
3 Ապրիլին, իսրայէլացիներ` Երուսաղէմի մէջ ոստիկանութեան աջակցութեամբ, մուտք գործեցին «Կովերու պարտէզ»ը։ Այս մասին կը պատմուի «Փրկենք Երուսաղէմի հայկական թաղամասը» նախաձեռնութեան «Էքս»ի էջին վրայ։
Ոստիկանութիւնը, առանց դատարանի որոշումի մը եւ առանց նախազգուշացման՝ ապօրինաբար հեռացուց տեղադրուած արգելապատնէշները։ Երուսաղէմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, որոնց կարգին հոգեւորականներուն, եւ «Կովերու պարտէզ» ներխուժած իսրայէլացիներուն ու ոստիկանութեան միջեւ քաշքշուք եղաւ։
Սեդրակ Պալեան «Էքս»ի իր էջին վրայ այս մասին տեսանիւթ մը հրապարակած է։
Երուսաղէմի հայ համայնքը ներկայացնող փաստաբանները խստօրէն դատապարտեցին Իսրայէլի ոստիկանութեան վարքագիծը, երբ անիկա կ՛օգնէ իսրայէլացի վերաբնակիչներուն ապօրինաբար` բռնի ճամբով մուտք գործելու Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասին մէջ գտնուող «Կովերու պարտէզ»ը` փորձելով հայերը ապօրինաբար դուրս մղել եւ փորձել փոխելու իրավիճակը տեղւոյն վրայ:
Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամէն։
«Միջազգային փաստաբանական խումբը կը շարունակէ իրաւական բոլոր կարելիութիւններով պաշտպանել Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի եւ հայ համայնքի շահերը: Մենք պատահածը կը նկատենք Երուսաղէմի հայկական թաղամասին եւ հայ համայնքին իրաւունքներու ու օրինական շահերու կոպիտ խախտում, որ ունի գոյաբանական նշանակութիւն», կ՛ըսուի Միջազգային փաստաբանական խումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: