
Ամէն տարի Ս. Զատիկին հաղորդուիլ Քրիստոսի հետ, ապա սիրոյ սեղանին շուրջ համախմբուիլ եւ վայելել ընկերային ուրախ, երգախառն ժամ մը… Ահա Փասատինայի Հայկական ճեմարանի նախանձախնդրութեամբ որդեգրուած երկու աւանդութիւնները, որոնք այս տարի տեղի ունեցան 27 Մարտին, ճեմարանի «Սեղանատուն» կոչուած սրահի մէջ: Այս բացառիկ առիթին համար, սրահը զարդարուած էր Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան մեծ նկարով, շքեղ գեղօրներով, ինչպէս նաեւ նուիրաբերուած հայկական հսկայական գորգով մը եւ դաշնակով մը:
Յայտագիրին սկիզբը, դպրոցի վարիչ Նորայր Տատուրեան բացատրեց, թէ տոհմիկ այս սեղանը եւ անոր համար կատարուած ամբողջ աշխատանքը հայեցի դաստիարակութեան անբաժան մասն է: Դպրոցը այսպիսի առիթներով իր աշակերտներուն կը փոխանցէ հայկական ինքնութիւն, հոգեւոր եւ ազգային արթնութիւն: Ան աւելցուց՝ ըսելով «Ճիշդ է, մեր դպրոցական համալիրը չունի եկեղեցի մը, սակայն, աշակերտնե՛ր, երբ դուք այս սրահին մէջ հաւատքով քով քովի կու գաք, հոգեւոր ընթերցումներ կը կատարէք եւ միաբերան կ՛աղօթէք, արդէն այս սրահը տաճար է մեզի համար»: Տատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի ուսուցչական կազմի նուիրեալ անդամներ Մատլէն Մանուկեանին, Եւա Մկրտիչեանին եւ Գարինա Գոզաքճեանին, որոնք աշակերտները լաւագոյն ձեւով պատրաստեցին այս իմաստալից առիթին համար:


Ս. Զատիկի տօնակատարութիւնը սկսաւ հոգեւոր յայտագիրով մը, զոր կատարելու համար հիւրաբար դպրոց եկած էր քաղաքիս Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քահանայ Պալթայեան: Յայտագիրը սկսաւ հոգեւոր երգերու միաբերան կատարումով: Աշակերտները հանդիսաւոր կերպով երգեցին Տէրունական աղօթքը, «Սուրբ Աստուած»ը եւ օրուան պատշաճ այլ աղօթքներ: 10րդ դասարանի աշակերտներ Շանթ Ճապուռեան եւ Էրիք Նահապետեան կատարեցին «Զղջում»ի (Խոստովանանք) ամբողջութեամբ արեւմտահայերէն աշխարհաբար ընթերցումը: Ապա 6րդէն մինչեւ 12րդ դասարան՝ դպրոցի բոլոր աշակերտները «Տէր, Ողորմեա՛» եւ «Գովեա՛ Երուսաղէմ» երգելով՝ սուրբ հաղորդութիւն ստացան:
Պօղոս քահանայ հայրը ներկաներուն օրուան պատգամը տուաւ: Իր հայրական եւ խրատական խօսքին մէջ ան պատանիներուն յորդորեց սիրել ծնողները: «Ով որ կը սիրէ իր մայրը եւ հայրը, կը սիրէ Աստուծոյ», ըսաւ ան: Ան աշակերտներուն յիշեցուց, թէ հայը իր վարքով, բարքով, հագուածքով, կեցուածքով, աղօթքով եւ երգով պէտք է տարբերի ուրիշներէն՝ իւրաքանչիւր հայորդի պարտաւոր է իր ազգը եւ քրիստոնէական հաւատքը բարձր պահել: Իր խօսքի աւարտին հոգեւոր հայրը շնորհաւորեց աշակերտները՝ իրենց պատրաստուածութեան համար:
Հոգեւոր պատգամին յաջորդեց սեղանի օրհնութիւնը եւ «Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ» աղօթքը: Ապա, աշակերտները վայելեցին դպրոցի Ծնողաց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած շքեղ եւ տոհմիկ սեղանը, որուն համար, ըստ դպրոցի սովորութեան, ամէն աշակերտ բերած էր ուտելիք մը:
Ապա եկաւ սպասուած պահը. դաշնակահարուհի Էլմիրա Սիմոնեանի առաջնորդութեամբ եւ 7րդ դասարանի աշակերտ Վարդան Ասատրեանի դհոլի աշխոյժ հարուածներով աշակերտները երգեցին հայկական սեղանի ցնծուն երգեր: Այս տարուան երգացանկին վրայ կային բոլորին համար սիրելի եղանակներ, ինչպէս՝ «Ոհ, Ինչ Քաղցր Բան», «Էսօր Ուրբաթ Է» եւ «Սեղանն Է Առատ»:
Օրը վերջացաւ սիրալիր զրոյցներով եւ իրարու Զատիկը շնորհաւորելով:
(Թղթակցութիւն՝ դպրոցէն)