

Ուրբաթ Մայիս 3ին տեղի ունեցաւ Արեւմտեան թեմի տարեկան Պատգամաւորական ժողովը, նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին եւ հիւրընկալութեամբ Արիզոնայի Հայց․ Առաքելական Ս․ Աբգար եկեղեցւոյ:
Բացման նիստին ներկայ պատգամաւորները ունկնդրեցին Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ողջոյնի գիրը։ Այնուհետեւ, առաջնորդ հօր տնօրինութեամբ ներշնչող խորհրդածութեամբ ելոյթ ունեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Երեմիա վրդ. Աբգարեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Թեմական խորհուրդի, Ընտրական եւ Նշանակումներու յանձնախումբերու նոր անդամներու ընտրութիւնը, որուն յաջորդեց սրբազան հօր առաջնորդութեամբ անցնող քսան տարիներու առաջնորդարանի ընդարձակածաւալ ու բազմանպատակ ծառայական վաստակին ու ձեռքբերումներուն նուիրուած յատուկ տեսանիւթի ցուցադրութիւնը։
Ապա առաջնորդը փոխանցեց իր պատգամը: Սրբազանը ռազմավարական յստակ ուղղութիւններ ուրուագծելով, ժողովի մասնակիցները հրաւիրեց հաւաքական աշխատանքով իրականացնելու թեմի համատարած առաքելութիւնը։
Անդրադառնալով հոգեւորականներու ուսումնական կեանքին ու մշակութային պատրաստութեան՝ սրբազանը յայտնեց, թէ պատրաստուած հոգեւորականներ երաշխաւորելու գծով թեմը կարեւոր յանձնառութիւն վերցուցած է: Ժամանակակից հոգեւորականը յագեցած պէտք է ըլլայ անհրաժեշտ գիտելիքներով, պէտք է խոնարհութեամբ լծուի արդիւնաւէտ առաքելութեան, հասնելու մեր ժողովուրդի զաւակներու բազմակողմանի կարիքներուն, ըսաւ ան: Սրբազանը անդրադարձաւ Խնամատարական մարմնի ծրագրին, որ կը ձգտի հոգեւորականները մղել դէպի բարձրագոյն ուսում եւ շեշտեց Սուրբ Ներսէս ընծայարանին հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Խօսելով շինարարական նոր նախաձեռնութիւններու մասին, սրբազանը ըսաւ, թէ անոնց հիմնական պատճառը թեմի ընդլայնումն ու անդամներուն թիւի զգալի աճն է: Այս բոլորը կը կատարուին յստակ ռազմավարութեամբ, բաւարարելու համար մեր համայնքն հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային կարիքները, ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Մնայուն հիմնադրամին, սրբազանը, գնահատելով թեմի հիմնադիր հայրերու հեռատեսութիւնը, յայտնեց, թէ՝ հիմնադրամը վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին անուրանալի աճ արձանագրած է:
Սրբազանը խոր մտահոգութեամբ լուսարձակի տակ առաւ ժամանակակից բարդոյթները, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ցնցումները եւ հոգեւոր ու մշակութային արժէքներու անկումները, որոնք կը վտանգեն մեր դիմագիծը: Սրբազանը ըսաւ, թէ այդ բոլորը կրնանք յաղթահարել հովուական խնամքով, յոյս ներշնչելով եւ մեր համայնքները եւ անոնց ծառայական կերպարը զօրացնելով, որովհետեւ, եկեղեցականին նպատակն է սնուցանել հոգիները եւ ընկերանալ հաւատացեալին։
Արձագանգելով աշխարհականներու կենսական դերակատարութեան՝ սրբազանը շեշտեց, թէ՝ անհնար է հոգեւորականին համար առանձինն կրել ծառայութեան քաղցր բեռը: Սրբազանը յայտնեց, թէ՝ շնորհիւ արդի աշխարհին ընձեռած հաղորդակցութեան դիւրութիւններուն, առաջնորդարանը կարողացած է ընդլայնել իր առաքելութեան շրջագիծը: Առաջնորդարանի ստեղծած Epostle.net-ը եւ արդի հաղորդակցութեան եղանակները միջոց դարձան ամրապնդելու թէ՛ ներքին համայնքային եւ թէ արտաքին կապերը, ըսաւ ան։
Այս առումով, սրբազանը փոխանցեց, որ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան յատուկ առաքելութեամբ պիտի ղեկավարէ թեմի «Հաստատութենական Նորարարութեան» (Institutional Innovation) երկարաժամկէտ ծրագիրը, որուն նպատակն է լաւագոյնս օգտուիլ նորարարութիւններու հնարաւորութիւններէն, մեր հոգեմտաւոր ու հայկական մշակութային արժէքներուն տէր կանգնելու ու զանոնք տարածելու նպատակով:
Եզրափակելով իր խօսքը, սրբազանը ըսաւ, որ Արեւմտեան թեմի հարիւրամեակի սեմին, կը վերահաստատենք մեր սէրն ու նուիրուածութիւնը մայրենի մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ եւ հրաւիրեց բոլորը՝ ջանասիրաբար հետամուտ ըլլալու եկեղեցւոյ առաքելութեան ամրապնդման:
Աւարտին, առաջնորդը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, անոր աջակցութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւորականաց դասին, Թեմական ժողովին եւ Ծխական խորհուրդներուն իրենց անսակարկ ծառայութեան համար: Վերջապէս սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդարանի անձնակազմին, գլխաւորութեամբ վարիչ տնօրէն Յարութիւն սարկաւագ Մարգարեանին:
Այնուհետեւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարդան Նազիրեան, Յարութիւն սարկաւագ Մարգարեան, Տիրան Աւագեան եւ Վազգէն քահանայ Մովսէսեան յաջորդաբար փոխանցեցին իրենց զեկոյցները: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազանին եւ բոլոր նուիրեալ սպասաւորներուն, անցնող տարեշրջանին իրականացած բազմաթիւ ձեռքբերումներուն համար: Նաեւ, դոկտ. Վարուժան Ալթըպարմաքեան եւ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան ներկայացուցին ռազմավարական նոր ծրագիրը:
Ժողովը ապա վաւերացուց առաջնորդարանի 2025ի պիւտճէն եւ կատարեց Թեմական խորհուրդի հետեւեալ ընտրութիւնները՝ Վարդան Նազիրեան (ատենապետ), Տէրիք Ղուկասեան (փոխատենապետ), Միքայէլ Միսաքեան (գանձապահ), Սիւզի Գրիգորեան (քարտուղար), Երեմիա վրդ. Աբգարեան, Բագրատ Ծ. վրդ. Պերճեկեան, Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, Սերովբէ քհնյ. Ալանճեան, Կոմիտաս քհնյ. Զօհրապեան, Պետրոս Անսէրեան, Սիլվա Քաչիկեան, Ալէքս Էպիսով, Վարուժան Ալթըպարմաքեան, դոկտ. Արթին Քնաճեան եւ Արա Երկանեան (խորհրդականներ)։
Իր փակման խօսքին մէջ, սրբազանը գնահատեց Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Պարլօ սրկ. Տէր Մկրտիչեանը, փոխատենապետ՝ Սթիւ Ատամսը եւ քարտուղարուհի Փամելա Ապաջին։
Ապա, սրբազանը «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» խաչով պարգեւատրեց Տէրիք Ղուկասեանը, իր օրինակելի հովուական ծառայութեան համար, «Տարուան Հոգեւորական» յայտարարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քահանայ Աշը, իսկ Archbishop Award-ը շնորհեց Քաթի Քասարճեանին: Սրբազանը նաեւ «Տարուան Ծուխը» յայտարարեց Սիէթըլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին:
Առաջնորդը երախտիքի խօսքեր ուղղեց հիւրընկալ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քահանայ Սարիբեկեանին եւ որպէս գնահատանք լանջախաչ շնորհեց անոր: Սրբազանը գնահատեց հիւրընկալ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը իրենց հիւրասիրութեան համար եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին նուիրեց ձեռագործ եկեղեցւոյ նկարաքանդակներ:
Նշենք, որ Մայիս 2ին տեղի ունեցան նաեւ թեմի Հոգեւորականաց եւ Տիկնանց միութեան տարեկան ժողովները:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
(Յապաւուած)