
7 Մայիսի այն պահուն, երբ Կիրանցի վարչական ղեկավար Կամօ Շահինեան յայտարարեց սահմանազատման գործընթացի դադրեցման մասին, ոստիկանները հեռացան գիւղի տարածքէն: Միայն Խէյրիմլի տանող մուտքին պարեկային ծառայութեան ինքնաշարժ մը մնաց:
Նոյն օրը, առաւօտեան, Կիրանցի մէջ աւելի մեծ թիւով ոստիկաններ տեղակայուած էին՝ նախորդ օրերուն հետ բաղդատելով: Կէսօրուան մօտ, երբ գիւղէն ընդամէնը մեթրեր հեռու նկատուեցան մարդիկ, որոնք ենթադրաբար սահմանազատման կապուած աշխատանքներ կը կատարէին, ոստիկանները պատ կազմեցին այդ հատուածը տանող մուտքին մօտ:
Աւելի կանուխ իրաւապահները թոյլատրեցին Կիրանցի վարչական ղեկավարին մօտենալ տեղադրուած սահմանային սիւներու հատուած եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ մօտէն դիտարկել, թէ ո՛ր հատուածներուն մէջ տեղադրուած են անոնք:
Շահինեան ըսաւ, որ տուեալ պահուան դրութեամբ գոհ է սահմանազատման արդիւնքներէն` շեշտելով` «այն 57 հողակտորները, որոնց շուրջ գիւղացիները մտահոգութիւն էին յայտնում, այս պահի դրութեամբ հայկական վերահսկողութեան տակ են»:
Վարչական ղեկավարը նաեւ նշեց, թէ տեսած է 11րդ սիւնը, որ Խէյրիմլիի եւ Կիրանցի սեփական հողերը բաժնող գետին մէջ տեղադրուած է:
Շահինեանի տեղեկութիւններով` սառեցուեցաւ գործընթացը այն հատուածներուն մէջ, զորս նոյն օրուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վարչապետը ցաւոտ կէտեր անուանեց: