ՀՕՄի 100ամեակի հիմնադրամի յանձնախումբին դիմումին ընդառաջելով, գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն Վահէ եւ Ժորժէթ Գրաճեաններ, Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2007ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, իրենց տան դուռները լայնօրէն բացին ՀՕՄի բարեկամ 100 հրաւիրեալներու, որոնք նախօրօք իրազեկ ըլլալով ձեռնարկի հանգանակային բնոյթին, գիտակցօրէն եկած էին նուիրաբերելու դար մը ամբողջ հայ ժողովուրդի ծառայութեան կոչուած Հայ օգնութեան միութեան 100ամեակի հիմնադրամին։
Այստեղ հարկ է յիշել, թէ Գրաճեան ընտանիքը ամէն միջոց ի գործ դրած էր հիւրերուն հանգստաւէտ պայմաններ ստեղծելու համար։ Այդ պատճառով ալ հակառակ ցուրտ կլիմային, մթնոլորտը ջերմութեամբ եւ խանդավառութեամբ լի էր, որուն համար յանձնախումբը մեծապէս կը գնահատէ հիւրընկալներուն յաւելեալ աշխատանքը։
Հանգանակային սոյն ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան։ Հիւրաբար ներկայ կը գտնուէին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Արեւմտեան շրջանի 100ամեակի հիմնադրամի ներկայացուցիչ Նովա Հինտոյեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօնիա Փելթէքեան եւ ամուսինը, 100ամեակի հիմնադրամի յանձնախումբի մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ռիմա Պօղոսեան, Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներ Շանթ Բարսեղեան, Սիրան Արթինեան եւ Մարալ Պէքարեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Սթիւ Տէտէեան, ազգային երեսփոխան տէր եւ տիկ. Կարօ Աւագեան, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ՝ ատենապետ Լեւոն Արապեան, Վահան Պուլղուրճեան եւ հիւրընկալներուն հարազատները:
Սեղանները օրհնեց Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, որմէ ետք ջութակահար Բենիամին Գասպարեանի մեղմ ու քնքուշ երաժշտութեան ներքոյ ներկաները վայելեցին հիւրընկալներու կողմէ հրամցուած համադամ ճաշերը։ Հայկ Գամպուրեան Գրաճեան ընտանիքին կողմէ բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց յարգելի ներկայութեան համար։ Ան դրուատեց Հայ օգնութեան միութեան գործունէութիւնը եւ կոչ ըրաւ ներկաներուն՝ անվերապահօրէն զօրավիգ կանգնելու հայ կանացի այս մեծ կազմակերպութեան, որպէսզի ան կարենայ 100 եւ աւելի տարիներ եւս ծառայել հայ ժողովուրդին, ապա ան բեմ հրաւիրեց հիմնադրամի յաձնախումբի ատենապետուհի Մաքօ Մկրտիչեանը։
Ան յանձնախումբին կողմէ ուրախութեամբ ողջունելէ ետք ներկաները, ի միջի այլոց ըսաւ. «Բիւր յարգանք եւ պատիւ ձեզի, սիրելի ազգակիցներ, որ այսօր գիտակցօրէն եկած էք նուիրաբերելու, ձեր լուման դնելու հայ ժողովուրդի ծառայ կազմակերպութեան՝ ՀՕՄի գանձարանին մէջ, որպէսզի ան հզօրանայ ու շարունակէ իր ազգակերտ ու հայրենաշէն գործունէութիւնը։ Այնքան ատեն, որ մեր ժողովուրդը օգնութեան կարիք ունի, մենք պիտի խնդրենք ձեզմէ անձանձիր եւ դուք ալ պիտի նուիրաբերէք այն խոր համոզումով, գիտակցութեամբ եւ հաւատքով, որ ՀՕՄին իւրաքանչիւր ծրագիրը, ըլլայ ան որբախնամ, կրթական, առողջապահական թէ ընկերային ծառայութիւն, ուղղուած է մէկ նպատակի, հայ ժողովուրդի գոյապահպանմանն ու անոր հայրենիք՝ Հայաստանի յաւերժութեան։ Ի վերջոյ պիտի ընդունինք՝ ինչպէս մեր անձնական ընտանիքներու կարիքները վերջ չունին, այնպէս ալ մեր մեծ ընտանիքին՝ ազգին ու հայրենիքին կարիքները անվերջ են»։ Ան նաեւ հիւրընկալ Գրաճեան ամոլին խորին շնորհակալութիւններ յայտնեց իրենց սիրալիր եւ ջերմ ընդունելութեան եւ ճոխ հիւրասիրութեան համար եւ աւելցուց, թէ առաջին անգամը չէ, որ Գրաճեանները իրենց դուռներն ու սրտերը լայն կը բանան ազգօգուտ նպատակի համար: Ան յիշեց 1978ին, Սրբոց Նահատակաց մանկապարտէզ-նախակրթարանի հիմնադրութեան առթիւ անոնց կատարած նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը, հիւրընկալութիւնն ու հիւրասիրութիւնը ի նպաստ դպրոցին, որ ոչինչէն ծնունդ առաւ եւ այսօր ոչ միայն սերունդներ կը դաստիարակուին այդ յարկին տակ, այլեւ աշակերտներ կը հայթայթէ «Ֆերահեան» ազգային վարժարանին։ Ապա ան թելադրեց հետեւելու Գրաճեաններու բարի օրինակին եւ հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր Սթիւ Տէտէեանը։
Խ. Տէտէեան լայնօրէն անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր հօրենական եւ մօրենական երկու մեծ մայրերուն զոհողութիւններով ու վկայութիւններով լի կեանքին, բարձր գնահատեց Հայ օգնութեան միութեան կատարած դերը հայ կեանքէն ներս՝ յատկապէս Ցեղասպանութենէն մինչեւ Արցախեան ազատամարտին բերած անոր նպաստը։ Ան խրախուսեց ներկաները, որ ամէն առիթով օգնեն ՀՕՄին, մասնաւորաբար 100ամեակի հիմնադրամին, որպէսզի ՀՕՄը նոր եւ աւելի մեծ հրաշքներ գործէ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։
Մաքօ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սթիւ Տէտէեանին, ապա շնորհաւորելով առաջնորդ սրբազան հօր ծննդեան տարեդարձը, հրաւիրեց զայն իր հայրական օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցելու ներկաներուն։
Սրբազանը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս մեծապէս գնահատեց Հայ օգնութեան միութեան գործունէութիւնը Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, գնահատեց նաեւ Գրաճեան ընտանիքը ազգային կառոյցներուն հանդէպ իրենց անսակարկ աջակցութեան եւ օժանդակութեան համար։ Սրբազան հայրը ոչ միայն իր ներկայութեամբ պատուեց երեկոն, այլեւ իր ՀՕՄուհի մօր անունով 1000 տոլարով մասնակից եղաւ հանգանակութեան։
Ներկաներէն Սէմ եւ Անէթ Աբէլեաններ սրբազան հօր տարեդարձին ի պատիւ 1000 տոլար նուիրեցին ՀՕՄի հիմնադրամին։ Ատենապետուհին պահը յարմար գտնելով հանգանակութիւնը բացուած յայտարարեց՝ Հերմինէ Պըլըքեանի 2000 տոլարի նուիրատութեամբ, որ ան կը կատարէր հանգուցեալ ամուսնոյն յիշատակին։
Երեկոյի գեղարուեստական բաժինը ծաղկեցուցին Արուս Մելքոնեան եւ Մաքօ Մկրտիչեան, ասմունքով, իսկ Նովա Հինտոյեան՝ մեներգներով: Նաեւ, Պարգեւ Փէլթէքեան միասնականութեան մասին իր կողմէ գրուած խօսքը ընթերցեց։
Մաքօ Մկրտիչեան մէջ ընդ մէջ յայտարարեց բոլոր նուիրատուներուն անունները, ապա հրաւիրեց Սօնիա Փէլթէքեանը՝ տալու իր պատգամը եւ յանձնելու գնահատագիր օրուան հիւրընկալներուն։
Ան Շրջանային վարչութեան եւ 100ամեակի հիմնադրամի յանձնախումբին կողմէ բարձր գնահատեց Գրաճեան ընտանիքին ազգանպաստ վերաբերմունքը, օգնութեան ձեռք երկարելու բարի կամեցողութիւնը եւ լաւագոյն մաղթանքները կատարեց անոնց: Ընկերակցութեամբ Նովա Հիտոյեանին եւ Մաքօ Մկրտիչեանին, Սօնիա Փէլթէքեան Վահէ եւ Ժորժէթ Գրաճեաններուն յանձնեց գնահատագիր եւ Արցախ աշխարհի «Տատիկ ու պապիկ» յուշամետալը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի գործունէութիւնը պարունակող տեսաերիզ մը։ Հիւրընկալները համեստօրէն ընդունելով խորհրդանշական նուէրները ըսին՝ «Մեր ըրածը պարզապէս բնական ազգային պարտականութիւն է»։
Արդարեւ հաճելի եւ արդիւնաւէտ յաջող ձեռնարկ մըն էր. վարձքը կատար հիւրընկալներուն եւ նուիրատու հիւրերուն, որոնց սրտաբուխ նուէրներով հանգանակութեան գումարը հասաւ 22,025 տոլարի։
ՀՕՄի 100ամեակի հիմնադրամի յանձնախումբը իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ Գրաճեան ամոլին, իրենց ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն, ՀՕՄի համակիրներուն, ՀՕՄուհիներուն, մէկ խօսքով՝ ներկայ ու բացակայ բոլոր նուիրատուներուն, որոնք իբրեւ ազգային պարտականութիւն իրենց լուման դրին հայութեան գանձանակին։
(ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանի 100ամեակի Հիմնադրամի
Յանձնախումբ)