
Կազայի մէջ պատերազմը սկսելէն 5 ամիս ետք, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Երկուշաբթի օր որդեգրեց այդ առնչութեամբ իր առաջին որոշումը, որ Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու կոչ կ՛ուղղէ:
Ապահովութեան խորհուրդի ոչ-մնայուն անդամներուն կողմէ ներկայացուած նախագիծին թեր քուէարկեցին խորհուրդի 15 անդամներէն 14ը. Միացեալ Նահանգները ձեռնպահ մնաց:
Ռուսիա քուէարկութենէն առաջ առաջարկեց բարեփոխում կատարել եւ նախագիծին մէջ զինադադարի ակնարկին վրայ «մնայուն» բառը աւելցնել, սակայն բարեփոխման շուրջ համաձայնութիւն չգոյացաւ եւ որդեգրուեցաւ նախագիծին բնօրինակը:
Ապահովութեան խորհուրդը իր որոշումով նաեւ կոչ ուղղեց` անմիջապէս եւ առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակելու բոլոր գերիները` նշելով, որ Կազա մուտք գործող օժանդակութիւնները պէտք է աւելցնել` պահանջելով վերցնել անոնց յանձնման բոլոր խոչընդոտները:
«Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը բացարձակապէս որեւէ ազդեցութիւն չունի Իսրայէլի եւ «Համաս»ը հետապնդելու՝ անոր կարողութեան վրայ», յայտնեց Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հաղորդակցութիւններու խորհրդատու Ճան Քըրպի:
«Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը մեզի համար որեւէ գործնական կարեւորութիւն չունի: Միշտ պիտի ընենք այն, ինչ որ ի շահ մեր անվտանգութեան է», իր կարգին յայտնեց Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորհուրդի որոշումը «դրական, սակայն ոչ բաւարար քայլ» որակեց:
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Կազայի մէջ Ռամատանի ընթացքին անմիջական զինադադարի հաստատման կոչ ուղղող ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը` նշելով. «Կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին թեքնիք խումբերու մակարդակով:
Բանակցութիւններուն յստակ ժամանակացոյց մը չկայ, սակայն մեր գործընկերներուն հետ կը շարունակենք միջնորդական ջանքերը»: Նախարարութիւնը մաղթեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը դրական կերպով անդրադառնայ բանակցութիւններուն վրայ:
Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱի այլընտրանքը գոյութիւն չունի, ոչ միայն Կազայի մէջ, այլ այն բոլոր շրջաններուն մէջ, ուր գործակալութիւնը կը գործէ:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան յայտնեց, որ Եգիպտոսի եւ Քաթարի միջնորդութեամբ բանակցութիւնները «կը շարունակուին», եւ Իսրայէլի արտաքին հետախուզութեան` «Մոսատ»ի պաշտօնատարները տակաւին Տոհա կը գտնուին` քննարկումներ կատարելու համար:
Աղբիւրը նշեց, որ «Մոսատ»էն փոքր խումբ մը միայն վերադարձած է Իսրայէլ` բանակցութիւններու զարգացումներուն շուրջ խորհրդակցութիւն կատարելու համար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Երկուշաբթի օր Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումին ընթացքին զգուշացուց Ռաֆահ ներխուժման վտանգներէն:
«Պլինքըն վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը «Համաս»ը, ներառեալ Ռաֆահի մէջ, պարտութեան մատնելու երաշխաւորման, սակայն վերահաստատեց Ռաֆահի մէջ լայնածաւալ ցամաքային գործողութեան մը իր ընդդիմութիւնը», կ՛ըսէ Միլըր:
Նշենք, որ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որոշումը որդեգրուելէն ետք, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ջնջեց իսրայէլեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Ուաշինկթըն այցելութիւնը: Սպիտակ տունը Նեթանիահուի որոշումին նկատմամբ «յուսախաբութիւն» յայտնեց, իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զայն նկատեց «անակնկալ եւ ցաւալի» որոշում մը:
Նեթանիահու նախքան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քուէարկութիւնը սպառնաց՝ ըսելով. «Եթէ Ամերիկա Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթօ չկիրարկէ, պիտի ջնջեմ իսրայէլեան պատուիրակութեան Ուաշինկթըն այցելութիւնը»:
Համասի ղեկավարած կառավարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտնեց, որ 18 անձեր մահացան, երբ անոնք կը փորձէին օդանաւերու կողմէ ծով եւ ցամաք նետուած օժանդակութիւնները հաւաքել: Անոնցմէ 12ը խեղդուեցան, իսկ 6 ուրիշներ հրմշտուքի պատճառով մահացան:
«Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ մեկնեցաւ Թեհրան` բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ներառեալ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ հանդիպումներ ունենալու համար: