Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է Իսրայէլի դէմ նոր քայլեր որդեգրել` նշելով, որ թրքական օդուժը ուզած էր մասնակցիլ Կազայի վրայ օժանդակութիւններ նետելու գործողութեան, սակայն անոր դիմումը, «որ յորդանանեան իշխանութիւններուն կողմէ ողջունուեցաւ, Իսրայէլի կողմէ մերժուեցաւ»: Այս մասին հաղորդեց «Ճազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
«Որոշեցինք Իսրայէլի դէմ շարք մը նոր քայլեր որդեգրել», ըսաւ Ֆիտան` նշելով, որ «Կազայի սովահար բնակիչներուն» օգնութիւնը մերժելու «որեւէ պատրուակ» չկայ:
Ֆիտան յայտնեց, որ Կազայի համար ծովու եւ օդի ճամբով Եգիպտոս ուղարկած օժանդակութիւնները կ՛անցնին 42 հազար թոն ծանրութեան սահմանը, եւ Թուրքիա ցամաքային ճամբով դէպի Կազա ամէնէն շատ օժանդակութիւններ առաքած երկու երկիրներէն մէկն է:
Թուրքիա Իսրայէլի դէմ 54 ապրանքներու, ներառեալ օդանաւերու վառելանիւթի, շինարարական երկաթի, ողորկ պողպատի, մարմարի եւ սերամիքի արտածումները սահմանափակող որոշումը որդեգրեց:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտնեց, որ Թուրքիա դէպի Իսրայէլ իր արտածումները սահմանափակելու որոշումով «միակողմանի կերպով ոտնահարեց» երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական համաձայնութիւնները` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պիտի հակադարձէ սահմանափակումներ հաստատելով Թուրքիայէն եկող ապրանքներուն վրայ:
Քաց աւելցուց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան «անգամ մը եւս թուրք ժողովուրդի տնտեսական շահերը կը զոհէ «Համաս»ին աջակցելու համար: «Մենք մեր կարգին նոյնպիսի քայլով պիտի հակադարձենք», ըսաւ Քաց: