Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 17 Ապրիլի երեկոյեան, Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ անցեալ տարուան ցեղասպանութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան համար արդարութիւն պահանջող հաւաք մը՝ մասնակցութեամբ Հանրապետական եւ Դեմոկրատ կուսակցութիւններէն ծերակուտականներու եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներու եւ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Ասթրիտ Փանոսեան Պուվէի։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց ձեռնարկին մասնակցողները եւ շեշտեց, թէ անոնց ու հայութեան կողմէ նախագահ Ճօ Պայտընին յղուած պատգամը շատ յստակ է՝ կասեցնել Ատրպէյճանի զինումը, պատասխանատուութեան ենթարկել Ալիեւի վարչակազմը եւ երաշխաւորել հայութեան ապահով վերադարձը Արցախ։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայկական Համագումարին կողմէ, համագործակցութեամբ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին։
Ելոյթ ունեցողներու շարքին էին՝ քոնկրեսականներ Էտ Մարքի, Պապ Մենենտեզ, Կերի Փիթըրզ, Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Էտըմ Շիֆ, Կէյպ Ամօ, Սենֆըրտ Պիշըփ, Ճամալ Պոմըն, Ճուտի Չու, Աննա Էշու, Ճիմ Քոսթա, Թամ ՄըքՔլինթաք, Սեթ Մոլթըն, Պրետ Շըրմըն, Քրիս Սմիթ եւ Տինա Թայթըս, որոնք դատապարտեցին Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը եւ պահանջեցին երաշխաւորել Արցախի ժողովուրդին ապահով վերադարձը եւ Հայաստանի սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը։
Լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ Հայաստանին յաւելեալ ռազմական աջակցութիւն տրամադրելու, Արցախէն բռնի կերպով տեղահան եղած անձերուն աջակցելու եւ Պաքուի վարչակարգին դէմ պատժական քայլեր առնելու կենսականութիւնը։
Գլխաւոր բանախօսն էր Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Ասթրիտ Փանոսեան Պուվէ, որ շեշտեց, թէ Փարիզի իշխանութիւնները որոշած են կանգնիլ Հայաստանի կողքին եւ զայն առանձին չձգել այս դժուար օրերուն, երբ հայութիւնը այս անգամ ատրպէյճանցիներու ձեռամբ կը դիմագրաւէ ցեղասպանութեան վտանգը։ Ապա ան կոչ ըրաւ Ամերիկայի իշխանութիւններուն, որ նոյն նուիրուածութեամբ նեցուկ կանգնին Հայաստանին եւ հայութեան։
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Մերիլընտի նահանգային խորհրդարանի անդամ դոկտ. Լոռիկ Չարխուտեան, որ ներկաներուն փոխանցեց Արցախի ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր ականատեսի վկայութիւնները։