Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք, Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Պըրրիին այցելեց՝ ցաւակցութիւն յայտնելու համար «Ամալ» շարժումի շարքերուն մէջ արձանագրուած նահատակներուն համար եւ զօրակցութիւն յայտնելու հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն:
Ժոմպլաթ մաղթեց, որ կարելի ըլլայ հատել ատելութեան պատերը եւ յանգիլ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց վերադառնալու 1949ի զինադուլին: «Եթէ մանրամասնօրէն կարդանք` լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն (զինադուլը – ԽՄԲ.) կը պարտադրէ սահմանային ապազինեալ յստակ շրջան մը: Այս մէկը կրնայ ըլլալ սկիզբ մը», ըսաւ ան:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ուղղակիօրէն կապ ունի՞ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի պատերազմին, Ժոմպլաթ ըսաւ. «Այդ մասին ոչինչ լսած եմ. նախագահական ընտրութեան թղթածրարը լիբանանեան թղթածրար է, իսկ երկխօսութիւնը մերժող կողմերը սխալ ընթացքի մէջ են եւ ոչ թէ մենք»: