
Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող բոլոր ընկերութիւններուն հետ եւ քննարկեցին ներկայի հարցերը: Կատարուեցան ներքին փորձարկումներ քանի մը զէնքերու, որոնք մօտիկ ապագային պիտի կիրարկուին Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ:
Այս մասին յայտնեց բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ նաեւ ըսաւ հետեւեալը. «Ռազմարդիւնաբերական համալիրի ամփոփ ցուցակում գրանցուել են ռազմարդիւնաբերական համալիրի գործունէութեամբ զբաղուող մի քանի նոր ընկերութիւններ: Մշակուել է ռազմարդիւնաբերական համալիրի արտադրական հզօրութիւնների զարգացման հիմնադրամի հայեցակարգը, որը հնարաւորութիւն է տալու մեծ արդիւնաւէտութեամբ զարգացնել ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտը, դարձնել տնտեսութեան զգալի մաս` գրաւիչ ներդրողների եւ արտադրողների համար: Նախարարութեան նախաձեռնած օրէնսդրական հիմնական փոփոխութիւններից է ռազմարդիւնաբերութեան կոմիտէի գործառոյթների շրջանակների ընդլայնումը, որով հնարաւոր կը դառնայ իրականացել փորձանմուշների ստեղծման ֆինանսաւորման, բաղադրիչների եւ դրա մասերի ձեռքբերման, պահուստաւորման եւ արտադրութեան, ինչպէս նաեւ արտահանման խթանման նպատակով ներքին պահանջարկ ունեցող արտադրատեսակների տեխնիկական (գիտարուեստական) բնութագրի համապատասխանութեան հաւաստման գործառոյթներ»։
Ըստ Հայրապետեանի՝ նախաձեռնուած է նախարարութեան եւ ռազմարդիւնաբերական կոմիտէի նոր կառուցուածքի նախագիծը, որ կարելիութիւն պիտի տայ կոմիտէին գործառոյթներ իրականացնելու առաւել արդիւնաւէտ, եւ ռազմարդիւնաբերութեան համալիրի զարգացման տեսլականին, օրէնսդրութեան եւ կանոնադրութեան համահունչ դարձնել:
Ըստ անոր՝ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ 25 կազմակերպութիւններ պատուէր ունին պաշտպանութեան նախարարութենէն, եւ կ՛ակնկալուի, որ տարուան ընթացքին այս թիւը հասնի 29ի։
«Այս պահին գործող 46 եռամեայ պայմանագիր ունենք, եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնն այս պահին արդէն 122 միլիարդ դրամի պատուէր է տուել հայաստանեան ընկերութիւններին: Տարուայ կտրուածքով ակնկալում ենք, որ պատուէրների ընդհանուր գումարը կը կազմի 191 միլիարդ դրամ», ըսաւ Հայրապետեան:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի 2 արբանեակները 27 Մարտ 2024ին, վերջապէս արձանագրուեցան ՄԱԿի բաց տիեզերք արձակուած սարքերու գրանցամատեանին մէջ: «2024թ. Յունուարին Հայաստանում ստեղծուել է արբանեակային տուեալների ընդունիչ կայան. «Գէոկոսմոս» ՓԲԸ ընդունիչ կայանի մասին է խօսքը: 2024թ. Մարտի 27ին ՀՀ 2 արբանեակները վերջապէս գրանցուել են ՄԱԿի բաց տիեզերք արձակուած օբյեկտների (առարկաներու) գրանցամատեանում», տեղեկացուց Հայրապետեան:
Ան յայտնեց, որ սկսած են «Արմսաթ 1» արբանեակէն ստացուած տուեալներու կիրարկումին՝ քարտէսներու թարմացման, մշտադիտարկումներու եւ այլ ուսումնասիրութիւններու համար։