ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Ապրիլ 28ին, Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի Q-Theater դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է հայ-ֆինլանտական «Լոյս/Valo» երաժշտական խումբի համերգ-ներկայացումը՝ նուիրուած Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին։
Համերգին ընթացքին հնչած են Ազնաւուրի հանրածանօթ ստեղծագործութիւնները, որոնք իւրայատուկ բեմականացման եւ ձեւաւորման շնորհիւ հանդիսատեսը պարուրած են ազնաւուրեան երաժշտութեան լոյսի, թախիծի եւ սիրոյ ոգեղէն ներուժով: