
Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմզ Օ՛Պրայըն, խօսելով Պրիւքսէլի մէջ 5 Ապրիլին տեղի ունեցած եռակողմ ժողովի արդիւնքներուն մասին՝ հաստատեց, որ անիկա նուիրուած է Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներուն, «բայց մենք, անշուշտ, կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանին՝ շարունակելու ճամբան դէպի խաղաղութիւն եւ փորձելու Ատրպէյճանի հետ վերջնական համաձայնութեան հասնելու»։
«Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը տարածաշրջանային ապահովութեան եւ բարգաւաճման երաշխաւորման լաւագոյն միջոցն է: Ատիկա յատկապէս կարելիութիւն պիտի տայ բանալու առեւտուրի նոր ուղիներ Միջերկրական ծովու տարածաշրջանէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա», ըսաւ Օ’Պրայըն։
Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստան կ՛ուսումնասիրեն քաղաքացիական միջուկային ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները։ «Եւրոպական Միութիւնը արդէն սկսած է սերտ համագործակցութեան՝ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող միջուկային ուժանիւթի աղբիւրներու ապահովութեան եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ: Եւ այդ համագործակցութիւնը կ՛ընդարձակուի: Հայաստան նաեւ կարեւոր երկիր է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական միջուկային համագործակցութեան նախագիծերուն համար», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին։
Պրիւքսէլի եռակողմ հանդիպումին նկատմամբ Ատրպէյճանի քննադատութիւններուն անդրադառնալով՝ Օ’Պրայըն ըսաւ, թէ չի կարծեր, որ «մենք պէտք է համոզենք կամ հաւաստիացումներ տանք Ատրպէյճանին այդ հանդիպումին մասին»։
Լրագրող մը հարցուց, որ Ատրպէյճանի մէջ ինչո՞ւ չեն հաւատար Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հաւաստիացումներուն. Օ’Պրայըն պատասխանեց՝ ըսելով, որ իրենք շատ յստակօրէն ըսած էին, թէ ի՛նչ մտադրութիւն ունին այս հանդիպումին, եւ իրենք իրենց ըսածը կատարած են: «Մենք շատ բաց ենք եւ կը քննարկենք մեր ծրագիրները տարածաշրջանի երկիրներուն հետ, որպէսզի անակնկալներ չըլլան: Կը կարծեմ, որ ձեր հարցումը պէտք է ուղղէք Ատրպէյճանին: Մեր տեսակէտը այն է, որ մենք կ՛աջակցինք այն ընտրութեան, զոր ըրած է Հայաստանի ժողովուրդը, եւ կը շարունակենք աջակցիլ այնպէս, որ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն հաստատուի տարածաշրջանին մէջ»։
Ռուսիոյ դերակատարութեան մասին խօսելով՝ Օ’Պրայըն ըսաւ. «Ռուսիա պատմական դերակատարութիւն ունի Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ, եւ յոյս ունիմ, որ անիկա կ՛աջակցի նաեւ Հայաստանի ընտրութեան` ընթանալու ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ տնտեսական բարգաւաճման ուղղութեամբ: Մենք գիտենք, որ ասիկա շարունակուող երկխօսութիւն է Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ, բայց մէկ բան շատ յստակ է, եւ անիկա Հայաստանի ժողովուրդին ընտրութիւնն է: Մենք կը կարծենք, որ պէտք է աջակցիլ ու յարգել այդ որոշումը»։