
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Աւանդական սովորութեան համաձայն, Ս. Զատիկին յաջորդող օրը, համայն հայութեան համար ննջեցելոց յիշատակման յատուկ օր է։ Արդարեւ, խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած էր քաղաքի հայկական գերեզմանատուներուն մէջ, յատկապէս՝ Պալըքլըի եւ Շիշլիի գերեզմանատուներուն մէջ։
Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ կար յաւելեալ ոգեւորութիւն մը, որովհետեւ Սահակ Բ. պատրիարք հայրը բացումը կը կատարէր Ս. Սարգիս մատրան հրապարակին վրայ տեղադրուած հանգուցեալ Մեսրոպ Բ. պատրիարք հօր կիսանդրիին։
Սամաթիոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը՝ ըսելով, թէ պարտք կը զգան մեր համայնքի մեծութիւններուն արժանի յարգանքը ցոյց տալու։ Ան նշեց, թէ Արամ արք. Աթէշեանի առաջարկով, Վազգէն Պարընի ճարտարապետութեամբ եւ Եթքին Պէրպէրօղլուի նուիրատուութեամբ ու յարգուած արուեստագէտ Էրոլ Սարաֆեանի ձեռամբ պատրաստուած է երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի կիսանդրին։
Ապա խօսք առաւ Սահակ պատրիարքը, որ ըսաւ. «Այսօր մեռելոց յիշատակ է։ Մենք գերեզման կու գանք, ոչ թէ փոշի դարձած աճիւններուն կամ մարմարեայ շիրիմներուն այցելելու, այլ՝ յարգանք ցուցաբերելու անոնց յիշատակին՝ յարութեան հաւատքով»։
Պատրիարքը հրաւիրեց Արամ արք. Աթէշեանը, երանաշնորհ պատրիարք հօր տիրամայրը՝ Մարի Մութաֆեանը եւ միասնաբար վերցուցին կիսանդրին ծածղկող սպիտակ շղարշը։
Ապա Սամաթիոյ Թաղային խորհուրդը պատրիարք հօր եւ տիրամօր ձեռամբ արծաթեայ յուշապնակներ նուիրեց ճարտարապետ Պարընին եւ բարերար Պէրպէրօղլուին։