
Պատմութեան կրկնութեան, յատկապէս հայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու երկրորդ փորձին ականատես դառնալը անհաւանականութիւն մըն էր մինչեւ Սեպտեմբեր 2023, երբ Ատրպէյճան Արցախի վրայ լայնածաւալ եւ մահացու յարձակումով մը պարտադրեց արցախահայութեան բռնի տեղահանումը, իրականացնելով առանց հայութեան Արցախ մը մէջտեղ բերելու՝ Պաքուի տասնամեակներու քաղաքականութիւնը։
Ցեղասպանական այսպիսի արշաւ մը առաւել անհաւանական դարձած էր յատկապէս 2021էն ետք, երբ Միացեալ Նահանգները, բաւական երկար ուշացումէ մը ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում շնորհեց։
Սակայն, վտանգին նախանշանները միշտ կային, ինչպէս որ կային նաեւ խուլ ականջները եւ կոյր աչքերը միջազգային համայնքի ներկայացուցիչներուն, որոնք ձեռնածալ՝ հետեւեցան արցախահայութեան տարագրումին իրենց հայրենի տուներէն։
Հայութեան դէմ Պաքուի ծրագրուած արշաւը սկսաւ 1988ին՝ իբրեւ հակազդեցութիւն Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի պահանջներուն։ Սումկայիթի, Կիրովապատի, Պաքուի, Մարաղայի, Շահումեանի եւ Գետաշէնի հայութեան դէմ սպանդները իրենց եզայանգումին հասան 2020ի 44օրեայ պատերազմով սկսած Արցախի հայաթափումով։
Դեկտեմբեր 2022ին, Լաչինի միջանցքը փակելու եւ Արցախը ամբողջութեամբ շրջափակելու քայլը ցոյց տուաւ, որ Արցախը մահ ու կենաց պայքարի մէջ է, հակառակ հոն հաստատուած 5000 ռուս խաղաղապահներու երաշխիքներուն։
Շրջափակումը ճեղքելու՝ հայութեան կոչերը անտեսուեցան միջազգային համայնքին կողմէ, իսկ Պաքու անտեսեց նոյնիսկ Միջազգային արդարադատութեան ատեանի կոչը՝ վերջ տալու շրջափակումին։ Անտեսուեցաւ նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի այն ազդարարութիւնը, թէ Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի կ՛ունենայ։
Պահ մը եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք՝ պիտի տեսնենք, թէ, դժբախտաբար, պատմութենէն դասեր չքաղելու ընթացքը նորութիւն չէ եւ տակաւին կը շարունակուի։
Աշխարհի տարածքին, բնիկ ժողովուրդներու դէմ ցեղասպանական արշաւները կը թուին, թէ սովորական դարձած են մեր օրերուն։
Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն՝ իբրեւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ, այժմ ցեղասպանութեամբ կ՛ամբաստանեն միայն անոնք, որոնց վարկաբեկումը իրենց հաշուոյն կու գայ։
Արդարեւ, անոնք ցեղասպանական արշաւ կը նկատեն Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ արարքները, սակայն նոյն պիտակը չեն դներ Կազայի մէջ Իսրայէլի արարքներուն վրայ։ Նաեւ, մինչ Միջազգային քրէական դատարանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրահանգ կ՛արձակէ, անիկա նման քայլի մը չի դիմեր ցեղասպանութիւն իրագործած եւ Հայաստանին սպառնացող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ։
Այսպիսի կեցուածքներն են, որոնք ցեղասպանական արարքներ կը քաջալերեն, որովհետեւ ցեղասպանները անպատիժ կը մնան։
Պէ՞տք է երախտապարտ ըլլալ նախագահ Ճօ Պայտընին, որ 2021ին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, «որպէսզի անցեալի արհաւիրքները չմոռցուին», թէ պէտք է մոռնանք, որ Ուաշինկթըն 106 տարի կողմնակից եղած էր Թուրքիոյ ուրացման արշաւին։ 2021էն ետք եւս, Ուաշինկթըն բաւարար քայլերու չդիմեց անհանդուրժողութեան եւ օտարատեացութեան դէմ պայքարելու իր խոստումը իրականութեան վերածելու համար։
Պէտք է յիշել նաեւ, որ մինչ 1915ի Ցեղասպանութիւնը տեղի կ՛ունենար, Հայաստան անկախ կառավարութիւն մը չունէր, սակայն պարագան նոյնը չէր 2023ին։
Երբ Արցախի ժողովուրդը Ատրպէյճանի բռնարարքներուն կ՛ենթարկուէր, Հայաստանի կառավարութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ի նպաստ ելոյթներ կ՛ունենար եւ Արցախը Պաքուի ենթակայ կը նկատէր, գործնականապէս արդարացնելով Ալիեւի ցեղային մաքրագործման քաղաքականութիւնը։
Իսկ վերջերս, «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը ջատագովող կանգնող Փաշինեան աւելի վտանգաւոր քայլերու կը դիմէ՝ կոչ ընելով մոռնալ պատմական Հայաստանը եւ բաւարարուիլ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող երկիրով մը, մինչ Փաշինեանի դաշնակից Անդրանիկ Քոչարեան կ՛առաջարկէ Հայեց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն ինքնութիւնը հաստատել։
Բոլոր ժամանակներէ առաջ հիմա է, երբ պէտք է պատմութիւնը եւ պատմական արդարութիւնը դարձնենք մեր գոյութեան խարիսխները՝ գիտակցելով, որ ՄԵՐ պատմութիւնն է, որ պիտի կերտէ ՄԵՐ ապագան։ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհի եւ վերապրողի ՄԵՐ հաւաքական փորձառութիւնն է, որ պիտի կերտէ 1915ի եւ 2023ի ցեղասպանութիւններու զոհերուն իրաւունքները պաշտպանելու ճամբան։
Երբ կը յիշենք Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքի 1,500,000 զոհերը, մենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախէն բռնի կերպով տեղահանուած մեր առաւել քան 150,000 քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք նորագոյն ցեղասպանական արշաւին թիրախը դարձան։
Կարդալ Նայեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ Տարելիցին Նուիրուած Յատուկ Թիւ