ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Է՜ր երբեմն, տասնամեակներ առաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ապրիլեան ոգեկոչումի օրերուն անպայման կը յիշատակուէր Սիամանթոն՝ որպէս մէկը մեր նահատակ մեծ մտաւորականներէն, Դանիէլ Վարուժանի, Ռուբէն Սեւակի, Ռուբէն Զարդարեանի, Գրիգոր Զոհրապի, Երուխանի, Թլկատինցիի, Հրանդի եւ անոնց տարաբախտ սերնդակիցներուն շարքին: Տեղ մը, բեմէն կամ մամուլի էջերէն, անպայման կը լսէինք այս անունը կամ կը հանդիպէինք անոր դասական մէկ լուսանկարին, զոր շա՛տ լաւ կը ճանչնայինք:
Այսօր Ցեղասպանութենէն աւելի քան հարիւր տարի ետք, ո՞վ կը յիշէ Սիամանթոն: Մեր դպրոցական պատանիները կրնա՞ն ճանչնալ անոր լուսանկարը, կամ եթէ լսած են այս անունը, կրնա՞ն երկու նախադասութեամբ բնորոշում մը կատարել անոր մասին, թուել բանաստեղծին գիրքերէն գո՛նէ երկու անուն, երկու-երեք տող յիշել իրենց դասագիրքին մէջ Սիամանթոյին պատկանող քերթուածի մը հրաշէկ տողերէն… Դժուա՜ր ակնկալիք:
Ցաւ է հաստատել, որ Սիամանթոն եւս, մեր գրական ինչ-ինչ արժէքներուն նման, գունաթափ ներկայութիւն մը դարձեր է Սփիւռքի մեր ժամանակակից ապրումներուն մէջ: Ճիշդ է, որ ան բարեբախտաբար դեռ կը յամենայ դպրոցական դասագիրքերու էջերուն, հայերէնի դասապահներուն մեր ուսուցչուհիները թերեւս բաներ մը կը խօսին, կամ կը պատմեն իր մասին, բայց 37 տարեկանին անծանօթ վայրի մը մէջ նահատակուած այս խրոխտ ու յեղափոխաշունչ բանաստեղծը ա՛լ ՉԻ ԽՕՍԻՐ նոր սերունդին, իր մարմարեայ պատգամները չեն հասնիր անոր ականջին, չեն տպաւորեր, չեն հասկցուիր, չեն ըմբռնուիր…
Վերջին անգամ ե՞րբ էր, որ Սիամանթոյէն քերթուած մը ունկնդրեցինք բեմէն: Կամ՝ վերջին անգամ ե՞րբ էր, որ հայկական հրատարակչատուն մը հատոր մը վերատպեց անկէ… Մինչդեռ 50ական, 70ական եւ 80ական թուականներուն գեղեցիկ ժողովածուներ լոյս կ՛ընծայուէին Սիամանթոյէն՝ Պէյրութի, Գահիրէի, Վենետիկի կամ Թեհրանի մէջ:
Օ՜, բանաստեղծը ի՛նչ լաւ պանծացուեր էր 1978ին՝ իր ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ: Ոգեւորիչ ձեռնարկներո՛վ նշուեր էր այդ յոբելեանը: Մեր գրական երբեմնի պարբերաթերթերը յատուկ թիւեր յատկացուցեր էին անոր (օրինակ՝ Պէյրութի «Բագին»ին 1979ի առաջին թիւը):
Կացութիւնը, բարեբախտաբար, խրախուսիչ է հայաստանեան ճակատի վրայ: Հոն՝ Երեւանի մէջ, բանաստեղծին «Ընտիր Երկեր»ը առաջին անգամ տպուեցաւ 1957ին: Յետոյ՝ վաթսունական թուականներուն, գրականագէտ Հրանտ Թամրազեան (1926-2001) Սիամանթոյի մասին երկու ուշագրաւ մենագրութիւններ հրատարակեց առանձին հատորներով (մին վերատպուած է 2004ին): 1970ին, նոյն նիւթով, աւելի ծաւալուն այլ մենագրութիւն մը հրատարակեց գրականագէտ Հեկտոր Ռշտունին (1915-1998) եւս: Ուրախալի է, որ 2000ականներուն ալ, առ այսօր, նահատակ բանաստեղծը կը պահէ իր այժմէականութիւնը հայրենի գրականագէտներու կամ ուսումնասիրողներու օրակարգին վրայ. ատենը անգամ մը կը հրատարակուի ընտրանի ժողովածու մը, պարբերականներու մէջ լոյս կ՛ընծայուին վերլուծական յօդուածներ: Փաստօրէն կայ սիամանթոյագիտութեան ձգտում մը:
Հայոց մայրաքաղաքը ունի Սիամանթոյի անունը կրող միջնակարգ վարժարան մըն ալ, որուն բակին մէջ 2015ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, կանգնեցուած է բանաստեղծին կիսանդրին:

Անտարակոյս Սիամանթոյի մասին կուտակուած ահագին նիւթ կայ մեր անցեալի մամուլին ու բազմաթիւ գիրքերու մէջ: Բայց ցայսօր, որքան որ գիտենք, չէ մշակուած կամ չէ համալրուած նահատակ բանաստեղծին մատենագիտութիւնը: Զանազան թերթերու մէջ իր ստորագրութեամբ հրատարակուած չափածոյ (կամ արձակ) գործերուն ամբողջական ու անթերի մէկ ցուցակը չկայ, բայց չկայ նաեւ իր մասին ուրիշներո՛ւ գրառումներուն մատենագիտական լրիւ ցուցակը: Այս կարեւոր աշխատանքը ո՞վ պիտի կատարէ:
***
Հիմա դէմ յանդիման եմ Սիամանթոյի ծննդեան 145ամեակին:
Սքանչելի առիթ մըն է ասիկա՝ գլուխ-գլխի մնալու նահատակ քերթողին հետ: Առիթ մը՝ ոգեկոչելու զինք, վերընթերցելու իր գործը, վերագծելու իր կարճատեւ կեանքին ուղին՝ ծննդավայր Ակնէն մինչեւ Այաշի մահաշունչ արգելարանը…
Իմ գրասեղանին վրայ են արդէն բանաստեղծին վեց քերթողագիրքերը՝ «Դիւցազնօրէն»ը, «Հայորդիները», «Հոգեվարքի Եւ Յոյսի Ջահեր»ը, «Կարմիր Լուրեր Բարեկամէս»ը, «Հայրենի Հրաւէր»ը եւ «Սուրբ Մեսրոպ»ը: Ասոնց վերընթերցումը ինծի համար ապրիլեան ոգեկոչումներուն մասնակցելու իւրայատուկ ձեւ մը պիտի ըլլայ: Թերեւս՝ աւելի՛ զինող ու գօտեպնդող, աւելի՛ գոհացուցիչ ու բաւարարող, քան՝ հրապարակային ցուցական ելոյթներն ու ճառերը…
Ուրեմն որոշած եմ քանի մը շաբաթ գլուխ-գլխի մնալ Սիամանթոյին հետ: Այդ մտերմութեան մասնակից պիտի դառնան, ամենայն սիրով, նաեւ իմ ընթերցողները:
Սակայն, ամէն բանէ առաջ, եկէ՛ք՝ կանգ առնենք թուականի մը առջեւ. 1878:
Սիամանթոյի ծննդեան թուականն է այս:
Յատկանշական է, որ այս միեւնոյն թուականին իրենց աչքերը լոյսին բացեր են արեւմտահայ գրականութեան երկու թանկագին դէմքեր եւս՝ Զապէլ Եսայեան եւ Վահան Թէքէեան: Առաջինը՝ մեր կին գրողներուն ամէնէն բեղմնաւորը, հոգեբանական արձակի վարպետ մը, իսկ երկրորդը՝ «Հայ բանաստեղծութեան իշխանը»… Երկուքն ալ՝ պոլսեցի, երկուքն ալ քաջածանօթ՝ Սիամանթոյի անձին ու գործին:
Տարեկից երեք գրողներ ուրեմն, որոնք շրջան մը ապրելէ ետք Վոսփորի ափունքին, ճեմելէ ետք «Սիլիհտարի Պարտէզներ»ուն մէջ, տքնելէ ետք «կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս» կամ բռնկեցնելէ ետք իրենց ցեղին «հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»ը, փակեցին իրենց կեանքին էջերը՝ բոլորովին տարբե՜ր վայրերու մէջ ու տարբե՜ր պայմաններու տակ: Եսայեան՝ Սիպերիոյ անծանօթ մէկ աքսորավայրը, Թէքէեան՝ Նեղոսի ափին, իսկ Սիամանթօ՝ Անատոլուի արիւնաթաթախ ճամբաներուն վրայ…


«ԱԿՆ ԵՒ ԱԿՆՑԻՔ»
Այս խորագրով երկու նոյնաբնոյթ գիրքեր ունինք մեր գրադարաններուն մէջ: Առաջինը (տպուած՝ Պոլիս, 1943) կը պատկանի պոլսաբնակ ակնցի բանասէր Թորոս Ազատեանին, իսկ երկրորդը հրատարակութեան պատրաստուած է փարիզաբնակ ակնցի մտաւորական Մկրտիչ Պարսամեանի կողմէ՝ յենելով Առաքել Քէչեանի հաւաքած նիւթերուն վրայ (տպուած՝ Փարիզ, 1952): Ասոնցմէ շատ առաջ, դեռ 1895ին, Թիֆլիսի մէջ լոյսին բերուած էր «Հնութիւնք Ակնայ» ծաւալուն մատեանը՝ ակնցի Յովսէփ Ճանիկեանի հեղինակութեամբ: Բոլորն ալ արժէքաւոր յուշամատեաններ են, որոնք կը պատմեն փառաւոր անցեալը Ակնայ, այսինքն կը խօսին Սիամանթոյի ծննդավայրին մասին:
Արդարեւ, Սիամանթոն ալ ակնցի է, նոյնիսկ կարելի է ըսել՝ ամէնէն երեւելի ակնցին:
Եթէ բանանք Թուրքիոյ քարտէսը ու մեր ակնարկը սեւեռենք երկրին կեդրոնական շրջանին վրայ, Մալաթիայէն ու Խարբերդէն դէպի հիւսիս, Եփրատի աջ ափին, պիտի կարենանք մատնացոյց ընել պատմական ԱԿՆը, որ թուրքերու կողմէ ի սկզբանէ կը կոչուէր ԷԿԻՆ, եւ որ հիմա անուանափոխուելով՝ դարձած է ՔԵՄԱԼԻԷ…
Հայաբնակ շրջանակի մը մէջ էր Ակն: Անիկա հեռու չէր Արաբկիրէն, Չարսանճաքէն, Չմշկածագէն, Տիվրիկէն ու Արմտանէն: Կ՛ըսուի, թէ հայերը հոս հաստատուեր էին Վասպուրականի մեծ գաղթին (1021) պատճառով: Ակնը կը սեպուէր գիւղաքաղաք մը, որուն շուրջ կային հայաբնակ յայտնի գիւղեր ալ, ինչպէս՝ Բինկեանը (Մ. Մեծարենցի ծննդավայրը), Ապուչեխը, Կամարակապը, Լիճքը, Շրզուն եւ այլն: Գո՛նէ 15 հազար հայեր կ՛ապրէին այս ջրառատ ու բուսականութեամբ հարուստ բնաշխարհին մէջ, կը խօսէին իրենց յատուկ բարբառով, ունէին կրթական-մշակութային եռուն կեանք: Տեսակ մը երկրորդ Գողթն մըն էր Ակնը, համբաւուած՝ իր ժողովրդային երգերով, տաղերով, անտունիներով, բանահիւսութեամբ: Ընդհանուր մթնոլորտը, անտարակոյս, նպաստած ըլլալու էր, որ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու մեծ թիւ մը խմորուէր այստեղ, ու ատիկա դառնար ակնցիներու արդա՛ր հպարտութեան յենարաններէն մին…
Արդարեւ, ակնցի մեծահարուստ ամիրաներէն զատ (որոնք ԺԷ.-ԺԹ. դարերուն ազգային ու պետական նշանակալի պաշտօններ վարեր էին՝ ի Կ. Պոլիս), Ակնայ ծնունդ էին՝ կամ ծնողաց ճամբով ակնցի էին Արփիար Արփիարեանը, Մինաս Չերազը, Գրիգոր Զոհրապը, Արշակ Չօպանեանը, Յովհաննէս Աւագեանը, գրագիտուհի Անայիսը (Եւփիմէ Աւետիսեան), տոքթ. Արթօ Մեզպուրեանը, Բարունակ պէյ Ֆերուհխանը, Գեղամ Բարսեղեանը, թատերական գործիչ Սմբատ Դաւթեանը, երգիծագիր Գրիգոր Թորոսեանը (Կիկօ), Հալէպի երբեմնի առաջնոդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանը, Յովհաննէս քհնյ. Ամիրենցը, «Զուարթնոց»ի խմբագիր Հրանդ Բալուեանը, քարտիսագէտ Զատիկ Խանզատեանը, բանաստեղծ Նիկողոս Սարաֆեանը եւ այլն, եւ այլն, բոլորն ալ՝ գրչի սպասաւորներ:

Մտաւորական անուններու այս ցուցակին մէջ Սիամանթօ եւ իրմէ ութ տարեկան փոքր Միսաք Մեծարենց մի՛շտ պահած են առաջնակարգ դիրք մը ու կրցած են իրենց քնարին ու տաւիղին արձագանգները հնչեցնել սերունդէ սերունդ, անմաշելի յուզականութեամբ մը:
ԱԿՆԷՆ ԴԷՊԻ ՊՈԼԻՍ ՈՒ ՓԱՐԻԶ
Սիամանթոյի կենսագրութեան սկզբնական շրջանին մասին տեղեկութիւնները սակաւ են:
Գիտենք, որ նահապետական ու բաւական բարեկեցիկ ընտանիք մը եղած են իրենք՝ Եարճանեանները, մանաւանդ որ տան հայրը՝ Յովհաննէս, լումայափոխ էր: Կողակիցը՝ Նազենի (ծնեալ՝ Բարունակեան), ազնիւ ու տոհմասէր տանտիկին մըն էր: Ատոմ Եարճանեան, որ ապագայ Սիամանթոն պիտի դառնար, ունէր մէկ եղբայր (Վահան) եւ երեք քոյր (Արմենուհի, Զապէլ եւ Արշալոյս): Պահուած է իրենց ընտանիքին սեւ-ճերմակ մէկ խմբանկարը:
Ատոմ ծնաւ 1878ին: «Սիամանթօ» գրչանունը, որ պիտի որդեգրուէր իր կողմէ հետագային, նուիրականացումը եղաւ դպրոցական տարիներուն Սրուանձտեանց Գարեգին վարդապետին իրեն տուած մակդիրին: Սրուանձտեանց, որ շրջան մը հոգեւոր առաջնորդն էր Ակնայ ու տեղւոյն դպրոցին տեսուչը, եւ որ այդ ժամանակ նոր էր մշակեր իր «Սիամանթօ Եւ Խչեզարէ» հայ-քրտական սիրավէպ-աւանդազրոյցը, չես գիտեր՝ ինչո՞ւ, դպրոցին մէջ պատանի Ատոմը «մկրտեր» էր այս անունով: Ամէն պարագայի՝ օրհնեա՜լ մկրտութիւն մը:
Ատոմ իր ծննդավայրին մէջ մնաց մինչեւ տասնչորս տարեկան՝ աւարտելով տեղւոյն Ներսէսեան նախակրթարանը: Հոս սորվեցաւ քիչ մը աշխարհագրութիւն ու քերականութիւն, քիչ մը սուրբ գրոց ու ազգային պատմութիւն, քիչ մը ֆրանսերէն ու տաճկերէն:
1892ին ընտանեօք հաստատուեցան Պոլիս: Այստեղ նախ երկու տարեշրջան յաճախեց Գումգաբուի Միրիճանեան վարժարանը, որ անհատական կրթօճախ մըն էր, եւ ուր մասնաւորաբար ուժ կը տրուէր օտար լեզուի դասերուն (ֆրանսերէն, անգլերէն, յունարէն): Յետոյ, որովհետեւ ընտանիքը նոր բնակարան մը տեղափոխուեցաւ Վոսփորի ասիական ափը՝ Սկիւտար, Ատոմ սան արձանագրուեցաւ տեղւոյն նշանաւոր Պէրպէրեան վարժարանին: Հոս ալ, բնականաբար, տնօրէն-ուսուցչապետ Ռեթէոս Պէրպէրեանի ու հմուտ դաստիարակներու շունչին տակ հեշտօրէն պիտի կազմաւորուէր ապագայ մտաւորականը, ինչպէս իրմէ առաջ կամ իրմէ ետք՝ Ինտրան, Լեւոն Բաշալեանը, Սուրէն Պարթեւեանը, Թէքէեանը, Տիգրան Չէօկիւրեանը, Ռ. Սեւակը, Եդ. Գօլանճեանը եւ ուրիշներ:
1894-96ի համիտեան կոտորածներն ու Պոլսոյ մէջ ալ՝ Պանք Օթօմանի գրաւումը (26 Օգոստոս 1896) ու անոր յաջորդող արիւնալի հալածանքներն ու նախճիրները թաղէ թաղ, շատերու նման, երկրէն դուրս փախչելու մղեցին Ատոմը: Ան, առանց աւարտելու Պէրպէրեանը (հասած էր բարձրագոյն կարգին), իր ետին թողլով ընտանիքը, հօրեղբօր ուղեկցութեամբ, 1896ի Սեպտեմբերին, շոգենաւով, խուճապահար անցաւ Եգիպտոս: Բայց հոս մնաց հազիւ քանի մը ամիս: Նախընտրեց մեկնիլ Եւրոպա՝ ուսումը շարունակելու համար: Ուստի 1897ին շունչն առաւ Ժընեւ, Զուիցերիա:
Ատոմ Եարճանեան նախ արձանագրուեցաւ քոլեճի մը ծաղկամշակութեան բաժինը, սակայն շատ շուտով հրաժարեցաւ հոնկէ, որովհետեւ այցելութեամբ մը Ժընեւ գտնուող Արշակ Չօպանեան թելադրեց իրեն Փարիզ գալ ու հետեւիլ գրականութեան: Այդպէս ալ պատահեցաւ: Ատոմ իր ետին թողուց փոցղն ու ցնցուղը եւ ընտրեց գիրքերու աշխարհը… Միշտ Չօպանեանի ցուցմունքներով, Փարիզի մէջ կանոնաւորաբար սկսաւ հետեւիլ Սորպոնի համալսարանի գրականութեան բաժնի դասընթացքներուն՝ իբրեւ ազատ ունկնդիր (1898-1901): Արդէն քսան տարեկան էր, բայց՝ փափկակազմ ու հիւանդկախ: Ուսանողական այս տարիներուն ապրեցաւ նիւթապէս անձուկ կեանք մը: Բարեբախտաբար կապեր մշակեց իրեն տարեկից հայ թէ օտար ուսանողներու հետ, սկսաւ անյագուրդ ընթերցել եւրոպական գրականութեան դասական գործերը (Հոմերոսէն՝ մինչեւ Զոլա, Էտկար Ալեն Փօ, Պոտլեր, Վերլեն, Մալարմէ, Մեթերլինկ…), ընդլայնեց իր մտքին հորիզոնը, նրբացուց ճաշակը, Չօպանեանի շուքին տակ մասնակից դարձաւ փարիզաբնակ հայ գրողներու (Զ. Եսայեան, Եր. Օտեան, Ս. Պարթեւեան, Արտաւազդ Հանըմեան…) մտերիմ հաւաքներուն, շինիչ զրոյցներուն: Իր ներսիդին աբեթի մը նման բռնկեցաւ գրականութեան հուրն ու ճաշակը, կոփուիլ սկսաւ ապագայ բանաստեղծը՝ խորհրդապաշտ շեշտուած դիմագծութեամբ:
Հայրենի գաւառներէն հասած մահահոտ լուրերը, սակայն, խռովեր էին զինք: Եռք ու տակնուվրայութիւն կար իր ներսիդին: Ասկէ ալ դրդուած՝ գրիչը վերցուց եւ ստորագրեց իր առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Աքսորուած խաղաղութիւն» (հետագային՝ վերամշակուելով կոչուած է «Մահուան տեսիլք»), որ տպուեցաւ 1898ի վերջերը, Մանչեսթըրի «Վաղուան Ձայնը» գրական հանդէսին մէջ, զոր հրատարակել սկսեր էին Պէրպէրեանի իր պանդուխտ ընկերները՝ Սուրէն Պարթեւեանն ու Աղեքսանդր Շաքլեանը:
Արձակունակ արտասովոր ոճով եւ ցնցիչ պատկերներով քերթուած մըն էր այս: Կոտորածի շարժապատկերային նկար մը: Արիւն կը հոսի ամէն դի, հրկիզուող ցորեաններուն մէջէն նախիրները կը փախչին, մորթուած դիակներ կան քաղաքին մայթերուն վրայ եւ անցնող սայլերուն մէջ, շէն ոստանները կը հրդեհուին ու կ՛աւերուին.


Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ…
Քաղաքներուն մէջ եւ քաղաքներէն դո՜ւրս.
… Գիշերին մէջէն արիւններուն ալիքը կը բարձրանայ
Ծառերուն հետ շատրուաններ ուրուագծելով,
Ու ամէն կողմէ սոսկումով կը սուրան հալածուած՝
Նախիրները հրդեհուող ցորեաններուն մէջէն…
Փողոցներուն մէջ մորթուած սերունդներ կը տեսնեմ
Եւ ամբոխներ անպատմելի սրածութենէ դարձող.
Օ՜, մտիկ ըրէք սա՛ սայլերուն ճռնչիւնը ահաւոր,
Իրենց վրայ դիզուած դիակներու ծանրութեան տակ,
Ու սգաւոր մարդերուն աղօթքներն արցունքոտ,
Որ կածանէ մը դէպի համայնափոսերը կ՛երկարին…
…Մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք
Մահաձայն ոռնումը զարհուրեալ շուներուն,
Հովիտներէն ու գերեզմաններէն ինծի հասնող,
Օ՜, պատուհանները փակեցէք ու աչքերնիդ ալ…
Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ…
Այս տեսիլքը իրական պատահարներու հեռաւոր արձագանգն էր, որ մեկնակէտ մը պիտի դառնար իրեն համար: Առաջին իսկ երեւումով, Ատոմ Եարճանեան կարծէք գծած կ՛ըլլար իր ապագայ ուղին:
Պիտի տեսնենք, որ իր յաջորդ բանաստեղծութիւնները պիտի շաղուէին միեւնոյն խմորով եւ բառերու առատաբան հեղեղատի մը մէջէն պիտի գծէին նմանօրինակ յուզումնահար տեսարաններու երկա՜ր-երկար շարքեր…
ՉՕՊԱՆԵԱՆԻ ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔՆ ՈՒ «ԴԻՒՑԱԶՆՕՐԷՆ»Ի ԵՐԵՒՈՒՄԸ
Արշակ Չօպանեանն ալ մէկն էր այն մտաւորականներէն, որոնք ստիպողաբար թողուցին Պոլիսը ու Փարիզ հաստատուեցան: Հոս՝ Սենի ափին, երէց ու գուրգուրոտ եղբայրը պիտի դառնար ան Եւրոպա ապաստանած հայ ուսանողներուն: Առաւել եւս՝ ան խորհրդատու մը պիտի ըլլար գրական խմոր ունեցող սկսնակ ու խոստմնալից երիտասարդներուն համար: Իր սեփական հրատարակութիւնն եղող «Անահիտ» հանդէսը՝ ազգային-գրական-մշակութային բովանդակութեամբ, փարոսի մը դերը պիտի կատարէր Եւրոպայի սրտին վրայ:
Սիամանթո՛ն ալ բախտաւոր եղաւ՝ իր առջեւ բացուած տեսնելով «Անահիտ»ի էջերը: Եթէ թերթատենք զանոնք, պիտի նշմարենք, որ 1899ի թիւերէն սկսեալ Ատոմ Եարճանեան սկսեր է տեղ գրաւել հոն թէ՛ բանաստեղծութիւններով, թէ՛ արձակ տպաւորապաշտ էջերով («Բարիզեան Նօթեր»):
Սխալ չէ ենթադրել, որ գրողական այս աշխատանքը դադար չունեցաւ: Արդիւնքը մէջտեղն էր: Ամիսներու երկայնքին թուղթին յանձնուած բանաստեղծութիւնները հետզհետէ լեցուցին փոքրածաւալ լման տետրակ մը, որ կարծէք ինքզինք կը պարտադրէր… հրատարակութեան: Հեղինակը ինք իր ձեռքով գծած էր կողքի շապիկը ու որոշած էր գիրքին տրուելիք անունն ալ՝ «Ցաւերուն Ցաւէն»:
Այս գրքոյկը լոյս չտեսաւ սակայն: Ատոր փոխարէն՝ որոշ ժամանակ մը անց «Ատոմ Եարճանեան» անունին տակ հրապարակ իջաւ ա՛յլ քերթողագիրք մը՝ «Դիւցազնօրէն» վերնագրով (Փարիզ, տպ. «Համալսարան», 1902):
Ա՛յս է, որ կոչուած էր դառնալ բանաստեղծին երախայրիքը:
Չօպանեան չուշացաւ իր հրապարակային գնահատանքը բերելու այս նորատիպ հատորին: «Անահիտ»ի 1902ի Մարտի թիւին մէջ ան կողք-կողքի գրախօսեց երկու տարեկից բանաստեղծներու առաջին գործերը՝ Թէքէեանի «Հոգեր»ը եւ Եարճանեանի «Դիւցազնօրէն»ը: Վերջինին մասին ան կը գրէր.
«Քերթուածներու այս եօթնեակը պատանեկան հոգիի երգ մըն է դարձեալ, ինչպէս ալ՝ Թէքէեանի հատորը, բայց մինչդեռ Թէքէեան եսական ու հեշտական լարը կը հնչեցնէ, Եարճանեան հաւաքական զգացմանց թարգման կը հանդիսանայ եւ պայքարի նուագը կը թնդացնէ: Խորքին մէջ երկու բանաստեղծները եղբայր են,… (բայց) իրարմէ տարբեր են խառնուածքով ու ձեւով. Թէքէեան կանացի խանդաղատանքներուն բանաստեղծն է, եւ թէպէտ նորութեան ջերմօրէն հակամէտ՝ իր ձեւը դասական չափասիրութեան յստակ ձգտումով մը կը բնորոշուի: Եարճանեան առնական խիզախութեանց փողարն է, եւ իր ձեւը կը շտապէ դէպի վերջնական նորութիւնը, դէպի բացարձակ անսանձութիւնը»:
Չօպանեան մի առ մի սեւեռումի կ՛ենթարկէր «Դիւցազնօրէն»ի եօթը գլուխները, լայն մէջբերումներ կը կատարէր անոնցմէ, մատնացոյց կ՛ընէր տեղ-տեղ նշմարելի թերութիւններ եւս եւ, ի վերջոյ, գրքոյկէն ցայտող տաք շունչին ու տպաւորիչ պատկերներուն ի տես՝ կը յայտնաբերէր մեծ տաղանդի մը նախադրեալները ու կ՛եզրակացնէր, որ այս գործը՝ «Ամէնէն հզօր տեսիլքներէն մին է, զոր հայ միտք մը յղացած ու պղնձի մէջ քանդակած ըլլայ»:
Նախաճաշակ մը տուած ըլլալու համար՝ ահա՛ հատուած մը («Աստուծացումը»): Բանաստեղծը խօսքը կ՛ուղղէ ըմբոստ տարրին, իմա՝ ֆետայիներուն.
Ո՜վ դուք որ ձեր գարուններն, ձեր արշալոյսներն ու հոգիներն անհուն՝
Մեր ամէնուն փրկութեանը համար
Ա՜յնչափ դիւցազնօրէն արիւնելու շտապեցիք,
Ու անցաք Իտէալին գագաթներէն, ազատարար խոյանքներով,
Մտածումնիդ ու աչուընիդ անընկճելի Յոյսին կարկառած,
Բոլոր մեր ցաւը ու բոլոր քայքայումը մեր սեւ օրերուն
Ձեր ներսիդին մոլեգնաբար տառապելէն…
Ու ձեր նայուածքին ու հաւատքին փայլակները գերբնական,
Ազատութեան նորածին որբի մեր խեղճ աչքերը լուսաւորելէն՝
Հոս, մեր ամէնուն հոգիին մէջ, ձեր պատգամները քանդակեցին:
Անտարակոյս, «Դիւցազնօրէն»ը (որ իբրեւ ենթախորագիր ունէր «Հայ Երիտասարդութեան Համար» նշումը) հրաբխային պոռթկում մըն էր, արդիւնք՝ համիտեան բռնապետութեան դէմ հայ ազատագրական նորօրեայ պայքարի խոյանքներուն յառաջացուցած հոգեկան ալեկոծումներուն եւ մարտական զգացումներուն: Բանաստեղծը այստեղ Երազող մըն է, որ մեզի ցոյց կու տայ ըմբոստացումի ու արեան մէջէն ընթացող «Յոյսի Ճամբան» (Ա. գլուխին վերնագիրն է): Ի՛նք ալ արդէն մտովին փոխադրուած է կռուի դաշտ՝ հանդիպելու համար «մարմարեղէն Յոյսի հսկայաթեւ ռահվիրաներ»ուն, մաս կազմելու անոնց երդուեալ գումարտակներուն: Քերթողը կ՛աստուածացնէ ու կը գօտեպնդէ անդուլ պայքարի ու դիմադրութեան փշոտ ճանապարհը ընտրած ամբոխները, կ՛ուզէ, որ ամէն ոք դուրս գայ իր մեղկ, ընկճուած ու թոյլ հոգեվիճակէն ու զինուի քաջութեամբ եւ անձնուրացութեամբ: Կ՛ակնկալէ, որ հայ մայրերու արգանդէն նոր հերոսներ ծնին, ու յարատեւելու յոյսը երբեք չմարի ազգին մէջ: Երբեմն կը լսէ նահատակներու անդրաշխարհային պատգամները (նոյնիսկ կու տայ անուններ՝ Ժիրայր (Պոյաճեան), Փարեան (Բաբգէն Սիւնի), Պետօ (Ալեքանդր Պետրոսեան), Գնունի, Սերոբ, որոնք, գիտե՛նք, իրական դէմքեր են), կ՛երգէ անոնց արծուային թռիչքները հայրենի լեռներու կատարին, կը նկարագրէ թշնամիին դէմ անոնց մղած օրհասական «Ճակատամարտը» (Դ. գլուխին վերնագիրն է): Համոզում կը յայտնէ, որ այս պայքարը պիտի հրճուեցնէ հողին ընդերքին մէջ գերեզմանուած նահատակները, որոնց կմախքները «ալ կը սկսին պայծառօրէն մսաւորուիլ»…: Դիւցազներգութիւնը ի վերջոյ կը յանգի «Յաղթանակէն Յետոյ» (Ե. գլուխին վերնագիրն է) ծագող արշալոյսին ու Ազատութեան բերկրանքին… Ու տեսէ՛ք, թէ այդ ազատութիւնը ինչե՜ր կը բերէ իրեն հետ.
Ու ահա՛ւասիկ ոսկիէ որաները աւետարանական ցորեանին…
Ու հեռուներէն արգասաւոր դաշտերուն տարածումը անսահման,
Ահա՛ւասիկ գարունէն բարձրացող հողին հոտը կենսաբեր,
Ու ահա՛ւասիկ նորէն լայն շարժումները սերմնացաններուն…
Ու ահա՛ւասիկ հօտերուն տողանցումը բլուրներէն վեր,
Ու ծաղիկներու ածուներ ձեր սպիտակ վրաններուն համար…:


Եարճանեանի ոճը բարձրաթռիչ էր, հոգ չէ, թէ բառերն ու նախադասութիւնները երբեմն միայն տարտամօրէն հասկնալի ըլլային: Այո՛, առանց իմացական կամ արուեստագիտական որոշ ճաշակի, առանց մտքի որոշ ճիգի՝ կարելի չէր հասկնալ այս խորհրդապաշտ (սեմպոլիստ) բանաստեղծը: Իր տողերը ազատ ու արձակունակ էին, այսինքն չէին կաշկանդուած վանկային թիւերու համաչափութեամբ: Գրականութեան մէջ այս տիպի գրութիւնները սովորաբար կը կոչուին արձակ բանաստեղծութիւն կամ քերթողական արձակ: Հեղինակը զանոնք ողողած էր մակբայներու արտակարգ առատութեամբ (յոգնածօրէն, տարփօրէն, անխոնջօրէն, մոլեգնաբար, դիւցազնաբար, տենդօրէն, խելայեղօրէն, կտրիճօրէն, անձնուրացօրէն, երջանկօրէն, փոթորկոտօրէն…), որ թէեւ կը նպաստէր հատուածներուն երաժշտականութեան ու կշռոյթին, բայց կը «ծանրացնէր» ընթերցումը:
Ճիշդ այս պատճառով ալ մինչեւ այսօր ոմանք «անմատչելի» կը սեպեն այս քերթուածները: Օրին ալ նմանօրինակ գանգատներ լսուած էին աջէն-ձախէն: Օրինակ, Վառնայի «Շարժում» թերթին մէջ (12-1-1902) յօդուածագիր մը դիտել տուած էր, թէ Եարճանեանի նոր գիրքը թէեւ ունի «կորովի մտքեր», սակայն դժուար հասկնալի է, մա՛նաւանդ երիտասարդ տարրին համար: Ան պարզամտօրէն նոյնիսկ կը թելադրէր, որ Եարճանեան անցնի արձակի՝ աւելի հաստատապէս յաջողելու համար…
Թիֆլիսի «Մշակ» լրագիրն ալ ակնարկ մը տպեր էր «Դիւցազնօրէն»ի մասին (30-12-1901): Յօդուածագիրը՝ Վահան Նալբանդեան, կ՛ըսէր, որ գիրքին հեղինակը՝ «Մի երազուն երիտասարդ է՝ թրթռուն եւ չափազանց տպաւորող հոգով, նեարդային, բայց երբեմն՝ անկեղծ զգացմունքով: Պարոնի լեզուն ճոխ է, արտայայտութիւնները միանգամայն պլաստիքական (հաւանաբար ըսել կ՛ուզէ՝ առաձգական, բազմիմաստ, Լ.), պատկերաւոր, բայց եւ այնպէս՝ ոչ զուրկ արհեստականութիւնից: Լեզուի այս վերջին ձեւը բնականաբար երբեմն նսեմացնում է պարոնի տրամադրութեան անմիջականութիւնը. նա դառնում է կրքոտ, ծանրաշունչ»:
Եւդոկիացի նահատակ գրականագէտ Յովհ. Գազանճեան եւս տարիներ անց հայ գրականութեան պատմութեան նուիրուած իր աշխատասիրութեան մէջ պիտի գրէր. «Սիամանթօ ունի իրեն յատուկ պատկերաւոր ոճ եւ ինքնատիպ լեզու. իսկ իր պատկերներն ու գաղափարի արտայայտութիւնները համակ խորհրդանշական են, յաճախ՝ նաեւ մթին, ինչ որ մերթ դժուարին կը դարձնէ տողերուն պարունակած իմաստին ճիշդ եւ յստակ հասկացողութիւնը»:
Բանաստեղծին փարիզեան տարիներէն յուշի պատառիկ մը արձանագրած է Երուանդ Օտեան, Պոլսոյ «Ճակատամարտ» օրաթերթին մէջ (24 Ապրիլ 1921): Ան կը պատմէ, որ փարիզեան Ռիւ Մոնժի մայթերէն մէկուն վրայ օր մը հանդիպեցաւ Ատոմ Եարճանեանին, որ «Դիւցազնօրէն»ի նորատիպ կապոցները երկանիւ սայլակի մը մէջ բեռցուցած՝ կը քաշէր զանոնք իր ետեւէն…
– Ո՞ւր այսպէս,- հարց կու տայ Օտեան:
– Ինչպէս կը տեսնես,- կը պատասխանէ Սիամանթօ,- այսօր մտածումներուս երիվարը եղայ…
***
«Դիւցազնօրէն»ի գրառումէն շուրջ 120 տարի ետք, այսօր, կը կարծենք, որ այլեւս ամբողջովին փարատած են այն վերապահութիւնները, որոնք արտայայտուած են Սիամանթոյի ոճին ու գրելաձեւին նկատմամբ: Այսօր մենք պարզապէս կը շշմինք բանաստեղծին յայտնատեսութեան դիմաց, ինչ կը վերաբերի մեր ժողովուրդին վրայ գործադրուած կոտորածի ու հաւաքական սպանդներու պատկերացումին: Յետոյ, անպայման կը հիանանք հայերէնի իր բառապաշարին ի տես ու այլեւս չենք գանգատիր իր հերոսներուն շնորհուած տիտանական ձեւաչափերէն կամ գերբնական յատկանիշներէն, ո՛չ ալ կը մեղադրենք զինք իր պատկերներն ու նկարագրութիւնները ընդլայնուած, խոշորցուած համեմատութիւններով տալուն համար: Ասոնք բոլորը իր գեղարուեստական մտածողութեան հիմքը կը կազմեն:
ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԷՋ ՝ ՄՕՏԻԿ ՈՒ ՀԵՌԱՒՈՐ «ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐ»ՈՒ ՀԵՏ
Փարիզէն ետք Եարճանեանը կը տեսնենք Զուիցերիոյ մէջ, 1904ի սկիզբները:
Ֆրանսայէն Զուիցերիա այս տեղափոխութիւնը դժբախտաբար կը կատարուէր առողջական պատճառներով: Բանաստեղծին կուրծքին տակ յայտնուած էր դարուն անողոք հիւանդութիւնը՝ թոքախտը: Բժիշկները յանձնարարած էին իրեն մեկնիլ Զուիցերիա՝ Լէյզենի հանրայայտ օդասուն բուժարանը, հարկաւոր դարմանումին հետեւելու համար: Իսկ բուժարանին մասնագէտ բժիշկները պիտի ըսէին իրեն, որ առնուազն մէկուկէս տարուան շրջան մը անհրաժեշտ էր՝ առողջանալու ճամբուն մէջ մտնելու համար:
Անկախ բուժման հարկադրանքէն՝ Զուիցերիան կ՛առինքնէր զինք:
Ժընեւն ու Լոզանը հրապուրիչ էին՝ որպէս հայ համալսարանական ուսանողութեան կարեւոր կեդրոններ: Բայց Ժընեւ ունէր աւելի կարեւոր հանգամանք մըն ալ. հո՛ն էր Դաշնակցութեան «Դրօշակ» պաշտօնաթերթին խմբագրատունը, ուր կը մէկտեղուէին ազատախոհ հայ մտաւորականներն ու երիտասարդները. պարբերաբար հոն կ՛այցելէին արտասահմանէն ժամանած հիւր գործիչներ կամ գրողներ ալ: Կուսակցութեան հիմնադիրները եւս՝ Քրիստափոր, Սիմոն Զաւարեան եւ այլք, ողջ էին դեռ: Եարճանեան, որ արդէն ամբողջովին տարուած էր հայ ազատագրական դիւցազնամարտի գաղափարներով, հիմա ուղղակի շփման մէջ կը մտնէր այդ պայքարի գաղափարախօսներուն ու կազմակերպիչներուն հետ:
«Դրօշակ»ի մէն մի թիւը ինքնին ներշնչումի նոր կայծեր կը հրահրէր իր հոգիին մէջ: Եթէ թղթատենք այս ամսագրին 1903-1905ի թիւերը սոսկ, անմիջապէս պիտի անդրադառնանք, որ անիկա յեղափոխական ճարճատուն գրականութեան հնոց մըն էր:
Ապտիւլ Համիտի դժոխային վարչակարգին անդոհալից տարիներն էին, ու հայկական ֆետայական շարժումները ստացեր էին նոր թափ: Արեւմտահայաստանէն ու Կիլիկիայէն «Դրօշակ»ին գաղտնօրէն յղուած անհամար նամակներ ու տեղեկագրեր կը պարզէին այն անշնչելի մթնոլորտը, որ կը տիրէր հայաբնակ նահանգներուն մէջ՝ մեծ քաղաքներէն մինչեւ աննշան գիւղերը: Նամակներ կը հասնէին՝ Սղերդէն, Մուշէն, Վանէն, Քղիէն, Տէրսիմէն, Բասէնէն, Երզնկայէն, Կարինէն, Տիվրիկէն, Մանազկերտէն, Չմշկածագէն, Ախլաթէն, Խարբերդէն, բոլորն ալ՝ մտահոգիչ լուրերով, ընդվզեցնող մանրամասնութիւններով եւ օգնութեան կանչերով:
Կովկասեան ճակատն ալ հանգիստ չէր: Ցարական կառավարութիւնը 1903ի Յունիսին պաշտօնական հրամանագրով կ՛որոշէր գրաւել Հայ եկեղեցւոյ անշարժ եւ շարժական գոյքերը, կալուածները… Նոյն ցարական վարչակարգին դրդումով ծայր պիտի տային հայ-թաթարական բախումները եւս (1905): Արեւելահայոց ընդդիմութիւնն ու խռովքը հասած էին իրենց գագաթնակէտին (ի դէպ, Սիամանթոյի «Կովկաս» բանաստեղծութիւնը գրուած էր այս առթիւ. «Զա՛րկ, Կովկաս, աւերակեալ ու արցունքոտ Հայաստանին աչքերը քեզի կը նային», կը գրէր ան): Անդին՝ բռնկած էր Սասունն ալ՝ երկրորդ անգամ ըլլալով (1904): Կը հասնէր ապստամբութեան ղեկավարներէն Հրայր Դժոխքի նահատակութեան լուրը… «Դրօշակ» հերթաբար կը գուժէր ծանօթ այլ ֆետայիներու մահը եւս՝ լուսանկարներով ու կենսագրական նօթերով:
Եարճանեան, արդէն գերզգայուն հոգի մը, այսպիսի մթնոլորտի մը ազդեցութեան տակ, տեսանողի մը պայծառութեամբ ու մարգարէական շունչով, կարծես ականատես մը եղած ըլլար դէպքերուն, իր գրիչը կը թաթխէր հեռաւոր նահատակներու արեան մէջ ու կը սկսէր թուղթին յանձնել «Հայորդիները» բանաստեղծութիւններու շարքը, «Դրօշակ»ի էջերուն (1903), «Սիամանթօ» գրչանունով, տակաւին Փարիզ գտնուած օրերէն: Ղարիբի (Աւ. Ահարոնեան) «Ազատութեան Ճանապարհին» թերթօնին ու Է. Ակնունիի Փեթերսպուրկէն ղրկած «Կովկասեան Խաբրիկներ»ուն քովն ի վեր՝ Սիամանթոյի մարտունակ քերթուածները գրական նոր շունչ մը կը շահեցնէին Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթին:
«Հայորդիները» շարքը ունեցաւ երեք անջատ հրատարակութիւններ: Շարքին Ա. եւ Բ. բաժինները տպուեցան Ժընեւ՝ 1905ին ու 1906ին, իսկ Գ. բաժինը՝ Փարիզ, 1908ին:
«Հայորդի» բառին օգտագործումը իբրեւ խորագիր՝ ի յառաջագունէ նշում մըն էր արդէն պրակները լեցնող բանաստեղծութեանց ազգային բնոյթին մասին: Ներքին բաժանումներու վերնագրերը՝ նմանապէս. «Դարերու Վրէժը», «Հողին Ձայնը», «Ահաբեկիչներ», «Ատելութեան Կոչ», «Որբերու Ճակատագրէն», «Սովամահ», «Բանտերու Խորերէն», «Կախաղաններու Կատարէն», «Դաւաճաններ» եւ այլն: Ան նոյնիսկ ջատագովական առանձին քերթուածներ ձօնած էր զօր. Անդրանիկին, Աղբիւր Սերոբին եւ Խրիմեան Հայրիկին՝ անոնց «դիւցազնի արփաթեւ անունէն եղէգի մը պէս դողդոջելով»:
«Դիւցազնօրէն»ի էջերէն մեզի ծանօթ նո՛յն բանաստեղծն էր հոս, հայ ժողովուրդի նուիրական իղձերուն հետ միաձուլուած քերթողը՝ իր իւրայատուկ եւ արտասովոր ոճով, իր կրակէ պատգամներով, իր հոգեցունց նկարագրութիւններով, իրեն սիրելի բառապաշարով, ցեղին հանդէպ իր ցուցաբերած նուիրումով, խիզախ եւ ըմբոստ հայորդիներու հանդէպ տածած իր պաշտամունքով եւ ստրկամիտներու ջոլիրին նկատմամբ իր սնուցած նողկանքով… Նո՛յն Սիամանթոն, այո՛, քիչ մը աւելի կատարելագործուած ոճով, նախորդ հատորին որոշ մթութիւնները վանող ձգտումով, աւելի պայծառ ու յստակատես գաղափարներով, մա՛նաւանդ՝ ՅՈՅՍԻՆ կառչած մնալու իր անխախտ կեցուածքով ու ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ողջունելու իր հաւատքով: «Դիւցազնօրէն»ի մթնոլորտն ու հոգեվիճակը կը շարունակուէին հո՛ս եւս:
«Հայորդի»ի կերպարին մէջ Սիամանթօ խտացուցած էր իր ցեղային առաքինութիւններուն գիտակից առասպելական հայ դիւցազուն մը, փորձառու եւ ալեհեր, որ եկած էր լուծելու վրէժը իր ժողովուրդին դարաւոր ստրկութեան: Ան կանգնած էր «յոյսերու երկաթէ սանդուխի կատարին» եւ «անկշռելի բարկութեամբ» ականատեսն էր բռնակալութեան լուծին տակ հեծող իր ժողովուրդին մեղկ, համակերպող վիճակին: Հիմա ան ոտքի պիտի հանէր ըմբոստ մարտիկները, պիտի հնչեցնէր կռուի եւ դիմադրութեան շեփորները, պիտի թամբէր իր «արիւնախում նժոյգը», պիտի ժողվէր իր համակիրները իր թեւերուն տակ ու զարդարելէ ետք իր գլուխը «առաւօտեան աստղերու բոյլով մը լուսածոր»՝ պիտի ձեռնարկէր իր վեհ գործին՝ ազատագրական պայքարին…
Վարագոյրը կը բացուէր ա՛յսպէս, ու դիւցազներգական հատուածները կը յաջորդէին իրարու՝ արտակարգօրէն շքեղ պատկերներով ու գեղաքանդակ հիասքանչ ոճով մը:

Եկէք՝ բանա՛նք գիրքը ու կարդանք… բարձրաձայն, քանզի Սիամանթոյի տողերուն մունջ ընթերցումը շատ բան կը կորսնցնէ իր հրապոյրէն: Հարկ է, որ մեր ականջները զնգա՛ն բառերուն յառաջացուցած մրրիկէն…
Ուրեմն հայրենի ՀՈՂՆ Է (այլ խօսքով՝ հայոց պատմութեան Մեծ Վկան), որ ընդերքէն ու դարերու խորքէն ձայն կու տայ թափօրին.
Ո՜վ քաղաքներէս եւ երկինքէս հալածուած թափառական զաւկըներ,
Մտի՛կ ըրէք, այս իրիկուն, ձեր հինաւուրց եւ արգաւանդ եւ այրի հողին՝
Ատելութիւնով, հեծկլտանքով եւ հոգեվարքով յղի,
Եւ եթէ կ՛ուզէք որ ձեր վաղնջական ազգը դեռ տեւէ,
Եթէ կ՛ուզէք որ ազատութեան հերոսները իմ կողերէս նորէն ծնին,
Եթէ կ՛ուզէք որ արհաւրալից գետերս դիակներով բեռցուած չթաւալին,
Եթէ կ՛ուզէք որ բարեբեր դաշտերս նորէն իրենց ցորեանները ծովացնեն…
Եթէ կ՛ուզէք որ հովիտներս այլեւս մահուան շունչին տակ չհեծկլտան…
Եթէ կ՛ուզէք որ սերունդներս բարգաւաճին եւ իմ այրիի դէմքս գէթ առաւօտ մը ժպտի…
Եթէ կ՛ուզէք որ խաղաղութիւնը ձեր երդիքներուն տակ արձանանայ,
Եթէ կ՛ուզէք որ ձեր Վրէժը լուծուի եւ ձեր Ատելութիւնը յափրանայ…
Եթէ կ՛ուզէք որ Արդարութիւնը տիրապետէ եւ իր ոստանը կառուցուի,
Եթէ կ՛ուզէք որ Հայկաշէնն ու Արմաւիրը, Տիգրանակերտն եւ Արտաշատը վերականգնին,
Ինծի՛ հասէք այն ատեն, մոլեգնաբար եւ գունդ առ գունդ
Բազուկներնիդ ըմբոստացումի երկաթեղէն հովերուն
Եւ ճակատներնիդ բոլոր բաղխումներուն կարկառած. («Հողին Ձայնը»)
Շատ հետաքրքրական է վերի տողերուն մէջ՝ «ձեր ատելութիւնը յափրանայ» գաղափարը: «Յափրանալ» կը նշանակէ յագենալ՝ զզուելով, ձանձրանալով: «Ատելութիւն» բառը, որ ժխտական իմաստ ունի եւ յանձնարարելի չէ մարդկայնօրէն, այստեղ, բանաստեղծին գրչին տակ, միանալով «յափրանալ» բային՝ կիսովին կը ստանայ դրական իմաստ… Եւ Սիամանթօ կը սիրէ այս բառը: Ան մինչեւ իսկ, նո՛յն «Հայորդիներ»ու շարքին մէջ, ունի «Ատելութեան Կոչ» խորագրով գլուխ մը, ուր շատ ցնցիչ ցանկութիւններ կը ձեւակերպէ՝ ակն ընդ ականի տրամաբանութեամբ.
Ալ կը բաւէ որչափ որ անոնց պատրաստ դաշոյնները եկան
մեր բերաններուն մէջ մխրճելու…
Ամէն ստրկութեան, ամէն ծնրադրումի եւ ամէն աղաչանքի
մինչեւ մրուրն այլեւս քամեցինք…
Օ՜, ալ կը բաւէ սեւաթռիչ ագռաւներուն երկաթէ կռինչը մեր ցաւոտ երդիքներուն վրայ,
Օ՜, ալ բաւ է, թո՛ղ ժանիքաւոր անգղները քիչ մըն ալ ուրիշ կուրծքեր կտցահարեն…
Թող քիչ մըն ալ թշնամիին արիւնը գայ մեր այգին ոռոգել եւ մեր սրունքները թրջել…
Թող քիչ մըն ալ մեր առջեւ թշնամիին կմախքները դիզուին,
ինչպէս արմատախիլ անտառներ…
Ես այստեղ, սա «թունալից» տողերուն դիմաց, անմիջապէս կը մտաբերեմ մեր հանդարտաբարոյ բանաստեղծը՝ Թէքէեանը, որ ունի «Սուրբ բարկութիւն» խորագրով բանաստեղծութիւն մը, գրուած՝ 1903ին, այսինքն՝ Սիամանթոյի «Ատելութեան Կոչ»ին հետ գրեթէ նոյն շրջանին: Հոն, Թէքէեա՛նն ալ, պահ մը դուրս գալով իր ընկալեալ մեղմ բնաւորութենէն, «սուրբ» կը կոչէ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ եւ այլաբանական պատկերներով կը պահանջէ, որ գառնուկները գա՛յլ դառնան, տատրակները՝ օձ, շուշանները վերածուին ժանտափուշի, մանուշակներն ալ՝ մոլեխինդի… Յար եւ նման՝ Սիամանթոյին, որ իր խօսքն ուղղելով հայ հոգեւորականին՝ կ՛ըսէր.
Եւ դուն՝ միսթիք վեղարաւոր, քու քառաթեւ խաչիդ երկու թեւերը փշրելէն՝ զինուէ՛ անով,
Թշնամիիդ եւ խոնարհութիւն հրամայող Աստծուդ առջեւը ծառանալու համար…
(«Ատելութեան Կոչ»)
Վերադառնանք Հողին: Սիամանթոյի գրչին տակ Հողը կ՛ուզէ, որ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ գոյանայ իր ցանուցիր զաւակներուն միջեւ: Կը սրտապնդէ զանոնք, կը յուսադրէ: Ան կը պահանջէ, որ բոլո՜րը, բոլո՛րը միանան պայքարի գումարտակներուն, այլապէս ամոլները պիտի այրիանան, նորածինները իրենց խանձարուրներուն մէջ իսկ պիտի խեղդուին, դիակները պիտի յօշոտուին, տաճարները պիտի քանդուին ու այգեստանները պիտի մոխրանան… Ուրեմն պէտք է աճապարել՝ «Նիզակները ցցած ու կուրծքերը բացած», առա՛նց վարանելու, «որովհետեւ,- կ՛ըսէ Հողը,- միայն ե՛ս գիտեմ, թէ արիւնի ի՜նչ անագորոյն սահանքներ իմ եօթը խաւերուս աղջամուղջներուն խորը սուզուելով՝ հաստատութեանս հիմունքները անողորմաբար ողողեցին»…
Սակայն, հակառակ Հողին հնչեցուցած այս ահազանգին, «հազարաւորներ ու հազարաւորներ դեռ չէին կրցեր իրենց քայլերը վճռել»: Անոնք թափօրով կը հեռանային Հող-Հայրենիքէն: Այսինքն կար զանգուած մը, որ վերապահ էր պայքարի գաղափարին նկատմամբ, հակամէտ էր գլուխ ծռելու թշնամիին անողորմ սուրին առջեւ: Ստրկամտութի՜ւն: Ահա՛ Պատգամաբեր մը, որ խօսքն անոնց ուղղելով՝ կ՛ըսէ.
Ձեզի եմ, դէպի յե՛տ, դէպի յե՛տ, դէպի յե՛տ արշաւենք,
Մեր թմրութենէն եւ մեր սարսափէն առնաբար սթափելով,
Եւ թող մեր տեղափոխուող ծովի զարհուրանքը թշնամիները խիզախէ,
Թող մեր ակռաները զանոնք յօշոտեն եւ մեր բռունցքները վայրագօրէն հարուածեն.
Թող մեր ձեռքերը ճամբաներու հրաքարերովը զինուին,
Թող մեր քայլերը հնչեն եւ մեր վրէժի եւ քաղցի աղաղակը որոտայ,
Թող մեր կարաւանը մեր յառաջապահ եղբայրները պատնիշէ…
(Հատուածը առած եմ «Զղջումին Թափօրը» գլուխէն: Ի դէպ, Վահան Թէքէեանն ալ շատ հաւնած էր այս գլուխը ու՝ համոզում յայտնած, որ՝ «Յղացումի եւ արտայայտութեան կրկնակ տեսակէտներէն գլուխ-գործոց մըն է, որ ապագային հայ բանաստեղծութեանց հաւաքածոներուն մէջ իր շքեղ տեղը պիտի գրաւէ» (Տե՛ս «Շիրակ» ամսաթերթ, Աղեքսանդրիա, 1905 Մայիս):
Կը տեսնուի, որ Սիամանթօ կը յանձնարարէ իր ժողովուրդին կռուիլ ձեռնտու ամէն միջոցներով, մինչեւ իսկ «ճամբաներու հրաքարերով»: Այս պատկերը մեզի կրնայ յիշեցնել պաղեստինցիներու մերօրեայ դիմադրութիւնը՝ Այսրյորդանանի գրաւեալ հողերուն վրայ.
Երջանկացա՜ւ Հողը, ի վերջոյ, որովհետեւ՝
Հիմա բովանդակ թափօրը վճռական՝ հորիզոնէ հորիզոն՝ դէպի Հողը կը խոյանար,
Մինչդեռ ատելութեան եւ սիրոյ եւ զղջումի արցունքները անոնց աչքերէն կը հոսէին…
Այդ տարիներուն մեր յեղափոխական կազմակերպութիւնները որդեգրած էին «տեռոր»ի գործելաոճը: Մահապատիժով կը սպաննուէին բոլոր անոնք (հայ թէ ոչ հայ), որոնք դաւաճանական արարքի մէջ կը գտնուէին կամ կը վնասէին յեղափոխական գործին: Ուրեմն հրապարակի վրայ կային ահաբեկիչներ (տեռորը գործադրողներ) եւ դաւաճաններ (որոնք տեռորի պիտի ենթարկուէին): «Հայորդիներ»ու շարքին մէջ մարդկային այս երկու հակադիր խմբաւորումները առանձին քերթուածներով գտած են իրենց տեղը:

Սիամանթոյի համար ահաբեկիչները «Ճշմարտապետութեան ճամբուն վրայ յայտնուած» ու «արդարակշիռ եւ երկաթեղէն անպարտելի ձեռքերով» հերոսներ են, որոնց յանկարծական երեւումը «բոլոր վասակները հողեց եւ մարդակեր ամբոխներ քարացուց»: Ահաբեկիչները «ինքնիշխան եւ գերագոյն դատաւորներն են բոլոր արիւնաբերան բռնապետներուն»: Անոնց «բռունցքին հարուածներուն տակ մատնիչներուն կզակները կը կափկափեն»… («կափկափել» կը նշանակէ ակռաները իրարու զարնել, կրճտացնել):
Իսկ դաւաճաննե՞րը… Բանաստեղծը իր թունաւոր ժահրը կը թափէ անոնց գլխուն եւ կ՛ուզէ զանոնք պատժել ի՛ր իսկ ձեռքերով.
Այսօր, ատելութեամբ՝ կայծակնահիւս խարազանս ձեռքերուս մէջն ամրապինդ,
Եւ հրաշէկ երկաթներովս, որչա՜փ կ՛ուզէի ձեր դիակներն ե՛ս խարանել, ո՜վ դաւաճաններ…
Ե՛ս կ՛ուզէի զձեզ խարանել եւ ե՛ս կ՛ուզէի մուրճերուս եւ կռաններուս կատաղութեանցը տակ,
Ձեր ոսկորներն եւ ձեր եղեռնագործի ճղճիմ գանկերն աւազներո՜ւ նման փշրտել…
Ե՛ս կ՛ուզէի զձեզ գարշապարներուս տակ առնել, ե՛ս կ՛ուզէի զձեզ մահացնել եւ ե՛ս վերստեղծել,
Ե՛ս կ՛ուզէի զձեզ աստուածաբար հազար անգամ վերստեղծել եւ ե՛ս կ՛ուզէի
զձեզ հազար անգամ գերեզմանել…
Ու տակաւին՝
Ա՜հ, մահը գթութիւն է ձեզ համար եւ խարոյկներուն հուրը՝ մարտիրոսի փա՜ռք,
Ձեր օրրանը ցեխը եղած է եւ ձեր օթեւանը ճահիճներու ժահրը պէտք է ըլլայ,
Աքցաններով ձեր միսը, հիւլէ առ հիւլէ, ժլատօրէն, ժուժկալօրէն պէտք է քերծել,
Եւ տարիներով, կաթիլ-կաթիլ, բաժին հանել, ձեր արիւնէն, նախճիրակեր բորենիներու ծարաւին… («Դաւաճաններ»)
Իր առաջին երկու քերթողագիրքերը իրենց գաղափարներով ու խոկումներով յստակ պատկերացում մը կու տան արդէն Սիամանթոյի ազգային աշխարհայեացքին մասին: Ինք ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ եւ ՊԱՅՔԱՐԻ կողմնակից է: Կը հաւատայ զէնքի ու բռունցքի ուժին: Կ՛ուզէ, որ խորտակենք բանտերու դռները ու կալանաւորները «յափշտակենք» հոնկէ՝ յետոյ համբուրելու համար անոնց ճակատները («Բանտերու Խորերէն»):
Սակայն, նկատի ունենալով հայ ժողովուրդը շրջապատող քաղաքական անբարենպաստ պայմանները (Արեւմտահայաստանը՝ համիտեան բռնակալութեան տակ, Արեւելահայաստանը՝ ցարական ճնշումներու ենթակայ), բանաստեղծը արդեօ՞ք յոյսեր կը կապէր Եւրոպային…
Ո՛չ, ինք, որ Եւրոպա կ՛ապրէր, կեղծ ու ստապատիր կը նկատէր Արեւմուտքի մերձեցումը հայոց տառապանքին: «Որբերու Ճակատագրէն» քերթուածին մէջ ան կը գրէր, որ անոնք՝ եւրոպական տէրութիւնները կամ անոնց ներկայացուցիչները, «կեղծ ժպիտով, մահաբոյր խոստումով եւ ծածկամիտ նայուածքով» կը մօտենան մեզի, մեր որբուկներուն: Անոնց «բուրվառին մէջ մեր արիւնն էր, որ խունկի փոխան կը ծխար», «իրենց սկիհը մեր արցունքովը լեցուած էր», եւ թէ անոնք՝ «Քրիստոսին խօսքը ծամածռեցին ստրկութեան օրէնքներն օրհնաբանելով»…
***
Սիամանթոյի առաջին երկու հատորներուն, բայց նաեւ՝ անոնց յաջորդող հետագայ միւս գործերուն մէջ եւս, առհասարակ, տիրապետող է կարմիր գոյնը: Կոտորա՜ծ, արի՜ւն, վրէժխնդրութի՜ւն, յեղափոխութի՜ւն, զնտաննե՜ր, կախաղաննե՜ր եւ մասամբ նորին: Այս թեման տարե՛րքն է բանաստեղծին, դաշն եւ գոռ մռնչիւններով: Հայութեան անպատմելի տառապանքներն ու ողբերգութիւնները կլանած են զինք ամբողջովին:
Կայ սակայն բանաստեղծութիւն մը «Հայորդիներ»ու Գ. շարքին մէջ, ուր մեր դիմաց կը կանգնի բոլորովին տարբե՜ր Սիամանթօ մը, հովուերգա՜կ բանաստեղծ մը, որ կարմիրի փոխարէն՝ անգամի մը համար ընտրած է նարնջագոյնը (ցորեանի դաշտերուն երանգը) ու մեզի կ՛ընծայէ բնութեան ու ստեղծարար աշխատանքի հրաշալի պատկերներ՝ բոլորովին նորոգեալ բառամթերքով, այնքան նման՝ Դանիէլ Վարուժանի ապագայ «Հացին Երգը»ին: Այս բանաստեղծութիւնը կը կոչուի «Սովամահ»:
Եօթը էջանի գլուխ մըն է այս: Սիամանթօ իր տողերը կը սկսի ոգեկոչելով՝ հայրենի դաշտերը, մրգաստաններն ու արօտները, բուրաստաններն ու պտղալից այգիները, հրեղէն արշալոյսը, ջրաղացին ձայնը, ձորէն հոսող գետակները… Կարդա՛նք.
Առուները մամուռներու մետաքսին մէջէն մանկահասակ մերկութիւններու
նման կը հոսին…
Եւ բուխերիկներէն, ատրուշաններու հանգոյն, առաւօտեան ծուխը իր խունկը կը ծխէ:
Մարմարիրան եւ գեղանի հարսեր, կուժը ձեռուընին, աղբիւրներու
ադամանդին կ՛երթան…
Ուրիշներ վարդի թուփին կը մօտենան, սոխակին հետ իրենց նորածին սէրն երգելու:
Յուռթի հունձքերու եւ աւետարանական եւ երջանիկ եղանակն է որ կը ծնի:
Բնութիւնը յղի է եւ երկրագործները իրենց հանճարի ճիգէն եւ պտուղէն գինով՝
Դաշտերուն շուրջը կը խռնուին: Գերանդիները ուսերուն վրայ, յոյսերու պէս կը շողան:
Անդաստանը պիտի սկսի: Հունձքերու օրհնութեան արշալոյսն է այսօր:
Ակա՛նջ տուէք բանաստեղծին մաղթանքին, ուր նոյնիսկ զանց չէ առնուած… թշնամին.
Աղօթք մը, բնութեան համար, բարերար բնութեան համար, շրթունքներէն թո՛ղ թռչի,
Թո՛ղ հողը իր բիւրապատիկ ցորեանը պարգեւէ մեզ եւ աշխարհի
չորս ծայրերու մարդկութեան,
Ե՛ւ դրացիին, ե՛ւ բարեկամին, ե՛ւ թշնամիին, ե՛ւ չարին, ե՛ւ անծանօթին…
Ամէն քաղց թող յափրանայ եւ ամէն ծարաւ թող պայծառ ջուրէն իր պապակն յագեցնէ…
Բանաստեղծը կ՛երջանկանա՜յ՝ ի տես բնութեան արգասաւորումին: Կ՛ոգեւորուի՝ տեսնելով, որ «հասկերը զիրար կը համբուրեն», «մանգաղները կը շարժին ու ոսկեվառ ծովե՜ր, ծովե՜ր, ծովե՜ր են, որ կը հնձուին», որաները (ցորենի խուրձ) կը դիզուին իրարու վրայ: Պիտի սկսի կալերու օրհնաբա՜շխ աշխատանքը: Եւ այս բորորը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ «օրէնքը, նպատակը, մաքրութիւնը եւ մեծութիւնը չհասկցուած կեանքին»…
Բայց… այլեւս հունձք չկայ, հնձող չկայ, սերմնացան չկայ, վարելահող չկայ: Անօթի մնացեր են եզները, բուսականութիւնը մեռեր է, աքաղաղն իսկ այլեւս չ՛երգեր: «Արշալոյսն ալ կարծես, ցեղիս արիւնին նման, հողին խորերն է իջեր…», իսկ ջրաղացը «ապարդիւնօրէն թափուր դագաղի մը նման կը դառնայ…»: Նորածինները անօթի են, մայրերու ստինքները՝ ցամքած:
ՍՈՎ կը տիրէր հայրենի դաշտերուն մէջ…
ՔԻՉ ՄԸ ԿԱԶԴՈՅՐ ԵՒ… ՍՐՏԻ ՏՐՈՓՈՒՄՆԵՐ
Լէյզենի բուժարանին մէջ կը շարունակուէր Սիամանթոյի դարմանումը: Վայրը լեռնային էր ու անտառապատ, գեղատեսիլ ու ծաղկառատ: Բանաստեղծը ի գործ կը դնէր իր ամբողջ կամքն ու ճիգը՝ վրայէն թօթափելու համար թոքախտի հետքերը: Ան բուժարանին մէջ տեւաբար բանտարկուած չէր մնար անշուշտ: Ամէն պատեհ առիթով կ՛ուղեւորուէր դէպի Լոզան ու Ժընեւ՝ ընկերներու եւ բարեկամներու հանդիպելու համար:

Այդ տարիներուն, իբրեւ բժշկականի ուսանող, Լոզան կը գտնուէր նաեւ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան), որ մօտէն ծանօթ էր Սիամանթոյի հիւանդութեան: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ այս մասին. «Կամքի տարօրինակ ուժով մը, բժիշկներու պատուէրին անսալու համար, այդ ջղուտ ու անհանդարտ երիտասարդը ամբողջ երկու տարի, ամէ՛ն օր, ամէ՛ն ցերեկէ վերջ, երկար-երկար ժամերով, բաց օդին մէջ փռեց, անշարժացուց, քարացուց իր վտիտ մարմինը՝ արեւուն տակ անմահութեան համար հասունցող մոմիայի մը պէս…
«Հնազանդ տղու մը նման առտու-իրիկուն կանոնաւորապէս չափեց իր ջերմութիւնը: Միայն թէ ամէն անգամ որ չափազանց բարձր էր ջերմաչափը, իսկոյն կը ցնցէր ու կ՛իջեցնէր զայն՝ ոտքերը ուժգին-ուժգին գետին զարնելով ու «պիտի ապրի՛մ, պիտի ապրի՛մ» պոռալով…
«Ու շաբաթն անգամ մը, երբ ծանրութիւնը չափելու համար կը մօտենար ճակատագրական նժարին, չէր մոռնար կանխաւ քանի մը գիրք պահելու գրպաններուն մէջ՝ անոնց կշիռովը ինքզինք ու իր բժիշկը խաբելու համար…» (տե՛ս «Չմեռնելու Համար» յուշապատումը՝ «Բժիշկին Գիրքէն Փրցուած Էջեր» հատորէն):
Սիամանթօ, այսպէս, բաւական կազդուրուեցաւ: Կրնանք ըսել, որ յաջողեցաւ իրմէ հեռացնել մահուան ստոյգ վտանգը, զգալիօրէն ապաքինեցաւ, սակայն հիւանդութեան հետքերը ամբողջովին չանէացան: Նոյնիսկ տարիներ ետք, իր եղերական նահատակութեան նախօրէին, այդ հետքերը գլուխ կը ցցէին մերթ ընդ մերթ ու կը խանգարէին իր անդորրը:
Այս շրջանին է, որ բանաստեղծը ապրեցաւ իր կեանքին սիրային ապրումներէն առաջինը:
Հերոսուհին կը կոչուէր Սաթենիկ Ջաղէթեան: Թիֆլիսեցի էր ու հանրայայտ ընտանիքի մը դուստրը: Անոր եղբայրը՝ Գրիգոր Ջաղէթեան, տնտեսագէտ էր ու հետագային, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներուն (1919-20), պիտի վարէր ելեւմտից նախարարի պաշտօն (իր ստորագրութիւնը ամենայն յստակութեամբ կ՛երեւի հանրապետութեան թղթադրամներուն վրայ):
Սաթենիկ Թիֆլիսէն Լոզան եկած էր՝ տեղւոյն համալսարանը բժշկութիւն ուսանելու համար, այլ հայորդիներու նման:
Երբ Սիամանթօ 1904ին Փարիզէն Զուիցերիա եկաւ բուժուելու, նախ հանդիպեցաւ Լոզան, ուր հայ ուսանողները գուրգուրանքով շրջապատեցին զինք: Անոնցմէ մէկն ալ Սաթենիկն էր, քչախօս ու աւանդապահ հայուհի մը:
Յաջորդող շաբաթներուն կամ ամիսներուն Սիամանթոյի հերթական հաւաքական հանդիպումները զուիցերաբնակ հայ ուսանողութեան հետ քանիցս դէմ յանդիման բերին զինք Սաթենիկին: Սիրոյ կայծ մը բռնկեցաւ երկուքին միջեւ…
Սիամանթօ, զուսպ ու պատուախնդիր, թէեւ զգալի դարձուց, որ անտարբեր չէր աղջկան նկատմամբ, սակայն մօտաւորապէս մէկուկէս տարի զգուշացաւ իր սէրը բացայայտօրէն յայտնելէ՝ միշտ յուսալով, որ շուտով կ՛ապաքինի ու միայն անկէ ետք իր սիրտը կը բանայ օրիորդին:
Յարաբերութիւնը շարունակուեցաւ այս կշռոյթով: Անոնք ունեցան բազմաթիւ տեսակցութիւններ՝ զգալի խանդաղատանքով: Նամակներ ու բացիկներ փոխանակեցին իրարու հետ (պատահած են օրեր, երբ Սիամանթօ օրական 2-3 բացիկ ղրկած է Սաթենիկին, նամակներ գրած է վարդագոյն թուղթի վրայ…): Երկուստեք ունեցան սրտի տրոփումներ եւ ապրեցան զգացական յուզիչ պահեր՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս ապրեր էին իրենցմէ 40 տարի առաջ տարաբախտ բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն ու ապագայ վիպագրուհի Սրբուհի Վահանեանը (Տիւսաբ): Ռուբէն Սեւակ վերը նշեալ իր արձակ գործին մէջ ակնարկութիւններ ունի նաեւ ա՛յս մասին:
Հայ-թաթարական կռիւներու բերումով՝ 1905ի վերջերը, շատ մտահոգիչ լուրեր սկսան հասնիլ Կովկասէն: Ամէն կողմ՝ ցոյցեր, գործադուլ, սպանութիւններ: Նոյն օրերուն Պոլսէն հասաւ նաեւ Սիամանթոյի հօր անձնասպանութեան լուրը… Երկու սիրահարները չափազանց ընկճուած էին:
Սաթենիկ, Սիամանթոյի կարծիքն ալ առնելէ ետք, 1906 Մարտին որոշեց Թիֆլիս վերադառնալ՝ պահ մը ընտանիքին միանալու, ապա Սեպտեմբերի համալսարանական վերամուտին կրկին գալու մտադրութեամբ: Բայց այս երթը ճակատագրական պիտի ըլլար իրեն համար: Զայն ճամբու դրած ատեն Սիամանթօ ըսած էր արդէն. «Ժամանակը եւ տարածութիւնը զիս կը սարսափեցնեն»:
Սիամանթօ եւ Ջաղէթեան, այնուամենայնիւ, շարունակեցին իրենց նամակագրական գաղտնի կապը Լէյզենէն Թիֆլիս եւ հակառակ ուղղութեամբ:
Պարագաները այնպէս բերին ի վերջոյ, որ նամակագրական այս կապին իրազեկ դառնան Սաթենիկի ծնողքը: Անոնք յօժար չեղան, որ իրենց դուստրը իր կեանքը կապէ հիւանդի մը հետ, փոյթ չէ, թէ անիկա տաղանդաւոր բանաստեղծ մը ըլլար…
Սաթենիկ, որուն առջեւ այլեւս կը փակուէին Լոզան վերադառնալու յոյսերն ու կարելիութիւնը, իբրեւ հակազդեցութիւն այս բոլորին՝ որոշեց Թաւրիզ (Պարսկաստան) անցնիլ ու նուիրուիլ ուսուցչութեան: Հո՛նկէ եւս նամակներ ու նուէրներ փոխանակեցին երկուստեք, բայց կարճ ատեն ետք վերջնականապէս լռեցին երկուքն ալ, որովհետեւ այս անպտուղ կապը դարձեր էր անյոյս ու ճնշիչ…
Սաթենիկ Ջաղէթեան աւելի ուշ ամուսնացաւ Նիկոլ Սարգսեան անուն մանկավարժի մը հետ ու ապրեցաւ Խորհ. Հայաստանի մէջ: Ամուսինը զոհ գնաց 1938ի ստալինեան մաքրագործումներուն, իսկ իրենց միակ զաւակը զոհուեցաւ Բ. Աշխարհամարտի ճակատներուն վրայ:
Դժբախտ Սաթենիկ հետագային գրեց իր յուշերը ու 60ական թուականներուն զանոնք յանձնեց Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արխիւին (գրականագէտ Գուրգէն Գասպարեան յետոյ զանոնք հրատարակեց «Գրականագիտական հանդէս»ին մէջ): Հոն, ի միջի այլոց, երկարօրէն կը խօսի նաեւ Սիամանթոյի հետ ունեցած իր զգացական կապերուն մասին:
ԵՐԲ ԿԸ ԲՈՑԿԼՏԱՅԻՆ ՀՈԳԵՎԱՐՔԻ ԵՒ ՅՈՅՍԻ ՋԱՀԵՐԸ
Սիամանթոյի երրորդ քերթողագիրքը («Հայորդիներ»ու անջատ շարքերը նկատի ունինք իբրեւ մէկ ամբողջութիւն) կոչուեցաւ «Հոգեվարքի Եւ Յոյսի Ջահեր»: Անիկա հրատարակուեցաւ Փարիզ, 1907ին:
Չօպանեանն էր դարձեալ, որ իր «Անահիտ»ին մէջ խանդավառութեամբ արձագանգեց այս հատորին: Ան իր գրախօսականը կը սկսէր սա՛ տողերով. «Եարճանեանի նոր հատորը, մինչեւ ցարդ իր հրատարակածներուն մէջ՝ ամէնէն հարուստը եւ բազմազանը, սահմանուած է փառաւոր ու յաւերժական կեանքի մը՝ իբր մեր ժամանակակից բանաստեղծութեան ամէնէն շքեղ, ամէնէն տոհմիկ եւ ամէնէն ուժեղ էջերէն մէկը»:
Շուրջ 30 բանաստեղծութիւններ մէկտեղուած էին հոս, գրուած՝ 1897-1907ի տասնամեակի շրջանին: Ուրեմն, անտիպներու կողքին, կային վաղեմի քերթուածներ ալ («Ցաւերու Ցաւէն» տետրէն), որոնք ինչ-ինչ պատճառներով չէին մտած նախորդ երկու գիրքերուն մէջ, սակայն հիմա վերամշակուելով՝ տեղ կը գտնէին այստեղ:
Այս հատորին համար նախաբան մը գրած էր գրագէտ Ռուբէն Զարդարեան, որ այդ շրջանին Ֆիլիփէ (Պուլկարիա) կը մնար ու այնտեղ կը խմբագրէր «Ռազմիկ» թերթը: Զարդարեան կը գնահատէր Սիամանթոյի արուեստը, սակայն տողերու արանքին կը զգացնէր, որ այնքան ալ դիւրին չէր այդ արուեստին ընկալումը: Ան կը գրէր. «Ու վայելքը այս մեհենական քնարերգութեան՝ իր բարձրագոյն դաշնակութեամբն ու վսեմ մեղեդիներովը, սահմանուած չէ ո՛չ ամբոխին, ո՛չ հետեւակ ճաշակներուն եւ ո՛չ ալ ռամիկ ականջներու. անհրաժեշտ է հոգիով վանկ-վանկ հեգել այդ բարբառը՝ անոնց խրթնագիծ քանդակին իմաստն ըմբռնելու, անհրաժեշտ է մտքի հուժկու թեւ մը՝ թեւելու համար վսեմ երեւակայութեան այս սաւառնումին հետ»:
Նախ ըսենք, որ «Հոգեվարքի Եւ Յոյսի Ջահեր»ը կը պարունակէր քանի մը քերթուածներ, շուտով՝ հռչակուած ու ժողովրդային դարձած, որոնք առ այսօր կը զարդարեն հայերէնի մեր դպրոցական դասագիրքերը: Օրինակ՝ «Մահուան Տեսիլք»ը, «Ափ Մը Մոխիր՝ Հայրենի Տուն»ը կամ «Ես Երգելով Կ՛ուզեմ Մեռնիլ»ը:
Հատորին խորագիրը մտածումի պէտք է առաջնորդէ մեզ: «Հոգեվարք» եւ «յոյս»:
«Հոգեվարք»ը մահուան ամենամօտիկ պահն է, օրհա՜սը: Մինչդեռ «յոյս»ը կեանքին կառչելու յենարանն է, պատուանդա՛նը: Այս երկու բառերը, ըստ էութեան, հակադիր վիճակներ են ու հակադրութիւնը կը վերաբերի Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ճակատագրին: Սիամանթոյի սիրեցեալ հայրենիքը կը տուայտի հոգեվարքի եւ յոյսի միջեւ…
Բայց անմիջապէս ըսենք, որ «յոյս»ը գրեթէ աննշան տեղ մը կը գրաւէ հատորին ընդհանուր մթնոլորտին մէջ: Տիրապետողը «հոգեվարք»ն է: Եւ այս պարագան շատ զարմանալի կը թուի մեզի՝ ընթեցողներուս, քանի որ Սիամանթօ մի՛շտ եւ տեւաբար ՅՈՅՍԻ շեփորահար մը հանդիսացած էր, մերժած էր անձնատուութիւնը: Մինչդեռ հիմա յուսաբեկութեան կամ յուսազրկութեան մատնուած ըլլալ կը թուի: Նոյնիսկ կրնանք մտածել, որ աւելի յարմար պիտի ըլլար գիրքը կոչել «Հոգեվարքի Ջահեր»՝ հոնկէ զեղչելով «յոյս» բառը:
«Հոգեվարքի Եւ Յոյսի Ջահեր» hատորին մէջ տեղ գտած բանաստեղծութեանց վերնագրերն անգամ բարացուցական են, կը մատնեն անոնց բնոյթը. «Աւերումի Գիշեր», «Թաղում», «Արիւն», «Անդրշիրիմեան Աղաղակ», «Մեռելոցի Օր», «Խաւար», «Ծարաւ», «Չարչարանքի Երազ», «Հոգեվարքի Իրիկուն», «Մահերգ»:
Բանաստեղծին «մարմարեայ» կամ «երկաթեայ» ոճը, որուն վարժուած էինք իր նախորդ գիրքերուն միջոցով, զգալիօրէն մեղմացած է հոս, իսկ շանթերն ու արիւնի հեղեղները նուազած են բաւական: Մինչեւ իսկ կրնանք ըսել, որ քնարերգակ վշտակիր բանաստեղծ մը եկած ու գրաւած է աթոռը նախկին դիւցազներգակին:
Ի հարկէ, հինէն հասնող հռետորական թեթեւ շունչ մը մի՛շտ առկայ է բանաստեղծին տողերուն արանքին, քանի որ տեղ-տեղ ցաւի ու զայրոյթի ալիքներ կը բարձրանան… Բայց Սիամանթոյի քնարը տարբե՜ր լարեր ունի այստեղ:
Բայց ի՞նչ է պատճառը այն գորշ մթնոլորտին, որ պարուրած է բանաստեղծը: Արդեօ՞ք հայ ազատագրական շարժման կամ հայոց քաղաքական ձգտումներուն մէջ ձախորդութիւններ նկատած է, հիասթափած է: Ո՜վ գիտէ:
Եկէք՝ նախ կարդանք «Արիւն» խորագրուած քերթուածին մուտքի բաժինը.
Տժգունօրէն յոյսին բոլոր շուշանները թափեցան,
Օրերուն անգթութեանը մարմարներէն ի վար,
Մահագուժօրէն եւ անդադար.
Եւ արբշիռ եւ ուխտուած հոգիները այլեւս հանեցին
Իրենց յաղթանակի եւ երազի վերարկուն երկար,
Գերեզմանուող իրիկուններուն հետ,
Եւ աւերումի համայնապատկերին դիմաց:
Մեզի ծանօթ սիամանթոյական ոճն է ասիկա: Իր սիրած բառերն են՝ «տժգունօրէն»ը, «մարմար»ը, «մահագուժօրէն»ը, «արբշիռ»ը (գինով) եւ այլն: Բայց ուշադի՜ր՝ տողերու իմաստին: «Յոյսին բոլոր շուշանները թափեցան» կ՛ըսէ բանաստեղծը (այսինքն՝ յոյսերը չքացան…), իսկ «Արբշիռ եւ ուխտուած հոգիները այլեւս հանեցին իրենց յաղթանակի եւ երազի վերարկուն…» (այսինքն՝ ուխտեալ հերոսները, որոնք գինովցած էին իրենց յաղթանակի երազներով, պատրանաթափ դարձան…): Մտածել տուող արտայայտութիւններ են ասոնք:
Յաջորդ տողերուն մէջ նոյն տրամադրութիւնը կը շարունակուի, քանի որ՝ «Տրտմութեան երկաթէ ձիւնը կը հոսի մեր բոլորին անմխիթար որբութեան վրայ», «Ջուլհակները մեր սեւ օրերուն խոնաւ պատանքը կը հիւսեն», ու մա՛նաւանդ՝ այլեւս արշալոյսներ չեն ծագիր, աւա՜ղ…
«Աւերումի Գիշեր» քերթուածն ալ ջուր կը խմէ նոյն ակէն: Հոս սարսափի եւ արիւնի տեսիլքներ դա՛րձեալ կը խռովեն բանաստեղծը, որ թէեւ «կեանքին Փառքը եւ ապրելու Գեղեցկութիւնը» կը տենչայ ու «երջանկօրէն՝ կենդանարար Արեգակին ծննդեանը» կը սպասէ, բայց՝ «աւա՜ղ, երազները կը մեռնին, երազները կը մոխրանան»:
«Խաւար» խորագրեալ քերթուածէն պոռթկացող տրամադրութիւնն ալ տարբեր չէ ու մեզ կը շշմեցնէ: Խօսքն ուղղելով իր մտածումի եղբայրներէն մէկուն՝ «զինուորեալ ընկերոջ մը», Սիամանթօ անոր կը յանձնէ՝ իր մետաքսէ վերարկուն, կաղնիէ ցուպը, ջուրի սափոր մը, հայրենական այգիէն քաղուած խաղողի ողկոյզ մը, զամբիւղի մէջ դրուած հաց, այսպիսով՝ կարծէք հաշուեփակը ընելով իր կեանքին: Ան իր զէնքերն իսկ վա՛ր կը դնէ.
Եւ ահաւասիկ դեռ եբենոսէ անվարժ քնարս աղմկայոյզ,
Որ պարտութենէս, օր մը իմ դողդոջուն ձեռքերուս մէջ ջախջախուեցաւ…
Եւ ահաւասիկ վերջապէս քեզի՝ իմ վաղնջական սուրս պողպատեայ,
Որովհետեւ իմ յաղթուածի բազուկները անարժա՜ն են անոր բոցին:
Կը տեսնուի, որ չորս տողի մէջ որքա՜ն յուսախաբութիւն ամբարուած է. պարտութի՜ւն, դողդոջուն ձեռքեր, քնարի ջախջախում, յաղթուած (պարտուած) բազուկներ եւ գետին դրուած պողպատեայ վաղնջական սուր մը…
«Յիշատակ» քերթուածին մէջ ալ, որ Լէյզենի բուժարանի օրերէն կու գայ, կրակոտ բանաստեղծ մը չկայ արդէն, այլ կայ դողդոջուն էակ մը: Անձնական հոգեվարքի նմուշ մըն է այս.
Բայց, կը դողդոջե՜մ. մեղա՜յ քեզի, ո՜վ մահագուժ ներկայ,
Անցեալիս գեղեցկութիւնը վերապրելու ուժը կը պակսի ինծի…
Ու բազուկներս որ ատենով յաղթանակներու արեգակին գալարուեցան…
Այսօր ջախջախուած՝ սրտիս սէրերուն վրայ կը խաչաձեւուին…
Պարտուողական տրամադրութիւնը անյարիր է Սիամանթոյին: Ընթերցողներս կ՛անհանգստանանք այդ հոգեվիճակին ի տես: Ճիշդ այս պատճառով ալ բանաստեղծը մեր սրտերուն վրայ ջուր կը սրսկէ կարծէք, դուրս կը բերէ մեզ ճնշող տպաւորութենէն, երբ մեզի կը հրամցնէ «Սուրիս կայծերուն առջեւ» վերնագրեալ քերթուածը: Ասով մենք կը վերագտնենք նախկին Սիամանթոն, դիւցազներգակ քերթողը, որ կը սիրէ տարփողել պայքարն ու վրէժը: Բանաստեղծութիւնը գեղեցիկ ներբող մըն է պատէն կախուած… սուրի մը: Սուր, որ կը նշանակէ ինքնապաշտպանութեան զէնք: Ահա՛ իր խրոխտաձայն տողերէն նմուշներ.
Եւ կը սիրեմ զքեզ, դուն՝ Արդարութիւն եւ Բարբարոս,
Դո՛ւն, որուն կայծկլտուքը սոսկում մըն է եւ խրախոյս մը միանգամայն,
Դո՛ւն, որուն ժանգը անքաւելի պարտութիւն մըն է ամօթաբեր,
Դո՛ւն, որուն դադարը ստրկացում մըն է զքեզ պաշտող ձեռքերուն…:
Թէեւ քու ոսկեքանդակ պատեանդ արտացոլումն է կեանքիդ,
Բայց դուն մերկութեանդ մէ՛ջ միայն կրնաս աստուածօրէն գեղեցկանալ…
Պատեանէդ դո՛ւրս միայն քու ծարաւդ կը յագենայ եւ ցասումդ կ՛ամոքի…
Անկէց դո՛ւրս միայն քու տիրոջդ ճակատը պիտի կրնայիր պսակել…
…Մերկացի՜ր, մերկացի՜ր, մերկացի՜ր, օրերուն Օրն է, ո՜վ իմ սուրս աղիտաւոր…:
***
Առանձին ուշադրութեան արժանի է այս հատորին վերջին բանաստեղծութիւնն ալ՝ «Ասպետին Երգը»: Կը բաղկանայ քառասուն քառեակէ, այսինքն՝ 160 տողէ:
Այստեղ Սիամանթօ ինքզինք կը նետէ առասպելական երիվարի մը կռնակին ու կը սուրա՜յ, կը խոյանա՜յ դէպի իր վեհ Նպատակը… Նժոյգին պայտերէն կայծեր կ՛արձակուին, ասպետն ու ան կը թռչին հայրենի քաղաքներու, լեռներու եւ դաշտերու վերեւէն, երբեմն կը տեսնեմ մոխրացած եւ աւերակեալ շէներ, նոյնիսկ՝ դիակներ ցիրուցան, արի՜ւն, սակայն կանգ չեն առներ բնաւ, որովհետեւ՝
Այսուհետեւ ես Յոյսին Ջահերն է որ պիտի վառեմ,
Դադարը մա՛հ է մեզ համար, կանգ մի՛ առներ, երիվար…
Հոգիիս մէջ հեծեծանքս ես կը թաղեմ անդնդախոր,
Թող զայրո՛յթս միայն ապրի, կանգ մի՛ առներ, երիվար:
Փոխաբերական, այլաբանական բնոյթ ունի անշուշտ այս գործը: Արագասոյր երիվարն ու անոր մէջքին նստած ասպետը, միաձուլուած, կը խորհրդանշեն Ազատարշաւ Գաղափարը՝ բանաստեղծին իսկ բնորոշումով: Եւ ասիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայութեան ձգտումը՝ դէպի իր ազգային մեծ երազները…
Բայց ես, այստեղ, ստեղծագործութեան թելադրիչ բովանդակութենէն անդին, կը նշմարեմ գեղեցիկ բառերու փունջ մըն ալ, որ առանձնապէս կը խանդավառէ զիս: Ամբողջ բառամթերք մը, որ սա կամ նա ձեւով կապ ունի «ասպետ» հասկացողութեան հետ: Ահա՛ կը թուեմ.
– երիվար (նժոյգ, ընտիր ձի), ասպանդակ (ձիու թամբէն կախուած այն օղակը, որուն մէջ ձիաւորը իր ոտքը կ՛անցընէ), իրան (մարմինը՝ մէջքէն վեր, առանց թեւերու եւ գլուխի), վարաւանդ (ձիու թամբ եւ սանձ), պայտ (գրաստի սմբակներուն գամուած տափակ երկաթ), առապար (քարքարոտ ու խորտուբորտ տեղ), խութ (ոտքին առջեւ ցցուած խոչընդոտ, արգելք), ագի (պոչ), գաւակ (ձիուն կռնակին յետսակողմը՝ մէջքէն մինչեւ պոչ), դռոյթ (գրոհ, արշաւ), երասան (սանձ, պախուրց), երախ (անասուններու բերան), մտրակ (խարազան), հնձան (խաղող ճմլելու կոխարան՝ մասնաւոր աւազան), ծմակ (արեւ չտեսնող ձոր կամ հովիտ), վրնջել (խրխնջել, ձիու ձայն հանել) եւ այլն:
«Բառե՜ր, բառե՜ր, ի՜նչ բառեր», պիտի հառաչենք Նարդունիի հետեւողութեամբ…
Ի դէպ, «Ասպետին Երգը» անգլերէնի թարգմանուեցաւ ամերիկուհի հայասէր դ կանանց իրաւանց պաշտպան Ալիս Սթոն Պլեքուելի (1857-1950) կողմէ ու անջատ պրակով տպուեցաւ Պոլիս, 1912ին:
***
Հետաքրքրական է, որ «Հոգեվարքի Եւ Յոյսի Ջահեր»ը օրին ընկալուեր է տարբեր արժեչափերով: Այսպէս, մինչ Տիգրան Զաւէն Թիֆլիսի «Երկրի Ձայնը» շաբաթաթերթին մէջ (4.3.1907), Աւետիս Ահարոնեան՝ նոյն քաղաքի «Ժամանակ» օրաթերթին (11.3.1907), իսկ Մենասէր (Հ. Կարապետ Տէր Սահակեան) Վենետիկի «Բազմավէպ»ին մէջ (Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 1907) գնահատանքով կ՛արտայայտուէին գիրքին մասին, անդին՝ Էջմիածնայ Մայր աթոռի «Արարատ» ամսագրին մէջ ոմն Մինաս Բերբերեան ծանր քննադատութեան թիրախ կը դարձնէր Ատոմ Եարճանեանը… Ան կը պնդէր, որ Սիամանթոյի քերթողութիւնը ազդուած էր օտարներու հիւանդոտ գրականութենէն եւ «անմարսելի դատարկութենէն»: Գրախօսը, նախ, դժգոհ էր գործածուած բառապաշարէն. «Այնքան նոր բառեր է յօրինում եւ վրայ-վրայ կուտակում, որ ընթերցողը ապշած մնացած՝ չի իմանում՝ ո՞ւր է կորել միտքը, գաղափարը»: Յետոյ, զգացմունք եւ ճաշակ չէր գտած հոն: Ամբողջութիւնը՝ «Դա արդէն զառանցանքի տպաւորութիւն է թողնում եւ ոչ թէ, հեղինակի ցանկութեան համեմատ, տխրութիւն եւ արցունք է առաջացնում մեր մէջ, այլ՝ ծիծաղ եւ ձանձրոյթ» (Մայիս-Յունիս 1908):
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԵՐԳԵՑ ՍԷՐՆ ՈՒ ԵՐԿՆՔԻ ԿԱՊՈՅՏԸ…
Միշտ ալ շատերու կողմէ հարց տրուած է, թէ Սիամանթօ ինչո՞ւ շարունակ կարմիրով ներկեց իր էջերը: Ինչո՞ւ անդադար գծեց ու նկարագրեց կոտորածի, տանջանքի, պայքարի ու ռազմի պատկերներ:
Հարցումին պատասխանը յստակ է: Եւրոպա ապրելով հանդերձ, ան ինքզինք չէր կրցած անջատել Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ճակատագրէն: Իրեն համար մղձաւանջ մը դարձած էին այն անասելի բարբարոսութիւնները, որոնք ի գործ կը դրուէին իր անմեղ ցեղակիցներուն նկատմամբ: Յետոյ, ան լայն չափով կլանուած էր հայոց ազատագրական-յեղափոխական շարժումներով, որոնց հերոսական դրուագներն ու առաքելատիպ տիպարները կ՛ոգեւորէին զինք, ներշնչումի անսպառ աղբիւր կը դառնային իրեն համար:
Բայց… բանաստեղծը քնարերգական զեղումներ չէ՞ր ունենար բնաւ:
Կարելի՞ բան էր, որ Փարիզ կամ Ժընեւ ապրող 20-25 ամեայ երիտասարդ մը իր աչքն ու ականջը փակ պահէր կեանքի վարդագոյն պատկերներուն կամ անուշ զգացումներուն դիմաց, չերգէր երկնքին կապոյտը, չզմայլէր բնութեան չքնաղ գեղեցկութեան վրայ, չներշնչուէր փարիզեան գունագեղ առօրեայէն կամ Լեմանի լիճին կարապներէն, չունենար կարօտագին կամ յուզաթաթաւ ապրումներ, աղուոր երազներ, չերգէր սէ՜րը…
Այս հետաքրքրական հարցումին պատասխանը ծրարուած կը գտնենք «Հոգեվարքի Եւ Յոյսի Ջահեր»ուն մէջ: Հոն կայ բանալի բանաստեղծութիւն մը, որ կարծէք գրուած է յա՛տկապէս վերի հարցադրումին պատասխանելու համար:
Բանաստեղծութիւնը, որ կը բաղկանայ 29 տողերէ, կը կոչուի «Արիւն է որ կը տեսնեմ…»: Հոնկէ պիտի արտագրեմ լոկ 13 տող, ստորեւ.
Մոռացումներու մոխիրին մէջն է որ զքեզ պատանքեցի,
Ո՜վ երկբայելի, եսանուէր ու սնոտի Սէր,
Եւ չհաճեցայ հիւսել խարտեաշ եղէգներէն ո՛չ դափնի եւ ո՛չ պսակ,
Ու ո՜չ ալ դողդոջ երգ մը, քեզի համար, իմ ազատածուփ քնարէս
Ո՛չ ալ զքեզ դեռ երգեցի, ո՜վ երկինքներու անդորրական կապոյտ,
Ո՛չ ալ զքեզ՝ Արեգակ, զօրութիւն, կեանքի եւ աճումի ովկէան,
Ո՛չ ալ զքեզ՝ Արեւելք, աստուածներու եւ քուրմերու ծննդավայր,
Ո՛չ ալ ձեզ՝ Արեւմուտքի իտէապաշտ Ոստաններ, ուր Մեծերը կը ծնանին…
Եւ վարդակարմիր եւ հոլանի եւ անբասիր առաւօտ,
Կամ ոսկիներու իրիկուն, մեռելական աշնանամուտ եւ անապատի անեզրութի՜ւն…
…Ոտքերուս տակ աւերակնե՜ր եմ տեսած, եւ լուսամուտէս դուրս՝ հազարաւոր մեռցուածներ…
Եւ սուրե՛ր շողացին… ձգեցէ՛ք զիս, ո՛վ տկարութեան կապանքներ,
դեռ սուրեր կը շողան,
Եւ բանաստեղծի աչուըներս արի՛ւն, արի՛ւն, արի՛ւն է որ կը տեսնեն:
Կը տեսնուի ուրեմն, որ բանաստեղծը կամովի՛ն հրաժարեր է քնարերգական զեղումներէ, որովհետեւ իր աչքերը տեւաբար արիւն տեսեր են: Ան մոխիրի մէջ պատանքեր է ՍԷՐը, զոր կը կոչէ «երկբայելի» (կասկածելի), «եսանուէր» (եսասէր, եսապաշտ) ու «սնոտի» (ունայն, փուճ, անարժէք): Ան կը խոստովանի, որ չէ երգած երկնքի խաղաղաւէտ կապոյտը, չէ երգած արեւուն զօրութիւնը, չէ երգած Արեւելքի ու Արեւմուտքի փառքերն ու բարքերը, չէ երգած արեւածագին մաքրամաքուր գոյներն ու իրիկուան մթնշաղը, չէ երգած աշնան տրտմութիւնն ու անապատի անսահմանութիւնը:
Պոլսահայ գրագէտ Ռ. Հատտէճեան, որ յօդուածաշարքի մը մէջ անդրադարձումներ ունի Սիամանթոյի բանաստեղծութեան յատկանիշներուն մասին, հարց կու տայ, թէ ինչպիսի՞ Սիամանթօ մը պիտի ցցուէր մեր դիմաց, եթէ բանաստեղծը ազատ թռիչք տար իր անձնական յուզումներուն եւ զգայնութիւններուն ու անոնցմով լեցնէր իր քերթողական երկնակամարը: Հատտէճեան կը գրէ. «Սիամանթօ ունէ՞ր այդ խմորը: Պիտի կարենա՞ր աւելի քան 500 էջերէ բաղկացեալ ամբողջական գործ մը լեցնել գեղահիւս ծաղիկներով, երազներով, լոյսով ու ստուերով, սիրոյ տառապանքներով ու երջանկութիւններով, ազգային գրականութեան աւելի նուրբ, խորհրդապաշտ ու ոճապաշտ խոյանքներով, այս բոլորը թրծուած՝ ստեղծագործական գրականութեան շնորհով: Չենք գիտեր: Այս հարցումին պատասխանը պիտի չկարենանք ունենալ: Թերեւս պիտի մտածենք, որ Սիամանթոն չէր կրնար տարբեր կերպ գրել, չէր կրնար ընտիր գրականութիւն մը ստեղծել տարբեր թեմաներու վրայ: Թերեւս ալ պիտի մտածենք, որ, ընդհակառակն, Սիամանթօ կրնար մագլցիլ բանաստեղծական ստեղծագործութեան մինչեւ ամենաբարձր կատարները: Սիամանթօ ինք ալ հաւանաբար կը զգար, թէ ընտրած էր անսովոր ուղի մը: Անոր հոգին ալ թերեւս կը պատռտուէր մէկուն եւ միւսին միջեւ, բայց, ինչպէս պիտի խոստովանէր իր մէկ բանաստեղծութեան վերջին տողին մէջ, իր աչքերը միայն «արի՛ւն, արի՛ւն, արի՛ւն կը տեսնէին» («Առագաստ՝ դէպի բանաստեղծութիւն», «Յուշատետր» թիւ 47, Պոլիս, 2006):
1908Ի ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՏՈՒՆԴԱՐՁ. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ
Առաջքն առնելու համար երիտթուրքերու զինուորական յեղաշրջումին, սուլթան Ապտիւլ Համիտ 1908ի Յուլիսին կը պարտաւորուէր վերականգնել օսմանեան սահմանադրութիւնը, ամբողջ երեսուն տարի զայն կապանքի տակ պահելէ ետք բռնօրէն:
Լուրը անհաւատալի էր: Կ. Պոլսէն մինչեւ երկրին հեռաւոր գաւառները խանդավառութիւնը աննախընթաց էր: Ֆրանսական յեղափոխութեան ծանօթ լոզունգները՝ ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն, բարձրաղաղակ կը հնչէին փողոցներու մէջ ու տանիքներու վրայէն: Մոլլաներ ու քահանաներ կ՛ողջագուրուէին իրարու հետ: Գինովցած էր մա՛նաւանդ հայութիւնը, քանզի կը բացուէին բանտերու դռները ու քաղաքական բոլո՜ր բանտարկեալները ազատ կ՛արձակուէին:
Կը ջնջուէր գրաքննութիւնը: Արտասահման ապաստանած այլախոհ կամ ընդդիմադիր մտաւորականներն ու գործիչները երկիր կը վերադառնային անվախօրէն, մինչեւ իսկ անոնցմէ շատեր անդամ կ՛ընտրուէին վերաբացեալ օսմանեան խորհրդարանին: Դեռ աւելի՛ն. յեղափոխական ընդյատակեայ կուսակցութիւնները, որոնք տարիներով զինեալ պայքար մղած էին համիտեան վարչակարգին դէմ, հիմա հրապարակներու վրայ կը բացայայտէին իրենք-զիրենք անկաշկանդ, կը վերածուէին «օրինաւոր» կազմակերպութիւններու եւ կը սկսէին հրատարակել իրենց պաշտօնաթերթերը:
Սիամանթոն ալ մէկն եղաւ այն հարիւրաւորներէն, որոնք երկիր վերադարձան: Ընտանիքը Պոլիս էր արդէն, ու ինք անոր միացաւ ճիշդ 12 տարի Եւրոպա մնալէ ետք:
Օրերը խառնակ էին սակայն, ու քաղաքական դէպքերը անհակակշռելի վերիվայրումներ կ՛արձանագրէին անընդհատ:
1909ի Մարտին, իրեն յենարան ունենալով պահպանողական ու կրօնամոլ հոսանքներ, սուլթանը կը փորձէր դա՛րձեալ խափանել սահմանադրութիւնը, ինչ որ դուռ պիտի բանար իր գահընկէցութեան: Այնուհետեւ կառավարութիւնը կ՛անցնէր «Իթթիհատ վէ թէրաքք»ջ կուսակցութեան ձեռքը:
Նոյն այդ օրերուն հորիզոնը կրկին կը մթագնէր արեան հեղեղներով: Զոհը դա՛րձեալ հայութիւնն էր, այս անգամ՝ Ատանայի մէջ ու շրջակայ գաւառները: Ապրիլ ամսու առաջին կէսին հակահայ լայնածաւալ ջարդեր տեղի կ՛ունենային Կիլիկիոյ մէջ՝ պետական շրջանակներու ակներեւ դրդումով ու մասնակցութեամբ: Մոխիրի կը վերածուէին հայոց թաղերն ու շէները… Կու տայինք 30,000 զոհ: «Ժողովրդավար» նոր կառավարութիւնը կ՛ունենար չքմեղանքի արտայայտութիւններ՝ պատասխանատուութիւնը բարդելով հին վարչակարգին վրայ:
Հայութիւնը, ինչպէս միշտ, գլխահակ կը հաշտուէր այս դառն ճակատագրին հետ եւս ու կը լծուէր իր վէրքերուն դարմանումին: Միւս կողմէ՝ աղէտը հուժկու արձագանգներ կը գտնէր գրական ճակատի վրայ: Այսպէս, Զապէլ Եսայեանի ու Արշակուհի Թէոդիկի (որոնք անձամբ Կիլիկիա փութացեր էին) անջատ տպաւորութիւններէն զատ («Աւերակներուն Մէ»ջ եւ «Ամիս Մը Ի Կիլիկիա»), բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակ կը գրէր իր «Կարմիր Գիրքը», Սուրէն Պարթեւեան կը հրատարակէր իր «Կիլիկեան Արհաւիրքը», իսկ Յակոբ Թէրզեան (Յակթէր) վիճակագրական տուեալներով ու հինգ հատորով լոյս կ՛ընծայէր իր «Կիլիկիոյ Աղէտը»: Ասոնց կողքին, 1909ին Սիամանթոն ալ հրապարակ կը հանէր իր նորագոյն քերթողագիրքը՝ «Կարմիր Լուրեր Բարեկամէս»ը:
Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, երբ լաւատեսութիւն մը ուրուագծուած էր հորիզոնին վրայ, կը կարծուէր կամ կ՛ակնկալուէր թերեւս, որ Սիամանթոն, քաղաքական ու ազգային կեանքի բարեշրջումին զուգընթաց, գրական բոլորովին նոր տարազով մը ներկայանար իր ընթերցողներուն: Այսպիսի հաւանականութիւն մը հեռու չէր բնաւ: Բայց…
Բայց Կիլիկիոյ աղէտը անգամ մը եւս զինք դրաւ արիւնով ներկուած պատկերներու առջեւ: Կիլիկիայէն հասած սարսափազդու լուրերու եւ անոնց մասին ականատեսներու վկայութիւններուն հիմամբ՝ ահա՛ նոր քերթողաշարք մը գրեց ան, այս անգամ նստած՝ Սկիւտարի իր տան գրասեղանին ետին: Գիրքը տպուեցաւ ու հրապարակ հանուեցաւ Պոլսոյ «Արծիւ» ժողովրդական գրավաճառանոցին կողմէ:
Նորատիպ հատորեակին «Խաչը» խորագրեալ քերթուածին մէջ բանաստեղծը կը գրէր.
Աչքերուս չափ սարսափ տեսած այս խեղճ ձեռքերս կը դողդոջեն…
Ներէ՛ ինծի որ նորէն գամ ձեր թախիծը խռովել,
Անգամ մը եւս ես կ՛ուզեմ հայելին ըլլալ հայ արիւնին:
12 քերթուածներ կային հոս: Ասոնցմէ մա՛նաւանդ երկուքը՝ «Պարը» եւ «Խեղդամահ»ը, այնքա՜ն մեծ տպաւորութիւն թողուցին հանրութեան վրայ, որ դասական կտորներ դարձան շուտով: Նիւթի եղերականութեան տեսակէտէն, զոյգ քերթուածները նման են իրարու, եւ անոնք յաճախ կ՛արտասանուին բեմերէ, կամ տեղ կը գտնեն դասագիրքերու մէջ՝ իբրեւ սիամանթոյական քերթողութեան ու ոճի տիպար նմուշներ:
«Պարը» թուրք բարբարոսութեան քստմնելի պատկեր մըն է, որ իրեն վայր ունի «մոխրակոյտի վերածուած Պարտէզ քաղաքը»: Սիամանթոյի քերթողութիւնը վերլուծող մեր գրականագէտներէն ոչ ոք ցարդ կրցած է ճշգրտօրէն մեկնաբանութիւն մը բերել այս տեղանունին: Ո՞ւր կը գտնուէր «Պարտէզ» կոչեցեալ այս քաղաքը… Հայրենի բանասէր փրոՖ. Դաւիթ Գասպարեան, օրինակ, կը կարծէ, որ անիկա «Ատանայի խորհրդանշական անուանումն է» (տե՛ս «Քրիստոնեայ Հայաստան» երկշաբաթաթերթ, Էջմիածին, 2010, Սեպտ. Բ.): Ո՛չ: Իմ համոզումով, անիկա Ատանայի մօտակայ Պահչէ գիւղաքաղաքն է («պահչէ» թրքերէնով կը նշանակէ «պարտէզ»): Ու մենք հաստատօրէն գիտենք, որ հոն հայութիւնը մեծաթիւ զոհեր տուաւ 1909ի կիլիկեան ջարդերու օրերուն: Թէոդիկի «Տարեցոյց»ի 1910ի թիւին մէջ կ՛ըսուի, որ Պահչէն ունէր 850 տուն հայ բնակիչ, որոնցմէ 759 հոգի սպաննուեցան 2-3 շաբթուան ընթացքին…
«Պարը» գերմանուհի ականատեսի մը վկայութեան բանաստեղծական վերարտադրութիւնն է: Օտարուհին իր տան լուսամուտէն կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս թուրք խուժանը քսան հայուհի հարսեր մտրակներու հարուածներով կը քաշքշէ այգիի մը հրապարակը, կը ստիպէ անոնց մերկանալ ու… պարե՜լ ամբոխին խենէշ նայուածքներուն ու շուայտ երգերուն տարափին տակ, ամէնէն վերջն ալ՝ բոլորին վրայ քարիւղ թափելով ու ողջ-ողջ հրկիզելով…
Գերմանուհին նախ կը վկայէ, որ մոխրակոյտի վերածուած քաղաքին մէջ «դիակները դիզուած էին մինչեւ կատարը ծառերուն»: Յետոյ կը սկսի պատմել «մարդուն ոճիրը մարդուն դէմ»: Վայրենի մը խօսքն ուղղելով հարսերուն՝ կ՛ըսէ.
Պէտք է պարէ՛ք-երբ մեր թմբուկը հնչէ:
Եւ մտրակներն սկսան մահակարօտ հայ կիներուն
Մարմիններուն վրայ կատաղութեամբ մը շառաչել…:
Քսան հարսներն ձեռք ձեռքի, իրենց շուրջպարն սկսան…
…Պէտք է պարէ՛ք, կ՛ոռնար խուժանը մոլեգին,
Մինչեւ ձեր մահը պէտք է պարէք, դո՛ւք անհաւատ գեղեցիկներ,
Կուրծքերնիդ բաց՝ պէտք է պարէք, մեզ ժպտելով եւ անտրտունջ…
Յոգնութիւնը ձեզ համար չէ, ո՛չ ալ ամօթը ձեզ համար,
Ստրուկներ էք, պէտք է պարէ՛ք եւ մերկանդամ եւ հոլանի,
Մինչեւ ձեր մահը՝ պէտք է պարէ՛ք պագշոտօրէն եւ ցոփութեամբ,
Մեր աչքերը ծարաւի են ձեր ձեւերուն եւ ձեր մահուան…:
Վկայութիւնը կ՛աւարտի սա՛ տողերով.
Յետոյ մէկը սափորով մը քարիւղ բերաւ խուժանին…
Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատիդ…:
Քսան հարսներն շտապով այդ հեղուկովն օծեցին…
Պէտք է պարէ՛ք, որոտաց, ահաւասիկ ձեզի բուրմունք մը որ Արաբիան իսկ չունի…
Յետոյ ջահով մը բռնկցուցին մերկ մարմինները հարսներուն.
Եւ ածխացած դիակները պարին մէջէն դէպի մահը գլորեցան…
Սիամանթոյի «Կարմիր Լուրեր Բարեկամէս» քերթողագրքին մէջ սարսռազդեցիկ է «Խեղդամահ» վերնագրով բանաստեղծութիւնն ալ: Ջարդի օրերուն գետնափոր նկուղի մը մէջ ապաստանած են քառասուն հայեր՝ «արջառներու սարսափահար հօտի մը պէս»: Հարկ էր ձայն կամ շշուկ չհանել, որովհետեւ մարդասպան ամբոխը դուրսն էր ու կ՛աշխատէր գտնել հայերուն թաքստոցը: Դուրսէն կը լսուէին հրազէնի, նիզակներու, սուիններու եւ սուրերու ձայներ: Դիակներ կ՛իյնային նկուղին երդիքին վրայ իսկ, եւ անոնց հոգեվարքի հռնդիւնները «պատերէն ներս, նկուղին մէջ կու գային մեզ ցնորել»: Դեռ աւելի՛ն.
Վերը հոսող տաք արիւնը յորդառատ՝ ծակտիքներէն վար սուզուելով
Սկսաւ ալ կաթիլ-կաթիլ մեր դէմքերուն վրան ծորիլ…
Ճիշդ այդ ճակատագրական պահուն ապաստանեալներէն մէկուն նորածին ծծկեր երեխան սուր ճիչ մը կ՛արձակէ ու կը սկսի լալ… Ասիկա կրնար պատճառ դառնալ, որ թաքստոցը բացայայտուէր թշնամիին կողմէ, ու բոլոր քառասուն ապաստանեալներն ալ սպաննուէին: Երեխային մայրը կը գոչէ.
– Աստուած մեզի թող գթայ, ստինքներս պարապ են: Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ, մինչեւ արիւնս ծծել տուի, ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ, ինչ որ կ՛ուզէք վճռեցէ՛ք…
Բոլորն ալ միաձայնութեամբ կ՛առաջարկեն խեղդել մանուկը… Իսկ մայրը կը պահանջէ ու կը պաղատի որ նախ զի՛նք խեղդեն, յետոյ միայն՝ իր զաւակը…:
Խաւարին մէջ երկու բազուկ օձերու պէս գալարուելէն,
Մանկան վիզը գտնելով՝ ահեղութեամբ մը զայն սեղմեցին…:
…Զգացինք որ արիւնախում խուժանը յուսահատած կը հեռանար…
Քառասուն անձերը փրկուա՜ծ էին… Բայց, ո՞վ էր արդեօք այն դաժանաբարոյ ու քարսիրտ մարդը, որ յանձն առեր էր իր բազուկներով խեղդել նորածին երեխան… Ո՞վ:
Մա՛յրն էր ատիկա: Երեխային հարազատ մայրը: Ա՛ն էր, որ իր ձեռքերով ստիպուած եղեր էր խեղդել իր հոգեհատորը՝ մնացեալ քառասուն հայրենակիցները փրկելու սիրոյն…
Թուրքին ցեղային ատելութիւնը նկարագրող բացառիկ կտոր մը կարելի է սեպել նաեւ «Կոյրը» քերթուածը:
Ութսունամեայ թուրք ծերունի մըն է այդ ի ծնէ կոյրը: Ատելավա՜ռ մարդ մը: Ան լսած է, որ իր շուրջ ջարդեր տեղի կ՛ունենան, հայերու հաշի՛ւը կը մաքրուի… Կը հրճուի պատահածներուն համար, բայց տեւաբար կ՛ափսոսայ, որ աչազուրկ ըլլալուն պատճառով ցարդ չէ կրցեր ինք իր ձեռքով «կեաւուր»-ի մը մորթը քերծել: Չէ՜ կրցեր վայելել այդ աստուածապարգեւ հաճոյքը: Եւ հիմա, կիլիկեան աղէտի այդ օրերուն, շուրջիններէն կը խնդրէ, որ դաշոյն մը դնեն իր ափին մէջ ու զինք ալ մասնակից դարձնեն «սուրբ կռիւ»ին…:
Կոյրին փափաքը կ՛իրականացուի: Առեւանգուած խարտեաշ հայ աղջիկ մը կը բերեն հրէշ կոյրին առջեւ: Հայուհին կը մերկացնեն, կը փռեն գետինը, կը փակեն բերանը, կոյրին ալ աջ ձեռքին մէջ կը դնեն դաշոյն մը եւ ցուցմունքներ կու տան, որ զայն խրէ ուղղակի զոհին սրտի՛ն մէջ: Կարդա՛նք դէպքին աւարտը.
Եւ աստուածային արիւնն անտիրական հայ աղջկան
Բոցավառուած ծաղիկներու փունջի մը պէս,
Երբ իր սրտէն դէպի դէմքը դժոխածին ծերունիին ժայթքեցաւ,
Թշուառական ութսունամեան ոտքի ելած՝ ամբոխին մէջ աղաղակեց.
– Ա՜խ, կարծեմ թէ լոյսը տեսայ, ես այսօր իսկ լոյսը տեսայ…
Կարծես կոպերս կը բացուին. մեռա՞ւ աղջիկը, շո՛ւտ ըսէք,
Իմ քարացած աչուըներուս սեւ թաղանդն անօսրացա՜ւ…
Ահաւասիկ թէ ի՜նչ է բարիքը. զաւակներս, արդեօք լո՞յսն էր որ տեսայ…:
* * *
Դանիէլ Վարուժան՝ Սիամանթոյի տաղանդաւոր գրչեղբայրն ու ճակատագրակիցը, այս վերջնոյն նուիրուած գրական ասուլիսի մը ընթացքին (Պոլիս, 1913), հետեւեալ խօսքերով անդրադարձեր էր «Կարմիր Լուրեր Բարեկամէս» գիրքին.
– Վայրկեան մը կարծեցինք, թէ հոգեվարքի ջահերը մարեցան այլեւս.- սահմանադրական օրեր էին: Սխա՛լ: Եարճանեան եկաւ մեզի գուժելու, թէ ընդհակառակն, այժմ հոգեվարքի խարոյկնե՜րը կը վառեն. ստացեր էր, աւա՜ղ, կարմիր լուրեր բարեկամէն: Այդ լուրերը հոյակապ եւ եղերական կերպով կ՛երգէր մեզի: Իր քերթողական մէկ ուրիշ հատորն էր: Նոր ձեւափոխում կրած էր իր տաղանդը, պատկերները աւելի որոշ էին դարձած, եւ վիպողի շունչ մը կար իր մէջ, կը պատմէր ոճիրը՝ զայն նկարելով: Կնոջ մարմիններու եւ զարդերու նկարագրութիւնը նորութիւն մըն էր իր այդ գիրքին մէջ, յաջող նորութիւն մը. ամէնէն տարամերժ գոյները կը շաղուէին ու կը համադրուէին իր գրչին տակ, իր պաստառին վրայ: Տաղանդաւո՜ր ոճրագրութիւն:
«ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՐԱՒԷՐ»՝ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՓԵՐԷՆ
Սիամանթոյի կեանքին մէջ փակագիծ մըն է Ամերիկան, Միացեալ Նահանգներու մէջ իր կեցութիւնը: Այս կեցութիւնը կ՛երկարի 1909ի վերջին շաբաթներէն մինչեւ 1911ի Յունիսը: Ընդամէնը՝ մէկուկէս տարի: Այստեղ, Եարճանեանի ժամանակաւոր կայքը պիտի հանդիսանար Արեւելեան ափի Պոսթըն քաղաքը, ուր ան իբրեւ խմբագիր՝ պարտէր գործակցիլ տեղւոյն «Հայրենիք» շաբաթաթերթին:
Ամերիկայի իր կեցութեան մասին մանրամասնութիւններ կը պակսին մեզի: Չենք ալ յաջողած հասանելի դարձնել «Հայրենիք»ի այդ ժամանակաշրջանի թիւերը՝ պրպտումներ կատարելու այնտեղ, գիտնալու համար, թէ բանաստեղծը հանրային որեւէ գործունէութիւն կամ հրապարակային ելոյթներ ունեցա՞ծ է հոն, թէ՞ ոչ:
Բայց այնպէս կը թուի, թէ Սիամանթօ շատ չէ սիրած Ամերիկան: Քրոջ՝ Զապէլին, ուղղեալ նամակի մը մէջ կը գրէր, որ՝ «Ամերիկան Սկիւտարի կապոյտ եւ աստեղազարդ երկինքները չունի, ոչ ալ՝ Պէյլէրի պարտէզները, ուր աւազանին շուրջը եւ ծառերուն վրայ թռչուններ երգեն… Հոս քու տեղդ չէ, ո՛չ ալ՝ իմ տեղս»: Այլ նամակի մը մէջ ալ Ամերիկան բնութագած է որպէս «չոր ու ցամաք» երկիր մը…:
Հրանտ Թամրազեանի մենագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ՝ «ժամանակակիցները յիշում են, որ տաղանդաւոր բանաստեղծը զարմանալի անճարակ էր լրագրական աշխատանքին մէջ, վիթխարի ջանք էր գործադրում սովորական մի լուր կազմելու համար, բնականաբար նրա աշխատակցութիւնը «Հայրենիք»ին աւարտւում է միայն մի քանի բանաստեղծութեան տպագրութեամբ» (Սիամանթօ, Երեւան, 2003, էջ 160): Իրաւասու չենք հաստատելու կամ ժխտելու այս պարագան:
Այնուհանդերձ, Սիամանթոյի Ամերիկա այցելութիւնը բեղմնաւոր կրնանք նկատել գո՛նէ գրական-ստեղծագործական ու հրատարակչական տեսակէտէ:
Արդարեւ, Սիամանթօ հազիւ Ամերիկա հասած՝ ձեռնարկեց իր ամբողջական գործերուն հրատարակութեան եւ յաջողեցաւ «Հայրենիք»ի տպարանէն լոյսին բերել 240 էջանի հատոր մը, 1910ին: Այստեղ ի մի բերուեր էին իր բոլոր գործերը բացի «Հայորդիները» շարքէն, այն ակնկալութեամբ, որ բանաստեղծը ի մօտոյ կ՛ամբողջացնէ այդ շարքը ու ատիկա կը տպուի անջատաբար՝ իբրեւ ամբողջական գործերու Բ. հատոր: Այդ ծրագիրը, սակայն չիրականացաւ:
Միւս կողմէ՝ բարեբախտաբար բանաստեղծը թրթռացուց իր քնարին լարերը այլապէս ու Ամերիկայի մէջ գրեց իր հինգերորդ (նախավերջին) քերթողագիրքը, զոր կոչեց «Հայրենի Հրաւէր»: Ա՛յս եւս, առանձին գլուխով մը տեղ գտաւ Պոսթընի իր «Ամբողջական Գործք»ին մէջ: «Հայրենի Հրաւէր» խորագիրը պերճախօս է ինքնին:
Այդ շրջանի հայ ընտանեկան կամ ընկերային կեանքի ամէնէն ցաւոտ երեւոյթներէն մէկն էր պանդխտութիւնը: Գաւառացի երիտասարդները կը գաղթէին Պոլիս, ուրիշ «բախտաւոր»ներ ովկիանոսը կտրելով՝ ափ կ՛առնէին Նիւ Եորք կամ աւելի անդին: Պանդուխտները իրենց ետին կը ձգէին ծերունի հայր մը կամ մայր մը, երբեմն՝ նորապսակ հարս մը, յաճախ՝ անչափահաս զաւակներ: Կը մեկնէին դրամ վաստկելու, այն հաստատ համոզումով, որ քանի մը տարիէն պիտի վերադառնան: Սակայն, տարիները կը կուտակուէին իրարու վրայ, առանց որ պանդուխտները տուն դառնային… Ու կը սկսէր «կարօտի նամակ»ներու հեղեղ մը կողմերուն միջեւ…
Եւ ահա, Սիամանթոյի այս գրքոյկը, որ կը պարունակէ 12 քերթուածներ, մատը կը դնէր պանդխտութեան վէրքին վրայ ու կը ջանար դարմանել զայն: Դարմանել՝ կոչ ուղղելով տարագիր հայութեան ցիրուցան զաւակներուն, որ մէկդի թողուն գաղթականի ցուպը ու տուն վերադառնան, շէնցնեն այդ տունը ու նոր կեանքի մը սկիզբը դնեն:
Սիամանթօ սրտաճմլիկ պատկերներ կը գծէ մեզի՝ ընտանեկան բաժանումի վիճակներէն:
Ահա՛ թարմատի հարս մը, որ համոզուած է, թէ իր ամուսնոյն մեկնումէն ետք՝ «օրուան արեգակը սե՜ւ գիշերի փոխուեցաւ»: Իր ո՛չ մէկ երազը իրականացաւ.
Ա՜հ, իմ կաթնաթոյր կողերս դեռ մայրութիւն չճանչցան…
Եւ հարսանեկան իմ ոսկեթել քօղերովս
Դեռ չկրցայ խանձարուր մը զարդարել…
Ու օրօրանի մը առջեւ նստած դեռ չերգեցի՜, դեռ չերգեցի՜
Հայ մայրերուն մաքուր օրօրն երկնային…
(«Հարսին Երազը»)
Այլ տեղ մը, եղբայր մը կը գրէ իր եղբօր, թէ իրենց մայրը մահացաւ: Այդ մայրը կարօ՜տն ունէր իր պանդուխտ զաւկին, որուն վերադարձը կը սպասէր տիւ ու գիշեր:
«Իր աչքերը մայրամուտին լոյսերովը թաթաւուն,
Քեզ տեսնելով, քեզ յուսալով, քեզ օրհնելով խաւարեցան…», կը պատմէ նամակագիր եղբայրը («Եղբայրն Իր Եղբօրը»):
Ուրիշ մայր մը, քիչ մը աւելի տոկուն ու համբերող, չ՛ուզեր յանձնուիլ մահուան, մինչեւ որ տուն վերադառնայ իր պանդուխտ որդին.
«Բայց ես կամքիս կրակներովը Աստծուս դէմ պիտի կռուիմ…
Կեանքի՛ն փարած, յոյսի՛ն փարած, եւ արեւի՛ս եւ արեւի՛դ՝
Մահուանս դէմ, մօր մը ուժովը պիտի կռուիմ…
Ես կեա՜նք կ՛ուզեմ, զա՛ւակս, ապրի՜լ կ՛ուզեմ, ապրի՜լ կ՛ուզեմ…
Իմ մարմինս այս տնակէն գերեզմաննոց պիտի չերթայ,
Մինչեւ որ դուն առաւօտ մը նոյն սեմերէն ներս չմտնես…»:
(«Մայրը Իր Զաւակին»)
Դեռ կան աւելի արտասովոր իրավիճակներ: Օրինակ, «Որդին Իր Հօրը» բանաստեղծութեան մէջ կը պարզուի, թէ որդին ԲՆԱՒ չէ ճանչցած իր հայրը, որ կանուխէն մեկնած է պանդխտութեան… Հիմա պատանին կ՛ուզէ գրկե՜լ իր անծանօթ հայրը, կ՛ուզէ ստուգել իրենց միջեւ առկայ ֆիզիքական նմանութիւնը («ինծի ըսին, թէ աչքերուս մէջ քու կերպարանքդ կ՛արտացոլայ…»), երաշխիքներ կու տայ հօր՝ նեցուկ կանգնելու անոր.
Ես ովասիսդ եմ, հովանի՜դ եմ արեւին տակ,
Ես արեգա՜կդ եմ քու յոյզերու կամ մրրկի օրերուդ…:
Ես էութիւնդ եմ, եւ սկիզբն եմ քու վախճանիդ,
Իմ մէջն է որ դուն ինքդ՝ կեանքէդ յետոյ՝ պիտի ապրիս…:
Շարքին ամենավերջին բանաստեղծութեան մէջ տանջահար մարդիկը լռած են: Անոնց փոխարէն՝ Սիամանթօ կը խօսեցնէ ՀՈՂԸ: Շքեղ ու բարձրաթռիչ ոճ մը կ՛իշխէ այստեղ: «Հայ Դաշտերուն Պաղատանքը»ն է ասիկա, երբ հայրենի հողը կը սաստէ դրուժանները, հեռացողները, երկչոտները, վտարանդիներն ու տարագիրները: Ան կ՛ուզէ, որ երկիր վերադառնան բոլորը՝ իրենց բազուկները լծելու համար վարուցանի սրբազան աշխատանքին… Հողին կողերը քարացած ու սեւցած են, հունձքը անբաւարար է, այրիներն ու որբերը անօթի՜ են: Պէտք է բարեշրջե՛լ կացութիւնը.
Վերադարձէ՛ք, որդինե՛ր, ձեր գութանին եւ արօրին ժանգը նորէն սրբելու.
Թող նորէ՛ն ձեր հնադարեան հայրենի հողը ծաղկոտի…
Թող մեր հունձքերն հովտէ-հովիտ՝ ծովերուն պէս տարածուին…
Թող կալերն ու որաները, բլուրէն վեր, լուսնկին հետ բարձրանան,
Թող հայ հովիւն մարգերուն մէջ, իր նախահօրը նման,
Իր սրինգին սարսուռներովը իր հլու հօտը հրամայէ…
Ձորին վրայ, ջրաղացը խաղաղութեամբ թող շարժի…
Ու առատութիւնը թող նորէ՛ն գայ մեր սրտերուն վրայ լացող՝
Հայկեան ցեղի պղտոր աչքերը լուսավառել…
Բայց վերադարձողներ եղա՞ն: Եւ եթէ եղան, քանի՞ տարի վայելեցին հայրենի հողին բարիքները: 1915ը հորիզոնին ետեւն էր…
ԳԻՐԵՐՈՒ ԳԻՒՏԻՆ 1500ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ «ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ»
Սիամանթօ Ամերիկայէն Պոլիս վերադարձաւ 1911ի ամրան՝ արագօրէն անցնելէ ետք Լոնտոնէն, Փարիզէն ու Ժընեւէն:
Հայկական Պոլիսը այդ օրերուն կ՛եռեւեփէր մշակութային անօրինակ հեւքով մը, տրուած ըլլալով, որ արտասահման ապաստանած բազմաթիւ գրողներ, հրապարակագիրներ ու մտաւորականներ տուն վերադարձեր էին պանդխտութենէ՝ համիտեան վարչակարգի տապալումէն ետք: Տպարանները բազմացեր էին: Ամէն շաբաթ նոր գիրք մը կը տպուէր, նոր թերթեր երեւան կու գային: Անոնցմէ թերեւս ամէնէն աչքառուն «Ազատամարտ» օրաթերթն էր, պաշտօնաթերթը՝ ՀՅ Դաշնակցութեան:
Սիամանթօ սկսաւ աշխատակցիլ «Ազատամարտ»ին: Թերթին 1912ի Փետրուարէն Ապրիլ երկարող թիւերուն մէջ ան հրատարակեց քրոնիկներու շարք մը, որ կը կրէր «Ազատ Կարծիքներ» խորագիրը: Զանոնք ստորագրեց ծածկանունով մը՝ Արշամ Աբբասեան:
Այդ օրերուն յա՛տկապէս ուշագրաւ դարձեր էին Էսայեան սանուց միութեան սարքած գրական ասուլիսները, որոնց կազմակերպման մէջ կարեւոր դեր կը խաղար Յ. Ճ. Սիրունին: Այդ ասուլիսներէն մէկն ալ (շարքին 6րդը) նուիրուեցաւ Սիամանթոյի գործին քննարկումին եւ արժեւորման:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 2 Յունիս 1913ին, Թաքսիմի Էսայեան վարժարանի սրահին մէջ: Հանդէսին նախագահեց գրագէտ Ռուբէն Զարդարեան: Յաջորդաբար խօսք առին Գարեգին Խաժակ, Դանիէլ Վարուժան եւ Սարգիս Մինասեան՝ վերլուծելով Սիամանթոյի քերթողութեան իւրայատուկ յատկանիշները (հոն կարդացուած զեկոյցները օրին հրատարակուած են առանձին պրակով, բայց նաեւ տեղ գտած՝ բանաստեղծին Գահիրէ տպուած «Ամբողջական Գործեր»ու հատորին մէջ, 1960):
Ճիշդ 110 տարի անցեր է այդ ձեռնարկէն: Կրնա՞նք անգիտանալ, թէ այդ օր բեմ բարձրացած բոլոր զեկուցաբերներն ալ, ներառեալ՝ օրուան մեծարեալը, զոհ գացին Հայոց Ցեղասպանութեան…
***
Գիտենք արդէն, որ յետսահմանադրական շրջանի թրքահայ մշակութային կեանքին ամէնէն փառաւոր ու պանծալի էջերէն մին հանդիսացաւ հայոց այբուբենի գիւտին 1500ամեակի լայնածաւալ տօնախմբութիւնը, որ միանալով հայ տպագրութեան ալ 400ամեակին՝ մայրաքաղաք Կ. Պոլսէն մինչեւ գաւառի հեռաւոր ափերը համազգային հպարտութեան աննախընթաց ալիք մը տարածեց:
Գրոց գիւտը կը նշուէր 6-7 տարուան ակամայ յապաղումով (համիտեան վարչակարգը չէր արտօներ նման բան), մինչ տպագրութեան յոբելեանը կը համընկնէր ճի՛շդ իր տարեդարձին (հայատառ առաջին գիրքը տպուած էր Վենետիկ, Յակոբ Մեղապարտին կողմէ, 1513ին):
Անկախ մշակութային զանազան կազմակերպութեանց սարքած բազմապիսի ձեռնարկներէն՝ Պոլսոյ կեդրոնական մայր հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն տարուան հոկտեմբերին, Թարգմանչաց տօնին զուգահեռ, եկեղեցական ու աշխարհիկ վեհաշուք եւ բազմամարդ հանդէսներով, որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ… թուրք կառավարութիւնը (երեւակայե՜լ, որ ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշա այս առթիւ հայ մշակոյթը դրուատող ուղերձ արտասանած է Գումգաբուի պատրիարքանիստ Մայր տաճարին մէջ…):
Սիամանթոն ալ բանաստեղծի ու հայ գիրի սպասարկուի իր համեստ տուրքը բերաւ համազգային այս տօնախմբութեանց: Ան գրի առաւ «Սուրբ Մեսրոպ» խորագրով գործը (1913), ուր բանաստեղծական բարձրաթռիչ ոճով կը պանծացնէր Մեսրոպ Մաշտոցը, բարոյապէս կը խոնարհէր անոր Օշականի անշուք գերեզմանին առջեւ, տարօնցի վարդապետին տեսիլքին մէջ անպայման կ՛ուզէր տեսնել Աստուծոյ ներշնչումն ու ներգործութիւնը եւ, վերջապէս, կը ներբողէր «գիւտին փառքը»: Պրակը զուգահեռաբար լոյս տեսաւ Թիֆլիսի մէջ ալ: Այս ստեղծագործութենէն հատուածներ արտասանեց Կոստան Զարեան՝ գրոց գիւտի 1500ամեակի մայր հանդիսութեան ընթացքին (Պոլիս, աթոռանիստ Գումգաբուի Մայր տաճար):
«Սուրբ Մեսրոպ»ը ծաւալուն գործ մը չէր, հազիւ տասնհինգ էջ էր: Կը բաղկանար չորս գլուխներէ՝ «Ներբողական», «Սուրբին Աղօթքը», «Տեսիլքը» (այս բաժինը շատ կարճ է՝ լոկ 12 տող) եւ «Գիւտին Փառքը»:
Առաջին ընթերցումով իսկ զգալի է, որ այստեղ դէմ-յանդիման կը գտնուինք բոլորովին տարբեր Սիամանթոյի մը: Նիւթը օգնած է իրեն, որ բանաստեղծը անգամի մը համար դուրս գայ արիւնի, եղեռնագործութիւններու, տառապանքի, պայքարի ու ահեղ դիւցազնամարտերու իր ընթացիկ շրջածիրէն ու հակի դէպի անցեալ, դէպի Ե. դարու Մեծ Դէպքը:
Սիամանթոյի լեզուն ու ոճը այստեղ, դա՛րձեալ հռետորաշունչ է, պատկերները՝ գեղաքանդակ, երբեմն՝ գերբնական: Մեսրոպի նկարին կամ յիշատակին առջեւ, տեսէ՛ք, թէ բանաստեղծը, առաջին իսկ էջերէն ինչպէ՛ս կը յիշէ անոր հետ իր անդրանիկ «հանդիպում»ը.
ՕՇԱԿԱՆԻ մէջ անմա՜հօրէն մահացեալ,
Անճառելի եւ անդրանիկ դաստիարակ,
Ես՝ երազային երախայ մը վեցամեայ,
Այբբենարանդ ի ձեռին, անմեղօրէն զայն հեգելով
Առաջին խաչը, ճակտէս սրտիս,
Հաւատա՛ ինձ, ո՜վ հայրութիւն…
Պատկերիդ դէմ է որ հաներ եմ…
Այս բաժինը կը շարունակուի Մեսրոպը մատնացոյց ընող ներբողական «դուն»երու երկար շարքով մը ու կ՛աւարտի սա՛ ցնցիչ բաղձանքով.
Դուն մտածման ծարաւներու արծաթեայ ծով,
Դուն Տարօնածին հսկա՜յ Մովսէս,
Դուն անհպելի մատենագիր մայր-բարբառի,
Թո՛ղ իմ գանկս, վերջալոյսիս,
Քնարիս հետ, մոխիրովս առլցուն,
Յուղարկաւորներս՝ խնկատուփի մը փոխարէն,
Հողակոյտիդ վրայ վառեն…
«Սուրբին Աղօթքը» բաժնին մէջ Սիամանթօ Մեսրոպ Մաշտոցը կը վերածէ երկրորդ Նարեկացիի մը, ջերմեռանդ աղօթողի մը, որ ինքզինք չափազանցեալ կերպով կը նսեմացնէ «տիեզերքի անմեկնելի ճարտարապետ»ին՝ Աստուծոյ անթափանց կերպարին առջեւ, շարայարել կու տայ անոր իր գործած կամ չգործած անհամար մեղքերը, մարդկային տկարութիւնները, տաղանդի եւ ուժի անբաւարարութիւնը, սրտառուչ «Օգնէ՜ ինծ»ջներով պաղատանքի ու աղերսանքի կը մղէ զինք: Աստուծոյ անունին դիմաց ալ կը շարէ գերադրական ինչ-ինչ որակականներ, «ի խորոց սրտ»ջ: Ամբողջ բաժինը նարեկեան շունչի ու բառամթերքի մը ազդեցութեան տակ է՝ գեղեցիկ ու ինքնատիպ պատկերներով: Անիկա կ՛աւարտի սա՛պէս.
ՕԳՆԷ՛ ԻՆԾԻ, անծայրածիր Ծանօթութիւն,
Գերազօր Տէր, անհուն հնարիչ,
Լոյսի զենիթ, անկնճիռ իմաստ,
Ջուր երկնային, անանջրպետ հոգի,
Անհաշիւ բաշխող, երազներու սահանք,
Ճանաչումի քու ծածկոցդ լուսեղէն
Իմ կործանեալ ուսիս վրան թող ծածանի,
Եւ՝ հսկումներու, հեծեծանքի, աղօթքներու
Այս իրիկուան քառասներորդ գիշերին՝
Աստուա՜ծ անյեղլի, Աստուած անափունք,
Արարչագործ ձեռքդ իմ ուղեղիս երկարէ,
Հոն իմ գիւտս խմորելու…:
Վերջին գլուխին մէջ, «Գիւտին Փառքը» վերնագրեալ, կը շարունակուի «դուն»երու շարքը՝ Մեսրոպը պանծացնող նորանոր բնութագրումներով, մակդիրներով, փառաբանանքներով.
Մեսրո՜պ, հայ դարերու դիմաց կեցող՝
Դուն ադամանդեայ ապառաժ,
Դուն աննինջ հսկող, դուն Տիտանեան տեսանող,
Դուն բարբառի արարիչ, Բանի իշխան,
Դուն անվատնելի ցորեանի դաշտ, դուն ձրի՜ հաց,
Դուն արբեցութեան եւ գինիի աւազան,
Որուն մէջ ե՛ս ալ ոսկի սափորս եմ մխրճեր…
Արեւներու ծարաւէս խենթ…
Ի վերջոյ, բանաստեղծը մատնանիշ կ՛ընէ այբուբենի գիւտին պատմական արժէքը ու գիւտարարը կը կոչէ «երկրորդ Աստուած».
ԴՈՒՆ մեծաթափանց նայուածքներով առաքեալ,
Դուն էիր որ զքեզ երգող ցեղդ այսօրուան,
Հելլէններէն ե՛ւ հանճարեղ ե՛ւ հրավառ,
Ու աշխարհակալ մեծ Հռովմի որդիներէն
Ու հրապաշտ պարսիկներէն դրացի,
Մայր-բարբառիդ հիմնաքարովն յակինթ,
Հայկազունեաց մեր շառաւիղն ազատեցիր…:
Դուն երկրո՛րդ Աստուած,
Եւ մտածման Դուն առաջին արարիչ…:
Հալէպ, Հոկտեմբեր 2023