Վերջին շրջանին, գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հաղորդագրութիւններ հրապարակելով՝ կը հերքէ ատրպէյճանցիներու հաղորդագրութիւնները, ըստ որոնց, հայկական կողմը կրակ բացած է իրենց ուղղութեամբ։ Այդպիսի հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ նաեւ 12 Ապրիլին՝ յայտնելով. «Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, թէ Ապրիլի 12ին` ժամը 16:50ի սահմաններում, ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ են բացել սահմանագօտու արեւելեան հատուածում տեղակայուած ադրբեջանական դիրքերի ուղղութեամբ, չի համապատասխանում իրականութեանը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.