Ատրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութեան ղեկավար զօրավար-գնդապետ Ալի Նակիեւ յայտնեց, որ այսօր Ատրպէյճանի կայունութեան եւ ապահովութեան սպառնացող վտանգներ կան:
«Համաշխարհային տարողութեամբ օրէ օր աճող Ատրպէյճանի հեղինակութիւնը, յաղթանակները քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ոլորտներուն մէջ, որոնց կարգին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան համար ստեղծուած բարենպաստ պայմանները գրաւած են արեւմտեան շարք մը երկիրներու ուշադրութիւնը», յայտարարեց ան՝ նշելով, թէ այդ երկիրները թէեւ «դիտորդական առաքելութիւն» կը կատարեն սահմանին, սակայն «անոնց իրական նպատակը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնիլը չէ»:
Ան յատկապէս յիշատակեց Ֆրանսան՝ նշելով, որ Փարիզ «միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած է Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման հարցով, սակայն իրականութեան մէջ միակողմանի դիրքորոշումով երկար տարիներ հովանաւորած է Հայաստանը եւ անոր ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերած»:
Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու փոխարէն, ըստ Նակիեւի, Ֆրանսա զէնք եւ զինամթերք կը մատակարարէ Հայաստանին: «Ֆրանսա այնտեղ իր ռազմական առաքելութիւնը կը ներդրէ, Հայաստանը դարձեալ կը դրդէ պատերազմի՝ փորձելով կեանքի կոչել Հարաւային Կովկասը մարտադաշտի վերածելու իր ծրագիրը»:
«Ձեռնարկուած են եւ կը ձեռնարկուին համապատասխան քայլերու երկրի ապահովութեան սպառնացող վտանգները կանխելու համար», յայտնեց Նակիեւ՝ աւելցնելով, որ գետնի վրայ իրավիճակը միշտ վերահսկելի է:
«Մենք միշտ պէտք է պատրաստ ըլլանք նոր մարտահրաւէրներու, մեր տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող բացասական գործընթացներու տարբեր բեմագրութիւններու եւ չկորսնցնենք զգօնութիւնը ապահովութեան հարցերուն մէջջ, եզրափակեց Նակիեւ: