
Շաբաթ, 23 Մարտին, Փասատինա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ վարժարանը մեծ ցնծութեամբ տօնեց Յարութեան տօնը: Այդ օրը, դպրոցի սաներու, ծնողներու եւ հիւրերու մեծ բազմութիւնը աղօթքով, երգով, խաղով ու պարով դիմաւորեցին Ս. Զատիկը:
Փեթակ դպրոցին մէջ Ս. Յարութեան տօնը նշելու պատրաստութիւնները սկսան 40 օրեր առաջ՝ Բարեկենդանի շաբթուան ընթացքին: Դպրոցին սանիկները նախ սորվեցան, թէ ի՛նչ պիտի տօնեն եւ ստացան իրենց տարիքին համապատասխան պարզունակ հոգեւոր դաստիարակութիւն: Այդ ժամանակաշրջանին, աշակերտները սորվեցան նաեւ Ս. Յարութեան պատշաճ հոգեւոր երգեր, ինչպէս՝ «Սուրբ Աստուած»ի Յարութեան տարբերակը: Աշակերտները նաեւ սորվեցան գարնան եւ Զատկուան նուիրուած մանկական, աշխարհիկ երգեր: Իսկ դպրոցին երկու օգնական պատանուհիները սերտեցին Զղջումի (խոստովանանք) աշխարհաբար հայերէն ամբողջական ընթերցանութիւնը:
Տօնակատարութեան հոգեւոր բաժինը տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Աշակերտները վառեցին մոմեր, բեմին վրայ ոգեւորութեամբ երգեցին իրենց պատրաստած հոգեւոր երգերը, ապա ամբողջ սրահը միաբերան երգեց Տէրունական աղօթքը: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս աւագ քահանայ Փեթոյեան տուաւ իր աւանդական պատկերաւոր, դիւրըմբռնելի պատգամը: Ան աշակերտներուն բացատրեց, թէ եթէ մէկը ստացած է ապրանք մը կամ ծառայութիւն մը, պէտք է փոխհատուցէ զայն: Հետեւաբար, պէտք չէ ուրիշին պարտական մնալ: Տէր Փեթոյեան նաեւ ըսաւ, որ մենք կեանք ստացած ենք հայր Աստուծմէ, ապա ան հարցուց, թէ ինչպէ՛ս փոխհատուցել այս պարգեւը: Աշակերտները պատասխանեցին, որ պէտք է ապրիլ Քրիստոսի հետ եւ հաւատարիմ մնալ անոր պատուիրաններուն: Ապա, դպրոցի կամաւոր օժանդակուհիներ Էլէն Վարդանեան եւ Տերեւ Տատուրեան ընթերցեցին Զղջումի աշխարհաբար ամբողջական գրուածքը, որմէ ետք բոլոր աշակերտները եւ ներկաները ստացան սուրբ Հաղորդութիւնը:



Այդ միջոցին, դպրոցի ուսուցչուհի եւ հոգեւոր երգերու կատարող Ազնիւ Սէրայտարեան մեներգեց «Գովեա՛ Երուսաղէմ»ը եւ այլ շարականներ:
Օրուան աշխարհիկ բաժինը տեղի ունեցաւ եկեղեցապատկան համալիրի «Տունայեանց» սրահին մէջ: Մանկապարտէզի սանիկները իրենց ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանի առաջնորդութեամբ երգեցին գարնան եւ Զատկուան նուիրուած մանկական զուարթ երգեր եւ արտասանեցին ոտանաւորներ: Ապա, ոստոստելով եւ պարելով սրահը մտաւ գարնան ջերմ օրերը աւետող «նապաստակ քոյրիկը»՝ բոլորին ծիծաղ եւ զարմանք պատճառելով: Այս համակրելի հիւրը աշակերտներուն բաժնեց գոյնզգոյն հաւկիթներ, պարեց անոնց հետ եւ զանոնք հրաւիրեց իր գիրկը նստած՝ լուսանկարուելու:
Յայտագիրը աւարտեցաւ ընտանեկան սիրալիր զրոյցներով, որոնք տեղի կ՛ունենային ծնողներու կողմէ նուիրուած ախորժաբեր սեղանին շուրջ:
Փեթակ դպրոցի աշակերտները այժմ կը պատրաստուին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման, Համբարձման տօնին եւ տարեվերջի հանդէսին:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցը 4-14 տարեկան հայորդիներուն կու տայ հայեցի դաստիարակութիւն՝ թէ՛ հայոց լեզուն կը սորվեցնէ եւ թէ ազգային ու հոգեւոր ձեռնարկներու միջոցով կը կերտէ հայկական ինքնութիւն: Դպրոցին արձանագրութիւնը միշտ բաց է: Պատգամ ձգել 1626 660 9443 թիւին, կամ գրել հասցէին:
(Հաղորդագրութիւնը՝ դպրոցէն)