ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Վերջերս տեղի ունեցած, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հրաւիրած Ընդհանուր ժողովը ընթացաւ պատշաճ եւ գործնական ծրագիրներու յիշատակութեամբ եւ քննարկումով, որոնք բարձրօրէն գնահատուեցան ժողովին մասնակից մօտաւոր 40 համազգայնական ընկեր-ընկերուհի պատգամաւորներու արդար հաստատումով՝ անխտիր…
6-7 ժամեայ այս յոյժ կարեւոր ժողովին, ազգային եւ մշակութային նոյն հովանիին տակ համախմբուած անդամներ, զանազան ելոյթներով, լուսաբանութիւններով եւ քննարկումներով զանազան հարցերու լուծումներ փորձեցին գտնել եւ կամ առաջարկել, սակայն այս բոլորին առընթեր, ուշադրութիւնս գրաւեց տիրող հայերէնախօսութեան պատշաճ մթնոլորտը եւ միտքս ու հոգիս հայավայել եւ ազգավայել հպարտութեամբ լեցուեցաւ, որովհետեւ զանազան սերունդներու պատկանող ներկայացուցիչներ, անխտիր, ունկնդրեցին, խօսեցան եւ ըստ կարգին իրենց միտքերը արտայայտեցին եւ ապրեցան ու շնչեցին միայն ու միայն՝ ազգային մեր ոսկեղնիկ հայերէն գրական լեզուով:
Որքա՜ն հոգեհարազատ էր Համազգայինի եւ համազգայնականի համար, նման արժանավայել դաստիարակութիւն եւ դրսեւորում, ըստ հարկին, հաղորդուելու եւ հաղորդակցութիւնը վայելելու՝ հայերէնով:
Ի դէպ, դար մը ամբողջ եւ աւելի, ազգային եւ մշակութային ազնուագոյն հաւատքով հիմնուած ու գործի լծուած Համազգայինը, հիմնուած օրէն իսկ, կեդրոնացած է՝ հայապահպանումի եւ հայ մշակոյթը վառ պահելու սրբազան առաքելութեան վրայ, ուր առ այսօր, հայակերտումի արժէքներով առլցուն, իրեն վստահուած դերը հաստատակամ եւ ինքնավստահ քայլերով կ՛առաջնորդէ ու կը տարածէ հայութեան զանազան շերտերով:
Տուեալ տողերս, զարմանքի զգացումով պատուած արտայայտութիւն մը չէ եւ ոչ իսկ նորութիւն մը, այլ սո՛սկ, գործնական փաստերով ապրուած ազգային արդար հիացմունք եւ Համազգայինի արժանավայել իւրայատուկ հպարտանք մը:
Ի դէպ, հայ ժողովուրդին ծոցէն ծնած եւ հաւատքով գործած ու յառաջացած իւրաքանչիւր միութիւն, թէ կազմակերպութիւն, անխտիր, պէ՛տք է հաւատարիմ մնայ իր հիմնադրութեան նպատակը արդարացնող տուեալներուն եւ զայն անմիջական պայմաններով պահպանելու կարիքներուն, որովհետեւ այդպիսի հաւատքով եւ գործունէութեամբ գոյացան եւ արշաւեցին յաջորդական սերունդներ եւ տակաւ շարքը կը շարունակուի բազմապատկուիլ, նախորդները յաջորդներուն յոյսի ու հաւատքի գործնական տապանակը դառնալով։ Հայերէնաւանդի անմար ջահը կը (պիտի) փոխանցուի, իրենց հաստատակամ հաւատքով եւ արդար օրինակով:
Վերջապէ՛ս, անցեալէն բխած եւ մինչ օրս հասած, սրբազան հաւատքի հետքերով ամենուրէք՝
Յաւե՛րժ գործէ եւ արարէ՛, հայ ժողովուրդի հպարտութիւն, երէկ եւ այսօր, եւ դեռ գալիք նոր հորիզոններու անմար փարոս՝
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն:
Բարի՛ երթ եւ փառքդ արդար՝ քու փայփայած ազգիդ հարուստ մշակոյթին նուիրուած փայլուն էջերով: