Ատրպէյճանի խորհրդարանականները կ՛առաջարկեն Պաքու հրաւիրել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: 7 Մայիսի լիագումար նիստին այդ գաղափարը տուաւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի նախագահ Զահիտ Օրուճը:
«Կարելի է Փաշինեանը Պաքու հրաւիրել: Ասով հանդերձ, Ատրպէյճան տանող ճամբան պէտք է փակ ըլլայ այն բոլոր մարդոց համար, որոնք մեր քաղաքական թշնամիներն են եւ հանդէս կու գան մեր երկրին դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու կոչերով», յայտարարեց ան:
Իսկ ատրպէյճանցի այլ պատգամաւորի մը` Վարդենիսի շրջանին մէջ ծնած Սահիպ Ալիեւի քննադատութեան թիրախը Հայ Առաքելական եկեղեցին էր, որ, ըստ իշխանամէտ խորհրդարանականին, «կը փորձէ խափանել սահմանազատման գործընթացը»: Ան եկեղեցին «ահաբեկիչներու որջ» կոչեց։
Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ քննարկուած նիւթերէն մէկն ալ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարք Լիպիի 6 Մայիսին բռնագրաւուած Շուշի քաղաքը կատարած այցելութիւնն էր: Ատրպէյճանցի պատգամաւորները գոհունակութիւն յայտնեցին, որ աշխարհի թիւ մէկ գերտէրութեան դեսպանը առաջին անգամ այցելեց 2020ին Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած այս քաղաքը: