

Ապրիլ 16ին, դեղագործ եւ Forbidden Homeland․ Story of a Diasporan գիրքին հեղինակ Քաթիա Գարակէօզեան իր գիրքը եւ իր ընտանիքին վերապրումի պատմութիւնը ներկայացուց Փասատինայի Պլէր դպրոցի Հայկական ճեմարանի աշակերտներուն:
Դպրոցի գրադարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը սկսաւ գիրքին հեղինակութեան եւ տպագրութեան վերաբերող հետաքրքրական դրուագներու ներկայացումով: Գարակէօզեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս իր համալսարանի տարիներուն պատահած անակնկալ հանդիպումները եւ խաչաձեւումները պատճառ եղած էին, որ ինքը որոնէ իր ընտանիքի պատմական եւ աշխարհագրական արմատները, եւ ապա ձեռնարկէ իր անդրանիկ գիրքին հեղինակութեան:
Forbidden Homeland գիրքը թէ՛ պատմական է եւ թէ յուշագրական: Անոր մէջ մանրակրկիտօրէն եւ երանելիօրէն յիշուած են Արեւմտեան Հայաստանի քանի մը քաղաքներ, երեւելի եւ հեղինակաւոր անձեր, դպրոցներ, որբանոցներ, ինչպէս նաեւ Հալէպը եւ Պէյրութը՝ իբրեւ հիւրասէր գաղթօճախներ: Պատկերազարդ գիրքը ընթերցողին կը կը ներկայացնէ արկածախնդրալից եւ պատկերաւոր այդ ժամանակաշրջանի լիբանանահայութեան պատմութիւնը, ականատեսի սահուն լեզուով մը: Հեղինակը աշակերտներուն բացատրեց նաեւ, թէ որքա՛ն կարեւոր է կազմել ընտանեկան տոհմածառը, ապա ծանօթ ըլլալ նախնիներու բնակավայրերուն, հաւաքել եւ կարդալ ընտանեկան նամակները, բացիկները, պահպանել լուսանկարները, ինչպէս նաեւ՝ ընտանիքի երէցներէն լսել եւ արձանագրել բանաւոր պատմութիւններ, կատարել հետազօտութիւններ հայ ազգի եւ ընտանիքի անցեալի վերաբերեալ:
Հիւր հեղինակը լուսանկարներու ցուցադրութեան միջոցով եւ իր խօսելու ջերմ, անմիջական ոճով գիրքին մէջ յիշուած դրուագները աշակերտներուն պատմեց, պատանիներուն մէջ արթնցնելով ընտանեկան պատմութիւնները որոնելու, բացայայտելու եւ արձանագրելու փափաքը:
Հանդիպումը աւարտեցաւ հարցում-պատասխաններով եւ գիրքէն օրինակներու մակագրութեամբ:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)