ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ափրիկեան ցամաքամասի հիւսիսը՝ Մարոքի ծովափին կան Սպանիոյ պատկանող երկու քաղաքներ՝ Սէոթա (Ceuta) եւ Մելիլա (Melila), որոնք 1415էն ի վեր նախ գտնուեցան նախ Փորթուգալի, ապա Սպանիոյ տիրապետութեան տակ: Անոնք փոքր քաղաքներ են՝ իւրաքանչիւրը 85,000 բնակչութեամբ:
Վաղ անցեալին՝ յունական եւ հռոմէական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին, ամբողջ Ափրիկէի հիւսիսը կը նկատուէր հելլենական եւ հռոմէական տարածք, երբ Միջերկրականը կը կոչուէր Mare Nostrum (մեր ծովը): Սէոթայի մէջ կը գտնուին սպանացի քանդակագործ Խինես Սերան-Փականի (Gines Serran-Pagan) երկու քանդակները, որոնցմէ մէկը առասպելական Հերակլէսն (Hercules) է երկու սիւներու մէջտեղ կանգնած, որ կը խորհրդանշէ եւրոպան Ճիպրալթարով Ափրիկէի միացումը, միւսը զանոնք իրարմէ հեռացնելու իր ճիգը: Այդ երկու քաղաքները այսօր փաստացիօրէն կը նկատուին Եւրոպայի մաս, ըլլալով սպանական, որոնց շուրջը բարձրացուած են երկու իրար զուգահեռ եւ անոնց վերեւը օղակաձեւ եւ սուր շեղբերով փշաթելեր, բազմաթիւ վերահսկող ելեկտրոնական սարքերով եւ ահազանգի ճչակներով, արգիլելու համար Մարոքէն դէպի Եւրոպա գաղթականական ալիքներու հոսքը:
Մարոքի թագաւորը, 17 Մայիս 2021ին հակադարձելով Սպանիոյ կողմէ Արեւմտեան Սահարայի, որ սուր պայքարի մէջ էր Մարոքի հետ, Փոլիզարիօ անջատողական կազմակերպութեան առաջնորդին տրուած բժշկական օգնութեան՝ բաց ձգեց ծովեզերքէն դէպի Սէոթա անցքը. այդ քայլը պատճառ դարձաւ 24 ժամուան ընթացքին 12,000 մարդոց անարգել քաղաքը մտնելուն:
Գաղթականներու ալիքը՝ իբրեւ զանգուածային զէնք օգտագործուած էր նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ 2019ին, երբ ազատ թողած էր 13,000 սուրիացի գաղթականներ դէպի Յունաստան, իսկ 2021ին եւս նոյնպիսի սպառնալիքի մը փոխարէն Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ փոխհատուցած էր 9 միլիառ եուրօ, Թուրքիա ապաստանած գաղթականներու ծախսերը թեթեւցնելու համար եւ զանոնք Թուրքիոյ մէջ պահելուն դիմաց:
Նոյն մարտավարութիւնը կիրարկեց Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ 2021ին, երբ միջինարեւելքցի եւ աֆղան գաղթականներու հոծ բազմութեան մը ճանապարհ բացաւ՝ անցնելու իր երկրին հետ Լեհաստանի եւ Լիթուանիոյ սահմանը, դէպի Եւրոպական Միութիւն՝ բացայայտօրէն անսալով Վլատիմիր Փութինի որոշումներուն, թէեւ Լեհաստան արգիլեց եկուորներուն մուտքը եւ գործեց մարդկային իրաւունքներու Եւրոպական չափանիշներուն դէմ՝ ձմրան ցուրտ եղանակին զանոնք շաբաթներ ձգելով սահմանային խիտ անտառներուն մէջ:
1991ին, Պերլինի պատին քանդումէն ետք, Պաղ պատերազմին աւարտով սկսած եւ եւրոպացիներուն վայելած երեսուն տարիներու համեմատական խաղաղութեան երեք տասնամեակներէն ետք, աշխարհը ականատես սկսաւ ըլլալու նոր պատերու, ճաղերու, փշաթելերու եւ այլ արգելքներու ստեղծումին, նոյն՝ անցեալի եւրասիական ցամաքամասի նախկին բաժանարար աշխարհաքաղաքական գիծերուն շարք մը տարածքներու վրայ, հիւսիսէն՝ Ֆինլանտայէն մինչեւ Միջերկրական, երբեմն նոյնիսկ նոյն Եւրոպայի երկիրներուն մէջ, ինչպէս՝ Հունգարիոյ, Սերպիոյ եւ Աւստրիոյ սահմանին տեղադրուած փշաթելերը: Եւրոպան կը փորձէ ետ մղել ամէն կողմէ ցամաքամասը ներխուժող գաղթականները:
Հակառակ բոլոր այդ արգելքներուն, անոնք Լիպիայէն, Մարոքէն, Թուրքիայէն, Յունաստանէն եւ այլ տեղերէ կը շարունակեն խելայեղօրէն ձգտիլ հասնելու վայր մը, ուր կը յուսան աւելի լաւ կեանքի մակարդակ մը ունենալ, քան՝ իրենց հայրենիքներուն մէջ:
Սէոթացի արուեստագէտին արձաններուն խորհրդանիշներուն նման՝ Եւրոպան մէկ կողմէ իր համամարդկային արժէքներուն եւ չափանիշներուն համընկնող եւրոպական երկիրները կը ներառէ միութեան մէջ, միւս կողմէ կը փորձէ հեռացնել իրմէ այն բազմութիւնները, որոնք մշակութային, արժէքային եւ կրօնական տարբերութիւններու պատճառով չեն կրնար համարկուիլ իրենց հասած երկիրներուն մէջ:
Որքանով կարելի է հարաւէն եւ արեւելքէն ներխուժող այդ յուսահատ զանգուածները արգիլել, մանաւանդ կենսոլորտի փոփոխութեան պատճառով վնասաբեր աղէտներուն, ժողովրդագրական աճին եւ աղքատութեան ահագնացող սպառնալիքներուն տակ:
Գաղթականներու՝ հետզհետէ անհակակշռելի ներհոսքը սկսած է արդէն յառաջ բերել Եւրոպական Միութեան տարբեր երկիրներու մէջ ազգայնականութեան եւ արմատական գաղափարախօսութեան զգալի աճ մը, որ կրնայ վերջապէս յանգիլ միութեան պառակտման եւ տկարացման:
Վերադառնալով Եւրոպայի սիրտին մէջ տեղի ունեցող արհաւիրքին, նախկին արեւելք-արեւմուտք բաժանարար երկաթեայ վարագոյրին փոխարէն, այսօր կայ ռուս-ուքրանական ահեղ եւ կործանիչ պատերազմը, որ կը շարունակուի երկու տարիէ ի վեր եւ կը սպառնայ համաշխարհային ապահովութեան եւ միջուկային պատերազմի մը բռնկման:
Դժբախտաբար, վերջին 30 տարիներուն, Հայաստան մնացած էր այդ նախկին երկաթեայ վարագոյրին արեւելեան կողմը, իսկ փշաթելերը շարունակած էին մնալ Թուրքիոյ հետ սահմանի երկայնքին: Մնալով հիւսիսային գերտէրութեան ազդեցութեան գօտիին մէջ, կրեցինք անհաշիւ վնասներ, թէ՛ մարդկային, թէ՛ հողային. եթէ 20րդ դարու սկիզբը կորսնցուցած էինք աշխարհի բնականոն զարգացման հետ քայլ պահելու առիթը, 1991ի անկախութենէն ետք կորսնցուցինք նաեւ արեւմուտքի զարգացման մակարդակին հասնելու փորձի բոլոր առիթներէն: Հիմա, դարձեալ մեծ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու պարտադրանքին առջեւ կը գտնուինք եւ ճակատագրական որոշումներ պէտք է տանք: Մեր պատմութեան ճանապարհը շարունակելու բոլոր որոշումները յղի են վտանգներով եւ թակարդներով. անհրաժեշտ է երեւակայութիւն եւ վճռակամութիւն ունենալ՝ տեսնելու եւ տալու նուազագոյն վտանգներով որոշումներ, ի խնդիր մեր ազգային ապահովութեան երաշխաւորման եւ տնտեսութեան բարգաւաճման:
Որոշումներ պէ՛տք է տրուին՝ նախքան յաւելեալ փշաթելերու ետին յայտնուիլը: