Ատրպէյճանական լրատու գործակալութիւններ կը հաղորդեն, որ ռուս խաղաղապահները դուրս եկան բռնագրաւուած Արցախի Իվանեանի օդակայանէն։
Կը նշուի, որ երկաթուղագիծի կայարանին մէջ ռուս խաղաղապահներուն ինքնաշարժները բեռցուեցան վակոններուն մէջ` Ռուսիա փոխադրելու նպատակով: