Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտարարեց, որ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը անհիմն է։
«Եւրոպական խորհրդարանին համար սովորական դարձած է առանց համարժէք արժեւորման այսպիսի միակողմանի բանաձեւերու մեքենական կերպով ընդունումը: Այս քայլը տարբեր բան չէ, եթէ ոչ Եւրոպայի կարգ մը ուժերու կողմէ յստակ քաղաքական պատուէր, որ ուղղուած է Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու վատթարացման», ըսաւ ան։
Բանաձեւը կողմնակալ եւ անարդար նկատեց նաեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանը` Միլլի մեճլիսը:
Յայտնենք, որ 25 Ապրիլին, Եւրոպական խորհրդարանը 427 թեր, 4 դէմ քուէներու յարաբերակցութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ կոչ կ՛ուղղէ ուժանիւթի ոլորտին մէջ դադրեցնելու Ատրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան համագործակցութիւնը եւ հրաժարիլ Պաքուի հետ ապագային որեւէ համաձայնագիրէ, այնքան ատեն որ տակաւին այդ երկրին մէջ ազատ չեն արձակեր քաղաքական բանտարկեալները եւ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը չեն բարելաւեր։