրի նուագակցութեամբ երգեց Պերճ Դիւրապեանի յօրինումով Զահրատի «Կաղանդի ծառ մը» գործը։ Ապա սոփրանօ Գարին Պոզքուրթ մեներգեց Սայաթ Նովայի «Քանի վուր ճան իմ» երգը եւ դարձեալ Զահրատի բանաստեղծութեան վրայ Սիրվարդ Գարամանուկի յօրինումը, Աննա Ուղուրլուեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։
Երաժշտական այս բաժնէ ետք, Սեւան Տէյիրմէնճեան նախ անդրադարձաւ 2024ի ընթացքին 100ամեակը յիշուող չորս հայ մեծերու՝ Պարոյր Սեւակի, Սերկէյ Փարաճանովի, Շարլ Ազնաւուրի եւ Զահրատի անուններուն, որոնց համար հայաշխարհը կը ձեռնարկէ յիշատակման զանազան միջոցառումներ։
Ներածական այս տողերէն ետք, Տէյիրմէնճեան ստանձնեց ժողովավարի պաշտօնը եւ կարգաւ խօսք տուաւ Տարօն Մարտիկեանին եւ Տիգրան Ալթունին, որոնք յուշեր փոխանակեցին Զահրատի հետ իրենց ունեցած ապրումներէն։ Բագրատ Էսդուգեան նկարագրեց բանաստեղծ Զահրատի գրական վաստակը իր ստեղծագործած տարիներու ընդհանուր հակումներուն հետ բաղդատելով։ Տրուած ըլլալով, թէ Զահրատի գրական վաստակը հրապարակ կ՛ելլէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին տիրող գրական ու գեղարուեստական նոր որոնումներու շրջանին, ան զուգահեռներ կազմեց թէ՛ Թուրքիոյ գրական նոր ոճերուն եւ թէ եւրոպական բեմերու եւ պաստառներու վրայ յայտնուած նոր արտադրութիւններու միջեւ, Զահրատը բնութագրելով այդ հոսանքի պոլսահայ արտայայտութիւնը։ Իսկ Զահրատի անհամար բանաստեղծութիւններու թարգմանիչ Յովհաննէս Շաշքալ ընթերցեց Զահրատի գրականութիւնը վերլուծող յօդուած մը։
Միջոցառումը աւարտին հասաւ անուանի ասմունքող Սիլվա Կոմիկեանի արտասանած զահրատեան բանաստեղծութիւններով։