«Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող» հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ արբանեակային վերջին լուսանկարներէն բացայայտուած է, որ Ատրպէյճանի ցեղասպան եւ մշակութակործան վարչախումբը հիմնայատակ ոչնչացուցած է նաեւ բռնագրաւեալ Բերձորի Ս. Համբարձում եկեղեցին։
Նշենք, թէ եկեղեցւոյ հիմքը դրուած էր 1996ին, իսկ օծումը կատարուած էր 1998 Մայիս 31ին։